Դանիոյ Հելսինքի համայնքի աւագ դպրոցի 90 աշակերտներուն համար տրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յատուկ դասընթացք մը, որուն նախաձեռնած էր դպրոցի ուսուցիչ Մարթին Թորպէորն Քնուտսըն (Martin Thorbjorn Knudsen)՝ Դանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ:
Ըստ Հայաստանի լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններուն՝ դասընթացքի մեկնարկին Մարթին Քնուտսըն աշակերտներուն ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը՝ մասնաւորապէս խօսելով երիտթուրքերուն կողմէ հայերու ծրագրային ոչնչացման դրդապատճառներուն եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին: Քնուտսըն անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւողական ժխտման քաղաքականութեան եւ ցեղասպանութիւններու գիտակցման ու ընդունման կարեւորութեան՝ իբրեւ ապագայ սերունդներու երկխօսութեան ու համերաշխութեան երաշխիք:
Դասընթացքին, իբրեւ հիմնական դասախօսներ հրաւիրուած էին դանիացի պատմաբան եւ համեմատական ցեղասպանագիտութեան մասնագէտ Մաթիաս Պէորնլունտը (Matthias Bjornlund) եւ Դանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանը: Մաթիաս Պէորնլունտ հեղինակն է «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Սկիզբէն Մինչեւ Վերջ» գիրքին, որ տպագրուած է դանիերէնով, 2013ին եւ լայն արձագանգի արժանացած է Դանիոյ հասարակական, քաղաքական եւ գիտական շրջանակներու մէջ: