ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Սիրոյ դիւրաբեկ ըմպանակը…
Առաջին տէրս իշխան մըն էր: Ան Դուին քաղաքի Շահաստանի մեծարուեստ վարպետէ մը գնած էր զիս՝ բարձր գումար վճարելով: Իշխանը կը սիրէր մեծ կոչունքներու ժամանակ զիս բարձրացնել եւ երկրի չորս ծագերէն հասած ազնուատոհմ սեպուհներուն ու քաջարի ասպետներուն արեւշատութիւն մաղթել: Ապա, հպարտօրէն եւ ժպիտով կ՛ըմպէր փրփրալից գինին, որով լեցուած կը մնայի ամբողջ գիշեր: Իր յաղթանակներուն փայլուն նշանը մնացի մինչեւ այն օրը, երբ քաղաք ու պալատ անտէր մնացին… Կը ներէք, մոռցայ ինքզինքս ծանօթացնելու: Ես բարձր ոտքով ապակի բաժակն եմ՝ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ ցուցադրուող: Ըստ զիս ծանուցանող պիտակին՝ հայկական բաժակներուն ամէնէն որակաւորն եմ: Ծնունդ առած եմ Դուինի Շահաստանին մէջ, ապակեգործի մը արհեստանոցին մէջ, երբ վարպետս, արգաւանդ օր մը, որոշեր էր իր հանճարին պատկերած գեղեցկութիւն մը ստեղծել ու սկսեր էր իր շունչով յօրինել զիս: Զարդարանքս զուսպ է: Մարմինս կը պարուրեն լոյսէ գիծեր, նշանակուած՝ նուրբ ապակեթելերով: Ունիմ կոճականման գունաւոր ելուստներ: Իշխանէն ետք ինծի տիրացան մետաքսավաճառ մը, ճգնաւոր տաղասաց մը ու վերջապէս՝ աւագերեց մը… Լաւ կը յիշեմ 1225 թուականը: Ասպատակողներ քաղաք մտան ու սկսան քանդելու, թալանելու ամէն բան: Զիս յափշտակեց ու իր ծարաւին գոհացում տալու սկսաւ անօրէն մը: Տարի մը ետք, քստմնելիօրէն սպաննուեցաւ այդ մէկը, երբ մոնկոլները ներխուժեցին քաղաք: Վերջին պատկերը, զոր կը յիշեմ, հետեւեալն է… Կը լսեմ այդ շուայտի հոգեվարքի հռնդիւնները: Անոր զազիր ձեռքերը կը թուլնան ու կ՛իյնամ: Զիս կը գրկէ ոսկեթել բարձիկ մը, որ ինծի պէս արեւանգուած էր դղեակէ մը: Ապա՝ ոչինչ: Ոչի՛նչ կը յիշեմ… Այսօր զիս դիտողները կը կարծեն, թէ հայկական բոլոր բաժակներէն ու ,բաժակե բառէն միշտ յորդեր են գինի, ծիծաղ եւ ցնծութիւն: Մօտեցէ՛ք ինծի: Մի՛ քաշուիք, չեմ կոտրիր: Պիտի տեսնէք, թէ կեանքի բաժակը ցմրուր քամած եմ. փառքի օրերու կողքին տեսեր եմ խեղճութիւններ հաւասարապէս: Լեցուեր եմ թէ՛ գինիով եւ թէ դառնութեամբ, երբեմն ալ՝ արիւնով… Հետեւեալը իմ եւ ձեր պատմութիւնն է՝ բաժակ մը յօդուածի մէջ լեցուած:
Սկսիմ 434 թուականէն: Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը 66 անգամ կը բարձրացնէ զիս: Յիսուս Քրիստոսի շրթունքին ալ կը ծառայեմ, երբ Ան կը պատուիրէ. ,Զբաժակն իմ ըմպիցէքե ու կը շարունակէ. ,Այս բաժակ է նոր ուխտ իմով արեամբե: Սուրբ գիրքի էջերուն մէջ կը դառնամ նաեւ՝ բաժակ փրկութեան, կործանման, մխիթարութեան, բեկման, ապականութեան եւ օրհնութեան: Աստուածաշունչը նաեւ կ՛ուսուցանէ, որ կարելի չէ թէ՛ Տիրոջ եւ թէ դեւերուն բաժակէն ըմպել. ,Ոչ կարէք զբաժակն Տեառն ըմպել եւ զբաժակն դիւացե:
… Բաժակակից, քաղցրաբաժակ, բաժակաճառ: Ահա, այս բառերը հոսեցան հայոց շրթներէն, երբ մայրենին կը վայելէր արեւ օրեր: Օր մը յայտնուեցաւ ,արիւնաբաժակե բառը, երբ նախանձն ու փառասիրութիւնը պատճառ եղան, որ բաժակները լեցուին այդ կարմիր հեղուկով: Այդպիսի լարուած վիճակ գոյացաւ Դանիէլ Վարուժանի ,Հարճըե բանաստեղծութեան մէջ, երբ Բագրատունի Տրդատ իշխանը՝ կէս գինով, Սիւնեաց նահապետ Բակուրի զգլխիչ հարճին բազուկէն բռնեց ու յանկարծ փափաքեցաւ անոր տիրանալ: Բակուրը հետեւեալ խօսքով սպառնաց իր բարեկամին. ,Եթէ կ՛ուզես, որ մեր զոյգ բաժակներն այս մտերիմ… չլեցուին արեամբ ոխերիմ՝ թո՛ղ զայն, իշխա՛նե:
Ո՛չ շատ հեռու այդ աշխարհանուէր իշխաններէն, բանաստեղծ սուրբ մը Վանայ լիճին մօտ կը գրէր վերացական բաժակներու մասին: Գրիգոր Նարեկացին էր ան, որուն կը պարտինք ,բաժակ բերկրութեանե, ,բաժակ անսպառե, ,բաժակ դառնութեանե եւ ,մահու բաժակե արտայայտութիւնները:
Այն դարերուն, երբ ես մնացեր եմ հողածածկ, աշուղներ եւ տաղասացներ մեծատաղանդ, անգիտակ իմ գոյութենէս՝ գինին եւ գեղեցիկը երգելու համար իրենց շրթունքին մօտեցուցեր են ,թասե բառը: Սակայն, ժողովուրդի բերնին մէջ զարգացեր են պատկերալից դարձուածքներ, ինչպէս՝ ,բաժակ առաջարկելե, ,բաժակի ընկերե, ,բաժակ-բաժակի խփելե, նաեւ՝ ,փոթորիկ՝ բաժակ մը ջուրի մէջե: Եղան օրեր, երբ բախտը հայուն հրամցուց ,դառնութեան բաժակըե: Իսկ երբ թշնամին մինչեւ ծայրը հասցուց իր վատութիւնը, լեցուեցաւ ,համբերութեան բաժակըե:
Կ՛ուզէ՞ք ձեր աչքով տեսնել զայն: Պատմութեան թանգարանէն ո՛չ շատ հեռու՝ գացէք կայանամերձ հրապարակ ու Սասունցի Դաւիթի ձիու ոտքերուն տակ գտէք զայն՝ լեցուած է եւ ջուրը կը թափի: Կը նշանակէ, թէ խաղաղասէր այս ժողովուրդը իր թուրը կը քաշէ, երբ վերջին աստիճան կը նեղեն զինք: Իսկ երբ բնականոն կեանքն ու սիրերգութիւնը վերադառնան Հայոց լեռնաշխարհ, հարսերն ու փեսաները կրկին կը վերցնեն զիս, հիւրեր կրկին բաժակաճառ կը խօսին ու դարձեալ կը յորդի սուրբ գինին եւ կը հնչեն զուարթ երգերը.
Լեցնե՛նք ընկերներ
Բաժակները լի,
Թող Հայոց գինին
Մեզ անուշ լինի:
Կը հնչէ նաեւ Գեղամ Սարեանի քնարը. ,Առնենք ընկերներ այս լիք-լիք բաժակները… Բաժակները պահէք գլխից վեր… Բաժակները պահել սրտի մօտե… Ինչպէ՞ս չյիշել Խրիմեան Հայրիկը, որ մինչեւ կեանքի իր վերջին օրը, ոսկի բաժակէն իր ժողովուրդին բաժնեց Յիսուսի մարմինն ու արիւնը: Իսկ երբ ժամանակ ունեցաւ գրելու, հայոց մայրենիին նուիրեց գրական ընտիր պատկերներ. ,Կենաց բաժակե, ,Նոր ուխտի բաժակե, ,Հարսանեաց բաժակե: Հայ գրագէտները սիրեցին զիս: Անոնք ներշնչուած իմ պարունակութենէս՝ յաճախ գիրքի անուններ մտայղացան. ,Կենաց Բաժակըե 1874, Կ. Պոլիս, ,Արծաթեայ Բաժակե՝ 1882, Մոսկուա, ,Բաժակ Մը Երգ: Քերթուածներե՝ 1941, Պուքրէշ: Զիս գովերգեց նաեւ Նիկողոս Սարաֆեան. ,Բիւրեղահունչ բաժակներ փրփրացայտ կը յորդինե: Գեղամ Բարսեղեան նկատեց նշոյլը մէջս. ,Լեցնենք ոսկեհունչ բաժակները մեր հաւատքին ու յոյզերունե: Իսկ Զապէլ Եսայեան, այդ ազնիւ կինը, հակառակ անոր, որ կ՛ըմպէր իմ բոլոր դառնութիւններս, մնաց ներող եւ իր սրտաճմլիկ մէկ հատորը կոչեց անունովս. ,Վերջին Բաժակըե: Սիամանթօն ալ մեծ պատիւ ըրաւ ինծի ու մէջս տեսաւ Մեսրոպ Մաշտոցի պատկերը. ,Օշականի վսեմական վարդապետ, դո՛ւն՝ վեհիմաստ վանական եւ Աստծոյ բաժակե: Բայց, Սիամանթոյի քնարը դիւրաբեկ փշրուեցաւ, երբ ականատես եղաւ աննկարագրելի վիշտերու. ,Թշնամին իր ափերովը – օ՜ դժոխային բաժակ – մերիններուն ազնուական արիւնը, մեր սեղանին առջեւ նստած՝ գազանաբար խմեցե: Իսկ երբ խաղաղ ըլլային օրերը, քնարերգակներ, կը յիշեմ, զիս կը նմանցնէին դիւրաբեկ սրտի մը: Մէկը Դանիէլ Վարուժանն էր. ,Գարնան դրդիչ բուրումներէն սրարբած՝ կը փշրի սիրտն՝ իբրեւ բաժակ մը բիւրեղե: Ապա եկաւ Գուսան Աշոտը ու երգեց. ,Բաժակիս մէջ միշտ տեսնում եմ վառ պատկերդե:
Շիրազն էր այն վերջինը, որ մօտեցաւ ինծի.
Կնոջ սիրտը մի բաժակ է բիւրեղեայ,
Փշրեցիր ու չես կարող էլ կպցնել:
Թանգարանէն դուրս, մայրաքաղաքի բնակիչները, գիտեմ, բռնած են սուրճի կամ թէյի ,միանգամեայ բաժակներե ու կը զրուցեն՝ չե՛ս գիտեր ինչ: Անդին, զոյգ մը սիրասոյզ կ՛ըմպէ գինիի իր առաջին բաժակը: Կամ՝ սենեակին մէջ խուլ պառաւ մը իր հիւրին բաժակը կը կարդայ: Աշխարհի այս կողմը ,մի բաժակ սուրճի իրաւունքըե քառասուն տարի է: Եւ, ի՛նչ փոյթ, թէ այժմ ես զրկուած եմ գինիի իմ բաժինէս. բաժակները հայրենի՝ լեցուեր են արեւանուէր գինիով, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ կայ սիրերգութիւն, ինչպէս՝ Վարուժանը կ՛երազէր տեսնել.
Ծաղկի՜ մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն: