ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իրենց ունեցած գիտութեամբ յոխորտացող եւ կեանքի ամէն տեսակ իրավիճակներու մէջ տուեալ կացութեան իրենք զիրենք տէր հռչակող մարդոց շատ կը հանդիպինք: Ասոնք յայտնի կ՛ըլլան իրենց խօսքի արտայայտութիւններէն, երբեմն հասակէն ու վարմունքէն: Մէկ խօսքով ասոնք մէկու մը կողմէ մեզի ծանօթացուելու կարիք չունին, այլ ինքնամատոյց կ՛ըլլան, իրենց «պայծառ» գաղափարները մեզի յայտնելու մեծ ճիգ գործադրելով:
Հիները «շատ իմացող» կը յորջորջէին այսպիսիները, կազմաւորման եղանակին կամ անգրագէտ ծնողներու դաստիարակութեան յանձնուած ըլլալուն վերագրելով այս խեղճուկ երեւոյթները կեանքի: Սակայն, բնա՛ւ թելադրելի չէ յանձնուիլ ասոնց քմահաճոյքին, որովհետեւ ասոնք չափի զգացողութիւն չունին: Ասոնք բնա՛ւ չեն հասկնար, թէ իւրաքանչիւր անհատ սահմաններ ունի, որոնցմէ ներս մտնելը արգիլուած է ուրիշ մարդ անհատի համար: Երբեմն ասոնք իրենց զրուցակիցին պատահաբար եկած հեռաձայնէն լսուող խօսակցութեան ականջ կու տան, եւ ապա, հազիւ լսուած նախադասութիւններուն վրայ հիմնուելով, ուղղութիւն կամ կարծիք կը յայտնեն ենթակային, ինչպէ՞ս վարուելու մասին… Հեռաձայնողը իր հետ չէր խօսած… ընկալուչը միւսին ականջին էր… իր լսած բառերը կցկտուր նախադասութիւններէ քաղած էր… սակայն եւ այնպէս՝ կարծիք յայտնեց… «Շատ իմացող»ին երկրատուր կարողութիւններէն միայն մէկն է այս:
Պարզ է, որ ամէն մարդ ամէն ինչ չի՛ կրնար գիտնալ այս աշխարհին մէջ, որովհետեւ գիտութիւնը անսահման է: Միւս կողմէ, եթէ ամէն մարդ ամէն ինչ գիտնար, հապա Աստուծոյ դերը ի՞նչ պիտի ըլլար այս տիեզերքին մէջ, ուր ամէն մարդ Անոր ամենագիտութենէն կախեալ է… Բազմաթիւ աստուածնե՞ր պիտի ունենայինք, որ արդէն Տասնաբանեայով արգիլուած է Տէր Աստուծոյ կողմէ:
Մարդը երբեմն իր տգիտութեան եւ իմացական խեղճութեան բերումով ինքնահռչակ աստուած կը ձգտի ըլլալ, զուր տքնելով իր այս անիմաստ ցանկութեան ճամբուն վրայ: Այսպէս, իր գործին մէջ գիւտ մը ընելէ ետք, գիւտարար մարդուն զգացած հպարտութիւնն ու ինքնասիրութիւնը չափել անկարելի կ՛ըլլայ: Զարմանալի է, որ արհեստաւորէն սկսեալ մինչեւ արուեստագէտն ու գիտնականը, նոյն զգացումը կ՛ունենան, տարբեր մակարդակներու վրայ:
Հանդիպած եմ արհեստաւորի, որ իր երկաթագործական խանութին մէջ երկաթի ծռած կտոր մը շտկելու եւ նախկին ձեւին բերելու գործիք մը հնարած էր: Կայքէջերու եւ քարոզչական այլ միջոցներով ծանուցումները կատարելէ բացի, մասնաւոր անուն մը տուած էր գործիքին, անոր կրկնօրինակին արտօնատէրը ըլլալու յատուկ արտօնագիր եւս ձեռք բերելով: Արուեստագէտներու պարագան ամէնէն յստակն է, որովհետեւ ամէն մարդ արուեստի գործ մը դիտած պահուն անոր տակը դրուած ստորագրութիւնը կը փնտռէ, իմանալու համար արուեստագէտին անունը եւ ունեցած վարկը: Երբեմն անճոռնի ու անիմաստ պաստառներու կը հանդիպիս, որոնք ո՛չ ակնահաճոյ են, ո՛չ ալ կարելի է զանոնք տանդ կամ գրասենեակիդ պատէն կախել ի ցոյց մարդկանց, սակայն այսինչ կամ այնինչ հռչակաւոր արուեսագէտի վրձինին կամ մուրճին պատկանելուն պատճառաւ, մարդիկ մեծ գումարներ վճարելով իրենց հետ կը տանին զանոնք…
Գալով գիտնականներուն, կարելի է ամէնէն արդար հպարտութեան զգացումը արտօնել անոնց, որովհետեւ երբեմն մարդկութեան կեանքին բարիք դառնալու տքնաջան աշխատանքով գիւտ մը կը կատարեն: Այսպէս, բժշկական բնագաւառին մէջ գիւտ մը կատարելով, գիւտարար բժիշկը պատճառ կը դառնայ, որ իրեն յաջորդող բոլոր սերունդներու գործընկերները հազարաւոր կեանքեր փրկեն, այս կամ այն հիւանդութենէն ազատելով բազմաթիւ հիւանդներ:
Հակառակ այս իրողութեան, գիտութիւնն ալ ունի իր մակարդակները, որոնք իրարմէ տարբեր են եւ երբեմն անհամեմատելի: Սակայն երբեմն կը տեսնենք, որ գիտութեան ամէնէն խոնարհ խաւին վրայ գտնուող գիտնական մը ինքզինք եւ իր կատարած գիւտը կը համեմատէ ամէնէն բարձրագոյն խաւի գիտութեան գիւտարարի կատարած գիւտին, նոյնիսկ յոխորտալով որ իր կատարածը աւելի՛ կարեւոր գիւտ է, քան անորը: Չեմ գիտեր եթէ նման անձ կարելի է այլեւս գիւտարար կոչել, որովհետեւ տգէտը ստեղծագործ չի՛ կրնար ըլլալ, ո՛չ ալ տգիտութիւնը գիտութիւն կրնայ ծնիլ:
Առիւծը կենդանական աշխարհին մէջ ծանօթ է իր թագաւորական հանգամանքով: Բոլոր առակագիրները այդպէս բնորոշած են ու կը բնորոշեն առիւծը, զայն համարելով անտառի արքան: Մինչեւ հիմա ինչքա՜ն օրինակներ տրուած են, օգտագործելով առիւծին կերպարը իբրեւ կենդանիներու թագաւոր, որուն առջեւ ակամայ կը խոնարհին միւս բոլոր տեսակի անասունները, իրենց հպատակութիւնը յայտնելով «տէր արքայ»ին: Սակայն, ինչպէս սովորական թագաւոր մը, առիւծն ալ իր սահմաններուն՝ անտառին մէջ երբեմն պարտութիւն կը կրէ, կը խեղճանայ, երբ մանաւանդ պաշարուի հսկայ կամ ուժեղ այլ կենդանիներու կողմէ: Յանկարծ փախուստի կը դիմէ ան ու կը հեռանայ հակամարտութեան դաշտէն, նոյնիսկ եթէ ստամոքսին անսուաղութեան խիթը յաւելեալ պայքարի ուզէ մղել զինք:
Կ՛ըսուի, թէ մուկերն ալ իրենց աշխարհին մէջ թագաւոր կ՛ունենան: Սա անտրամաբանական չէ, որովհետեւ բոլոր կենդանիներն ալ տարածքի զգացողութիւն ունին, եւ եթէ փորձէ իրենց տեսակէն կամ այլ կենդանատեսակ մը մտնել իրենց սահմանէն ներս, կը յարձակին անոր վրայ, դուրս քշելով զայն իրենց տարածքէն:
Կը պատմուի, թէ մուկ մը ինքզինք թագաւոր հռչակած հպարտ կը քալէր իր ցեղակիցներու շարքերուն մէջէն: Բոլորն ալ կը խոնարհէին անոր առջեւ, կատարելով անոր կամքը: Նոր ծակեր փորել կու տար ան իր հպատակներուն, իսկ իրեն համար «դղեակ»ներ շինել կու տար իր զինուորներուն: Մէկ խօսքով բոլորը ենթարկած էր իրեն եւ անխնայ կը գործածէր իր թագաւորական իշխանութիւնը:
Մուկ թագաւորը իր փառքին մէջ այնքան կուրցաւ, որ սկսաւ աշխարհակալական ձգտումներ ցուցաբերել եւ ամբողջ «աշխարհ»ին՝ անտառին թագաւոր համարել իր տխեղծ ու ողորմելի անձը: Ինչքան ալ իր խորհրդականները խրատեցին զինք ահ ու դողով, սակայն անոնց խօսքը չկրցաւ համոզիչ դառնալ իրեն: Թագաւորին «գլուխը մեծցած էր»: Ծրագիրներ՝ ծրագիրներու ետեւէ, տուրքեր՝ տուրքերու ետեւէ, խորամանկ հնարքներ յաւելեալ կողոպուտներու՝ անհաշիւ ու անհամար իրարու կը յաջորդէին: Օր մըն ալ առիւծին ականջին կը հասնին ինքնահռչակ մուկ թագաւորին գործունէութեան «ցնցիչ» լուրերը: Երբ պալատ կը կանչուի մուկը, իր հետ պահակագունդը առած հպարտութեամբ կը ներկայանայ: Թագաւորին հարցումին պատասխանելով, թէ իսկապէ՞ս աշխարհակալն է, որ պատիւ ըրած է ներկայանալու պալատ, մուկը հաստատական պատասխան կու տայ:
-Հապա բաշերդ ո՞ւր են,- կը պատասխանէ առիւծը իր բաշերը թափ տալով, եւ չկարենալով իր զայրոյթը զսպել, թաթի մէկ հարուածով կ՛ոչնչացնէ ինքնահռչակ աշխարհակալը…
Գիտնական, «շատ իմացող», ամէն հարցումի պատասխան ունեցող «ամենագէտ»ներուն եւ ինքնահռչակ աշխարհակալներուն վախճանը պատկերացնող առակային դրուագ մըն է այս: Առիւծին բաշերը անոր իշխանութիւնը կը խորհրդանշեն երկրի թագաւորական սահմաններէն ներս: Բաշերուն թափ տրուիլը երբեմն բաւարար է, որ մնացեալ կենդանիները իրենց որջերը քաշուին եւ անտառին աղմուկը դադրի: Երբ բաշ չունիս, մի՛ մտածեր թագաւորութեան մասին, որովհետեւ կեղծ թագաւորութիւնը ժամանակաւոր է: