ՊԵՐԼԻՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ կնքուած միջազգային համաձայնագրին մաս կազմող եւրոպական երեք երկիրներ՝ Գերմանիա, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա, Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներէն զերծ մնալու նպատակով եւ Իրանի հետ առեւտուրը օրինական պայմաններու տակ կատարելու նպատակով, հաստատեցին «Ինսթեքս» անունով դրութիւն մը, որուն միջոցով պիտի կատարուին առեւտրական վճարումները։ Այս նպատակով, երեք երկիրները մօտէն կը գործակցին Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան հետ։ Եւրոպական ընկերութիւնները այս հանգրուանին առողջապահական ու սնունդի արտածումներ պիտի կարենան կատարել դէպի Իրան, մինչ աշխատանք կը տարուի այս համակարգով առեւտուրի կարելիութիւնները ընդարձակելու համար։
Միացեալ Նահանգերու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ մօտէն կը հետեւի այս իրադարձութեան, եզրակացնելու համար, թէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու պայմանները կը խախտուի՞ն։