«Պիտի Աշխատիմ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Հասցնել Այն Մակարդակին Որ Անիկա Աշխուժացնէ Երկրին Տնտեսութիւնը»
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Վանայ Ձայն»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան, իր ստանձնած պատասխանատուութեան, երկրին տնտեսական կացութիւնը փրկելու հսկայ պատասխանատուութեան, ժողովուրդին կարիքները հոգալու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի յարաբերութիւններուն:
«Ճիշդ է, որ կառավարութեան դիմաց լուրջ մարտահրաւէրներ կան, սակայն զբօսաշրջութեան նախարարութեան մասին կրնամ աւելի մեծ յոյսերով խօսիլ: Հաւանաբար նախորդ երկու տարիներու աշխատանքս եթէ սկսնակ նախարարի աշխատանք էր, հիմա կրնամ ըսել, թէ նախարարութիւնը կրցաւ իրագործումներ արձանագրել եւ որոշ աշխուժութեամբ գործել: Երբ նոյն կուսակցութեան եւ կառավարութիւնը կազմող պատասխանատուներուն կողմէ կը վերանշանակուիս, ապա ատիկա կը նշանակէ, թէ քեզմէ պահանջուածը աւելին է: Այս մարտահրաւէրը զիս չի վախցներ, որովհետեւ յստակ պատկերացում մը ունիմ, որ յաջորդ փուլին ի՛նչ ձեւով պիտի գործենք զբօսաշրջութեան մարզին մէջ», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ անոր ներկայացուցիչին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որոնց վստահութեան շնորհիւ ինք դարձեալ նախարար նշանակուեցաւ: «Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որ մեծ ճիգեր ի գործ դրաւ, որպէսզի մենք զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ստանձնենք, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան իրաւունքը պահպանուի: Կ՛ողջունեմ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, որ իր ցուցմունքներով միշտ կը քաջալերէ աշխատանքը եւ անձամբ կը հետեւի զբօսաշրջութեան մարզի աշխատանքին: Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, թէ նախագահ Աուն ամէն ամիս կը կապուի՝ հարցնելու նախարարութեան աշխատանքին եւ արձանագրուած զարգացումներուն մասին», յայտնեց ան:
Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլին՝ կառավարութեան կազմութեան իմաստով անոր թափած ճիգերուն համար:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ իր ստանձնած պատասխանատուութեան եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որ զբօսաշրջական բոլոր չափանիշները ունեցող Լիբանանին պէտք եղած շուկայադրումը ապահովուի եւ զբօսաշրջութեան մարզը հասնի այն մակարդակին, որ անիկա աշխուժացնէ երկրին տնտեսութիւնը:
Ան նշեց, որ ինք նախարարութեան մէջ կ՛աշխատի քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելով եւ ի խնդիր Լիբանանի գերագոյն շահերուն ապահովումին: «Կը հաստատեմ, որ աշխատանքը նոյն ձեւով պիտի շարունակուի, եւ կ՛ակնկալեմ, որ կառավարութիւնը գործակցի զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ, որովհետեւ կան որոշումներ, որոնք պէտք է կառավարութեան կողմէ տրուին, նախքան կառավարութեան աշխատանքի սկսիլը», յայտնեց ան:
Նախարար Կիտանեան նախատեսեց, որ կառավարութեան մէջ համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնը առկայ ըլլան, եւ նախագահ Աունի իշխանութեան օրով արձանագրուին շարք մը նուաճումներ:
Ան նշեց, որ եթէ որեւէ պարագայի այն տպաւորութիւնը ստեղծուի, թէ ոմանք կը փորձեն իրագործում մը ձախողցնել, ապա պէտք է յստակ որոշում տրուի եւ սանձուի այդ փորձը: «Ի վերջոյ մենք պաշտօն ստացած ենք ծառայելու համար ժողովուրդին: Եթէ ձախողինք մեր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ, ժողովուրդը ինքնաբուխ կերպով պէտք է յայտնէ իր դժգոհութիւնը: Երկրին մէջ այլեւս իրաւունք չունինք ելեկտրականութեան, ջուրի եւ աղբի մասին խօսելու, որովհետեւ անոնք քաղաքացիին տարրական կարիքներն են, որոնք պէտք է լիովին բաւարարուին», յայտնեց ան:
Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ անիկա որոշ չափով նման պիտի ըլլայ նախորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին:
Սուրիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Ա. Կիտանեան նշեց, որ Սուրիա պիտի վերադառնայ Արաբական լիկա, որովհետեւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ անիկա կրցած է տապալել ահաբեկչութիւնը եւ յաղթական դուրս գալ, ինչ որ արաբական կարգ մը երկիրները մղած է իրենց յարաբերութիւնները վերականգնելու անոր հետ: «Հետեւաբար, Լիբանան, որ Սուրիոյ դրացի երկիր է, եւ երկրին գրեթէ բոլոր սահմանները անոր կից կը գտնուին, հիմնական տարակարծութիւններ պէտք չէ ունենայ Սուրիոյ հետ: Իսկ եթէ նաեւ կան հիմնական հարցեր, ապա երկխօսութեամբ, հանդիպումներով եւ խորհրդակցութեամբ կարելի է անոնց լուծումներ գտնել: Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ, որոնք պէտք է պահպանուին եւ իրենց բնականոն վիճակին վերադառնան՝ երկու պետութիւններուն միջեւ: Ի վերջոյ կան երկու երկիրներուն միացեալ շահերը, որոնք պէտք է պաշտպանուին», ըսաւ Ա. Կիտանեան:
Լիբանանը իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ կառավարութեան գործունէութիւնը այդ իմաստով շատ կարեւոր պէտք է ըլլայ՝ ընդգծելով, որ երկիրը իր այս վիճակէն փրկելը անկարելի չէ, սակայն պէտք է սեղմումներու դիմենք եւ սերտուած ծրագիրներ գործադրելով կատարենք այդ բոլորը: Այս ուղղութեամբ ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթի պեղումները արդիւնաւէտ ըլլան»: