ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ վերջին զարգացումներէն ետք, տեղւոյն քրտական ուժերը նոր դաշնակիցներ կը փնտռեն, պնդելով, որ անոնք այժմ դժուարին կացութեան մատնուած են։
«Քրտական ուժերը, կանխատեսելով որ Ամերիկա ուշ կամ կանուխ դուրս պիտի գայ Սուրիայէն, սկսաւ նոր դաշնակիցներ փնտռել։ Հիմա անոնք կը փորձեն Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու սկսիլ։ Փութին նախընթաց օր ըսաւ որ Մոսկուա կարեւորութիւն կու տայ Սուրիոյ կառավարութեան ու քիւրտերու միջեւ բանակցութիւններուն», ըսաւ Չաւուշօղլու։