ՄՈՍԿՈՒԱ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Հինգշաբթի, 7 Փետրուարին հանդիպեցաւ Ռուսիոյ ռազմական արհեստագիտութեանց համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկաեւի հետ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ հայ-ռուսական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան ընթացիկ ծրագիրները եւ հեռակայ ուղենիշերը: