Ժ. Չ.
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 23ին, Saint-Andre des Arts շարժանկարի սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Արամ Շահպազեանի «Մոսկվիչ, Իմ Սէր» (Moskvitch mon amour) ժապաւէնը: Բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են տեսնելով ուրիշ Հայաստան մը, շատ զարմանալի իրականութեան մը առջեւ պիտի յայտնուին, երբ դիտեն այս ֆիլմը, որովհետեւ հոն կը տեսնենք գիւղական, գաւառային եւ մոռցուած Հայաստանը: Հայաստանը, այնպէս ինչպէս որ է՛, ո՛չ արեւմտականացած Երեւանեան Հայաստանը, ա՛յն, ուր ժողովուրդը բոլորովին այլ պայմաններու տակ կ՛ապրի՝ տնտեսական, նիւթական, ընկերային եւ զարգացման ամէնէն տարրական միջավայրի մը մէջ: Կը ծանօթանանք տարեց մարդու մը եւ իր կնոջ՝ Արուսին: Համօն կ՛ապրի իրականութենէն ամբողջովին կտրուած սիրոյ պատմութիւն մը: Արուս շատ աւելի գործնական է, սակայն նոյնքան սիրահարած՝ խենթ ամուսնուն:
Ամուսինները Ատրպէյճանէն փախստական զոյգ մըն են, որոնք հաստատուած են Հայաստանի Մարտունիի շրջանը՝ Սեւանի ափին, համագիւղացիներէն մեկուսացած, գիւղէն հեռու տնակի մը մէջ թառած են, հաւանաբար ազերիներու լքած տուներէն մէկը, կը գոյատեւեն, ինչպէս բազմաթիւ տարեց անձեր՝ շնորհիւ արտասահմանէն իրենց զաւկին առաքած դրամական օգնութեան: Տարեց Համոյի երազը եղած է ունենալ «Մոսկվիչ» մակնիշի կարմիր ինքնաշարժ մը: Կ՛իմանայ, թէ գիւղին մէջ հատ մը ծախու է… Կը մտադրէ ձեռք ձգել կառքը եւ իր Արուսը պտոյտի տանիլ, երթալ մինչեւ Մոսկուա՝ Կարմիր հրապարակէն անցնիլ եւ յիշել Խրուշչեւի բացառիկ օրերը… Ուրեմն Համօն պէտք է գտնէ 800 տոլար, որպէսզի կարողանայ կարմիր «Մոսկվիչ»ը գնել… Կը բանայ հին ճամպրուկները, կը գտնէ սովետական շրջանի իր դրամատնային հաշիւը։ Ան, ձեւով մը կը հաւաքէ այդ գումարը, կանխավճար մը կը վճարէ եւ այդպիսով իրեն առիթ կը տրուի մէջը նստելու եւ շրջագայութեան փորձ մը ընելու:
Արուսին հետ «Մոսկվիչ»ի մէջ նստած, կը դառնայ ու կը դառնայ գիւղին մէջ՝ գիւղին ժողովուրդը իր ինքնաշարժին ետեւէն վազեցնելով: Բայց դժբախտաբար, այդ ընթացքին իր առջեւ կ՛ելլէ տարեց կին մը եւ… արկածը տեղի կ՛ունենայ:
Այնուհետեւ զոյգին կեանքը կը փոխուի: Արուս ստիպուած կ՛ըլլայ աշխատելու, որպէսզի կարելի ըլլայ արկածի ենթարկուած կնոջ բժշկութեան ծախսերը փակել: Իսկ «Մոսկվիչ»ը կը մնայ… չվաճառուած: Արուս կը մահանայ, երբ վերջապէս Համօ ձեռք կը ձգէ «Մոսկվիչ»ը…
Այս պատմութեան ետին կը ներկայացուի գիւղական կեանքը, գիւղացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները, անոնց դիրքորոշումը, կեցուածքը՝ Ատրպէյճանէն գաղթած զոյգին նկատմամբ: Ժապաւէնին մէջ կը տեսնենք կաշառակերութեան երեւոյթներ, այլամերժութեան տեսարաններ: Արխայիկ հայաստանեան վիճակը քիչ մը չափազանցուած ձեւով ընդգծուած է՝ ո՛չ հեռատեսիլ եւ ոչ ալ արդիական հեռաձայններ, երեխաները խաղալիքներ կը շինեն անգործածելի մեքենաներու մետաղեայ թափօններով: Նաեւ Սովետական Միութիւնը փառաբանող տեսարաններ ներառուած են ժապաւէնին մէջ, որուն կու տան խորհրդային շրջանի կարօտախտի շունչ մը:
Ֆիլմը ցուցադրուեցաւ Հիլտա Օհանի (գլխաւոր դերասանուհին է), Լեւոն Մինասեանի եւ Էսթեր Մաննի ներկայութեան: Վերջին երկուքը ժապաւէնի բեմագրութեան հեղինակներն են:
Առաջին անգամը չէ, որ «Մոսկվիչ»ի շարժագրողը՝ Արամ Շահպազեան, շարժանկարով կ՛անդրադառնայ տարեց Հայաստանին, միւս Հայաստանին: Անոր ոճը եւ տեսաշխարհը կը շարունակէ գործադրել սովետահայ դպրոցի շարժագրողներու կարգ մը պատմողական աւանդութիւնները:
Համօն եղած է իրական կենդանի տիպար մը, որուն օրագրութիւնը եւ հաշուապահական նօթերը կարելի էր ձեռք ձգել՝ ըստ բեմագիր Լեւոն Մինասեանի: Վերջինս այս մանրամասնութեան անդրադարձաւ «Մոսկվիչ»ի ծնունդին մասին հանրութեան հետ զրոյցին ընթացքին: Սակայն բեմագիրը անտեղի գտած է անոնց օգտագործումը: «Մոսկվիչ, իմ սէր»ը կը պատմէ, «Մոսկվիչ»էն մեկնած կը հնարէ սիրային չնաշխարհիկ պատմութիւն մը: Իսկական Համօն իր առեղծուածային տիպարով կը մնայ իր նօթերուն մէջ:
Այս ժապաւէնը տակաւին Հայաստանի մէջ չէ ցրուած, հակառակ անոր որ մասնակցած է աշնան տեղի ունեցած «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին եւ մրցանակ շահած է: Նկատելով Հայաստանի մէջ շարժանկարի ցուցադրութեան համակարգի չգոյութիւնը, ֆիլմին արտադրիչը՝ Արա Ափրիկեան, նախքան Հայաստանի մէջ ցրումը՝ Ֆրանսայի մէջ շուկայական ցուցադրութեան նախաձեռնած է: