ԱՆԳԱՐԱ.- «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 2018ին, Թուրքիայէն արտագաղթողներու թիւը 63 տոկոսով աճած է, 2017ի տուեալին հետ բաղդատած։
Խորհրդարանին մէջ այս տուալին անդրադառնալով, գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ Ութքու Չաքըրէօզեր նշեց, որ վերջին տուեալներով՝ 2018ին Թուրքիայէն հեռացած է մօտաւորապէս 113,000 հոգի։
«Մեկնողներուն վերաբերեալ հետազօտութիւնները հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ի յայտ կը բերեն։ Անոնց մեծամասնութիւնը 25-35 տարեկան է։ Զգալի մասը լաւ պայմաններու տակ ապրած է, կրթեալ ու մասնագիտութեան տէր անձեր են։ Օրինակ՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հոլանտա մեկնելու համար դիմում ներկայացուցած են առաւել քան 1000 բժիշկներ, ճարտարագէտներ ու հետազօտողներ», ըսաւ ան, արտահոսքին գլխաւոր պատճառը ժողովրդավարութեան վիճակին վատթարացումը նկատելով։
«Թուրքիա օրէնքի գերակայութեան ոլորտին մէջ, 113 երկիրներու մէջ 101րդն է, մամլոյ ազատութեան մարզին մէջ 180 երկիրներու մէջ՝ 157րդը, Խաղաղութեան միջազգային հիմնարկի հետազօտութիւններուն համաձայն՝ 163 երկիրներու մէջ՝ 149րդը։ Լրատուական մարզը ճնշումներու տակ է, քաղաքացիական հասարակութիւնը կ՛ահաբեկուի, կը թիրախաւորուի», յայտարարեց Չաքըրէօզեր, առաջարկելով յատուկ յանձնաժողով մը կազմել արտագաղթի պատճառները լաւապէս ուսումնասիրելու նպատակով։
Չաքըրէօզերի առաջարկը մերժուեցաւ իշխող կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ։