ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անգամ մը եւս ծանր արտայայտութիւններով քննադատեց գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, միաժամանակ յայտարարելով, որ այդ կուսակցութիւնը գաղտնի դաշինք կնքած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ, քիւրտերու քուէները սիրաշահելու համար Մարտ 31ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն։
«Ժողովուրդս յիմար ու անխելք ժողովուրդ չէ, կը հասկնայ ձեր խաղը ու մի կարծէք, որ քիւրտերու քուէները «կանխաւ ապահովուած քուէներ» պիտի ըլլան ձեզի համար։ Արդիւնքը Մարտ 31ին պիտի տեսնենք», յայտարարեց Էրտողան։