ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, կէս գիշերին, ոտքէն գլուխ սեւազգեստ անյայտ անձ մը, թրքական տասնեակ դրօշակներ կախեց Լոս Անճելըսի տարածքին գտնուող հայկական երկու դպրոցներու դարպասներուն վրայ։
Լուրը կրակի արագութեամբ տարածուեցաւ հայկական համայնքին մէջ, որովհետեւ պատահածը աննախադէպ իրադարձութիւն էր: Նկատի առնելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայերու եւ թուրքերու միջեւ գոյութիւն ունեցող վաղեմի թշնամանքը՝ բնական էր, որ հայերու եւ պետական պաշտօնեաներու մեծ մասը դրօշակներու միջադէպը վերագրէ մէկ կամ քանի մը թուրք անձերու, կատարուածը անուանելով ատելութեան հողի վրայ իրականացած յանցագործութիւն։
Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի (Էնսինօ) եւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի (Canoga Park) տնօրէնները հաղորդեցին, որ դպրոցներու սահմանագիծի տարածքին տեղադրուած տեսախցիկները արձանագրած են սեւ հագուստով անձնաւորութիւն մը, որ թրքական դրօշակներ կը կախէ երկու վարժարաններու դարպասներուն, իսկ Ֆերահեան դպրոցի պարագային նաեւ ներսը՝ աստիճաններու բազրիքներուն վրայ:
Հայկական համայնքը շատ արագ արձագանգեց միջադէպին: Անյապաղ կազմակերպուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբին կողմէ, մասնակցութեամբ հայկական եւ ոչ-հայկական լրատուական տասնեակ միջոցներու եւ քանի մը պատկերասփիւռի ընկերութիւններու, որոնք դրօշակի միջադէպը լուսաբանեցին իրենց երեկոյեան լուրերուն ընդմէջէն: Անոնք բոլորն ալ անդրադարձան Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան՝ իբրեւ հայկական վարժարաններու մէջ ատելութեան հողի վրայ իրականացած նողկալի յանցագործութեան դրդապատճառ:
Առաւել քան տասնեակ մը պետական պաշտօնեաներ դատապարտեցին հայկական դպրոցներու վրայ յարձակումը.
– Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն,
– Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ,
– Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն,
– Քալիֆորնիա նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ,
– Քալիֆորնիա նահանգի ծերակուտական Հենրի Սթըրն,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ճեսի Կապրիէլ,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան (Ֆերահեան դպրոցի շրջանաւարտ),
– Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու վարչութեան անդամ Քեթրին Պարկըր,
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի,
– Լոս Անճելըսի դատախազ Մայք Ֆէյեր,
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պապ Պլումընֆիլտ,
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհրդի անդամ Փօլ Քորեց,
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան,
– Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Սքաթ Շմերըլսըն,
– Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ոստիկանութեան բաժանմունքը,
– Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան բաժանմունքը:
Այս պաշտօնեաներէն մէկ քանին մասնակցեցան անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին եւ խստօրէն դատապարտեցին դպրոցներու վրայ յարձակումը: Քոնկրեսական Շըրմըն կոչ ըրաւ՝ «Էֆ.Պի.Այ.»ին (FBI)՝ միջադէպը հետապնդելու՝ իբրեւ ատելութեան հիմքով յանցագործութիւն: Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորեց միջադէպը բնութագրեց «համարժէք հրէական դպրոցներու վրայ նացիական «սուասթիքա» դնելուն»:
Երկու դպրոցներուն տնօրէնները աշակերտական հաւաքներ կազմակերպեցին՝ վստահեցնելով, որ բոլոր անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցները ձեռնարկուած են՝ աշակերտներու անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: Ֆերահեան դպրոցի սաները երթ կազմակերպեցին դպրոցի մերձակայքը՝ բողոքելով թրքական բարբարոսութեան դէմ՝ ձեռքերնին բռնած հայոց եռագոյն դրօշակներ: Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան բաժանմունքը աշխուժացուց իր գիշերապահութեան ծառայութիւնը տարածքի բոլոր հայկական վարժարաններուն մէջ՝ կանխելու համար նման միջադէպներու կրկնութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկու նախարարութիւններ հանդէս եկան յայտարարութիւններով՝ դատապարտելով Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցներու դէմ կատարուած յարձակումները: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ հայկական երկու դպրոցներուն մէջ թրքական դրօշակներ կախելը «մեծ ցնցում կը յառաջացնէ, որովհետեւ այս օրերուն ատելութեան այսպիսի դրսեւորումներ ուղղակի անընդունելի եւ անհասկնալի են քաղաքակիրթ աշխարհի համար»: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը եւս դատապարտեց ատելութեան հիմքով յանցագործութիւնը հայկական վարժարաններու դէմ՝ «որուն միջոցաւ մտադրուած էին վարկաբեկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Սփիւռքի նախարարը ըսաւ. «Խստօրէն կը դատապարտենք ատելութեան, անհանդուրժողականութեան եւ անօրինութեան հողի վրայ իրականացուող բոլոր արարքները»:
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան (նստավայրը՝ Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաք) եւս դատապարտեց երկու վարժարաններուն դէմ յարձակումը. «Հիւպատոսութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ հայկական կրթական հաստատութիւններու եւ Լոս Անճելըսի ամբողջ հայ համայնքին դէմ ուղղուած ատելութեան դրսեւորումները եւ այս հարցով սատար կը կանգնի լոսանճելըսահայ համայնքի դրսեւորած միասնական կեցուածքին»: Նաեւ շարք մը հայկական կազմակերպութիւններ դատապարտեցին այս յարձակումը: Աւելին. Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի ամերիկեան միութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ բարբարոսութիւնը անուանելով «մոլեռանդութեան նողկալի գործողութիւն, որ աշակերտներուն եւ ամբողջ համայնքին մօտ վախի զգացում յառաջացնելու նպատակ կը հետապնդէ: Մեր երկու համայնքներուն համար թրքական դրօշակը աւելին է, քան պարզ դրօշակ մը: Անիկա ճնշման եւ ցեղասպանութեան խորհրդանիշ է, միլիոնաւոր սպաննուածներու, իրենց ընտանիքներէն խլուած մանուկներու, մեր նախնիներու հալածանքի տարիներու խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ մութ պատմութեան բացայայտ, համակարգուած ժխտման խորհրդանիշ, որ վէրքեր բացած է, եւ որոնք դեռ բաց են մինչեւ այսօր»:
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը միջադէպը անուանեց «զրպարտութեան քարոզարշաւ ընդդէմ Թուրքիոյ»: Հիւպատոսութիւնը նաեւ իր «Ֆէյսպուքի էջին վրայ տեղադրած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Թուրք-ամերիկեան միութեան (ATASC) յայտարարութիւնը՝ պնդելով. «Ամերիկայի թրքական համայնքը մասնակից չէ եղած Լոս Անճելըսի մէջ այսօր բեմադրուած, կանխամտածուած սադրանքին»: Բարբարոսութիւնը անուանելով «այսօր բեմադրուած, կանխամտածուած սադրանք», ATASC անամօթաբար կ՛ենթադրէ, որ այս պիղծ գործողութիւնը հայերը իրականացուցած են իրենց սեփական վարժարաններուն դէմ…
Սա նոյն անհիմն մեղադրանքն է, որ կատարուած է որոշ թուրքերու կողմէ՝ ընկերային ցանցերու մէջ. բան մը, որ աւելի եւս զայրացուց հայ համայնքը: Զարմանալի չէ, որ թրքական միութիւնը եւ թրքական հիւպատոսութիւնը կը ժխտեն թուրքերու մասնակցութիւնը այս միջադէպին: Ի վերջոյ, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ 1.5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը, ուրեմն եւ կրնայ դիւրութեամբ հերքել դրօշակին միջադէպը: Ո՛չ թրքական միութիւնը, ոչ ալ թրքական հիւպատոսութիւնը կրնար գիտնալ, թէ ոեւէ թուրք ներգրաւուա՞ծ է այս յարձակման մէջ կամ ոչ:
Լոս Անճելըսի հայկական համայնքային կազմակերպութիւնները, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ Հայաստանի երկու նախարարները գործեցին շատ արագ եւ ըստ պատշաճի՝ դատապարտելով երկու հայկական դպրոցներուն վրայ կատարուած յարձակումը: Առաւել քան տասնեակ մը աւելի պետական պաշտօնեաներու զօրակցական ուղերձները համայնքը ներշնչեցին այն վստահութեամբ, որ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային կառավարութիւնները, իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներու հետ համատեղ, լրջօրէն կը հետապնդեն բարբարոսութիւն գործող կասկածեալները: Նման զօրակցութիւն յոյս կը ներշնչէ՝ տեղական հայկական վարժարաններու մէջ հետագայ յարձակումները եւ անոնց սրումը կանխելու առումով: Այս հանգամանքներուն բերումով, անխոհեմ եւ անտեղի կ՛ըլլայ հայերու կողմէ այս հարցը իրենց ձեռքով լուծելը՝ հակայարձակում գործելով թրքական թիրախներու դէմ: Բարեբախտաբար իրաւապահ մարմինները մասնագէտ կերպով կը զբաղին այս միջադէպով: Անոնք պիտի հրապարակեն իրենց բացայայտումները անմիջապէս, երբ բացայայտեն յանցագործներու ինքնութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ