ՊԵՐԼԻՆ.- Յունուար 31ի երեկոյեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային ընթրիք-հանդիպում ունեցած է ԳԴՀ խորհրդարանի Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատգամաւորներուն հետ:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Գերմանիոյ վարչապետի աշխատակազմի եւ ԳԴՀ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ:
Ողջոյնի խօսքին մէջ, վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ հայ-գերմանական համագործակցութեան հզօր զարգացումը այսօր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ առանցքային տեղ ունի, եւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները երկկողմ օրակարգի վրայ կը գրաւեն յատուկ տեղ: Այս ծիրէն ներս՝ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր համարած է գերմանացի խորհրդարանականներու հետ աշխոյժ կապերը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-գերմանական համագործակցութեան զարգացման, միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման, Հայաստան–Եւրոմիութիւն գործընկերութեան, մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն վերաբերող հարցեր: