ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի բարգաւաճման նպաստելու նպատակով հայ աշակարտներուն ճարտարագիտական բարձրորակ ուսում ապահովելու իր ջանքերուն մէջ, շնորհիւ իր նուիրատուներուն եւ անդամներուն, ինչպէս նաեւ համագործակցութեամբ յառաջացեալ ճարտարագիտութեանց UATE հիմնարկին հետ, վերջերս կարելի եղած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ճարտարագիտութեան 4 կեդրոններ հաստատել։
Գիւղական շրջաններու մէջ գործող 4 վարժարաններու մէջ հաստատուած նշեալ կեդրոնները կը գտնուին Հադրութի, Քաջարանի, Չորաթանի եւ Դիլիջանի մէջ։
Այս չորսը կու գան աւելնալու նախապէս Դարպասի եւ Ստեփանակերտի մէջ հաստատուած «Արմեթ Լեպզ» ճարտարագիտութեան կեդրոններուն վրայ, իսկ այս տարի կը ծրագրուի եւս երեք կեդրոններ իրականացնել։ Սոյն 9 կեդրոններուն համար Հայ կրթական հիմնարկութիւնը ցարդ տրամադրած է 77,000 տոլար։
Այս կերդոնները հաստատելու կողքին, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը Հայաստանի մէջ ճարտարագիտութեան եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան զարգացման նպատակով այլ նախաձեռնութեանց եւս դիմած է։
Արդարեւ, անիկա Արցախի պետական համալսարանին մէջ հաստատած է Համակարգչային տեղեկատուական գիտութեանց մասնագիտութիւնը, միաժամանակ ամբողջական կրթանպաստներ տրամադրելով նշեալ նիւթերուն մէջ մասնագիտացող ուսանողներուն եւ համակարգիչներ կը տրամադրէ գիւղական վարժարաններուն եւ մարզումներ՝ ուսուցիչներուն։
«Իր նախաձեռնութիւններով եւ «ԱրմեթԼեպզ» կեդրոններով Հայ կրթական հիմնարկութիւնը նոր կարելիութիւններ կը բանայ գիւղական շրջաններու մէջ ապրող հայ աշակերտներուն առջեւ։
Անոնց մէջ կրնայ ըլլալ յաջորդ Պիլ Կէյթսը», կը յայտնէ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան անդամ Էլ Քապրալոֆ։
1950 թուականէն ի վեր, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հանդիսացած է հայ կրթական շարժման ողնասիւնը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Անիկա օգնութեան հասած է հազարաւոր հայ աշակերտներու ու բազմաթիւ դպ-րոցներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Անոր գերագոյն նպատակը միշտ եղած է հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի տարածումը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝
www.facebook.com/ArmenianEducationalFoundation կայքէջը: