– Հիւսիսային Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանները հարուածած ցուրտի ալիքը այս շաբթուան ընթացքին առնուազն 21 զոհ խլած է։
– Թուրքիոյ պետական տուեալներով, երկրին բնակչութեան թիւը 2018ին աւելցած է 1.2 միլիոնով, ընդհանուր թիւը հասցնելով 82.4 միլիոնի։
– Պաղեստինցի գաղթականներու հարցերով զբաղող ՄԱԿի գործակալութեան ղեկավար Փիեռ Քրահենպուլ յայտարարեց, որ գործակալութիւնը առնուազն 1.2 միլիառ տոլարի կարիքը ունի, այս տարուան ընթացքին պաղեստինցիներուն կենսական սպասարկութիւններուն տրամադրելու համար: Գործակալութիւնը ուտեստեղէն, ինչպէս նաեւ կրթական, առողջապահական եւ ընկերային սպասարկութիւններ կը տրամադրէ։
– Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան կողմէ Արարատի (Աղրը) քաղաքապետութեան թեկնածու ընտրուած Սավճը Սայան «ՀապերԹուրք» կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ քրտերէնի ուսուցումը ստիպողական պէտք է ըլլայ՝ աւելցնելով, որ աշակերտները անգլերէն սորվելու փոխարէն քրտերէն պէտք է սորվին։