ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն դժգոհ է Վենեզուելլայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյին նեցուկ կանգնելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կեցուածքէն։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն պարբերաբար կը ցնցուին արտաքին քաղաքականութեան մարզէն ներս տարակարծութիւններու հետեւանքով։ Ամերիկեան վարչակազմը արդէն իսկ յայտարարած է, թէ պիտի հետաքննէ Թուրքիոյ եւ Վենեզուելլայի միջեւ ոսկիի առեւտուրը, որոշելու համար, թէ Թուրքիա խախտա՞ծ է Ուաշինկթընի կողմէ Վենեզուելլայի դէմ որդեգրուած տնտեսական պատժամիջոցներուն պայմանները։ Եթէ յստականայ, որ պատժամիջոցներու շրջանցում եղած է, Ամերիկա կրնայ պատժական քայլերու դիմել Թուրքիոյ դէմ։
Ամերիկայի ելեւմուտքի նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարը նշեց. «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, զօրակցութիւն յայտնելով Մատուրոյին, յուսախաբութեան մատնեց Ամերիկան։ Մենք Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու իշխանութիւններուն տեղեկացուցած էինք, թէ չենք ճանչնար Մատուրոյի վարչակազմի օրինականութիւնը եւ Թուրքիայէն խնդրած էինք միանալ մեզի, սակայն Անգարայի իշխանութիւնը դրական պատասխան չտուաւ»։
Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Թուրքիա 2018ին զտելու եւ վերամշակելու համար մօտաւորապէս 900 միլիոն տոլար արժողութեամբ ոսկի ներածած է Վենեզուելլայէն։ Ամերիկեան կողմը կը պնդէ, թէ Թուրքիա, ոտնահարելով Իրանի դէմ հռչակուած ամերիկեան պատժամիջոցները, ներմուծուած ոսկիի մէկ մասը ուղարկած է Իրան։