Քաթարի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն պիտի բացուի. նստավայրը պիտի ըլլայ երկրի մայրաքաղաք Տոհան: Համապատասխան որոշման նախագիծը ընդգրկուած էր կառավարութեան 6 Փետրուարի նիստի օրակարգին վրայ:
Դեսպանութեան ծախսը 192,584 տոլար է, որմէ 110,000 տոլարը յառաջիկայ 3 տարիներուն պիտի վճարէ քաթարեան կողմը, իսկ 82,584 տոլարը պիտի ֆինասնաւորուի Հայաստանի կողմէ: Նշեալ գումարով պիտի վճարուին դեսպանի եւ մէկ դիւանագէտի աշխատավարձը, դիւանագիտական ծառայութեան վերաբերող ծախսերու փոխհատուցումները, ինչպէս նաեւ դիւանագէտին բնակարանի վարձքը:
Քաթարեան կողմը պատրաստ է տրամադրել նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան համար տարածք եւ դեսպանին համար բնակարան եւ երկու ինքնաշարժներ:
Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ նկատի առնուած է Քաթարի հետ Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւնները, այդ երկրին բարձր կենսամակարդակը եւ ներդրումային կարելիութիւնները, վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ աճ արձանագրած առեւտրական շրջանառութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու թիւը:
«Որոշման ընդունումը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ քաղաքացիներու գործարար եւ աշխատանքային գործունէութեան խրախուսման, նաեւ նոր սկիզբ պիտի հանդիսանայ ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմամշակութային արժէքներու փոխճանաչման, երկկողմ համագործակցութեան շարք մը նոր ոլորտներու ուրուագծման եւ զարգացման», կ՛ըսուի հիմնաւորման մէջ: