ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա եւ բռնակալ քանի մը այլ կառավարութիւններ հետզհետէ աւելի կը չարաշահեն իրենց անդամակցութիւնը «Ինթըրփոլ»ի կառոյցին՝ իրենց հակառակորդները հետապնդելու եւ պատժելու համար: «Ինթըրփոլ»ը կամ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը կազմուած է 194 երկիրներէ. անիկա կը զբաղի անդրազգային յանցագործութիւններու դէմ պայքարով:
Թէեւ «Ինթըրփոլ»ի կանոնադրութեամբ արգիլուած է անհատներու հետապնդումը քաղաքական, կրօնական, ռազմական կամ ցեղային պատճառներով, սակայն քանի մը անդամ պետութիւններ տակաւին կը շարունակեն չարաշահել «Ինթըրփոլ»ի իշխանութիւնը՝ իրենց հակառակորդները հետապնդելու նպատակով:
Թուրքիոյ կառավարութեան ա-մէնէն վերջին պահանջը «Ինթըրփոլ»էն այն էր՝ ձերբակալել եւ երկրէն դուրս հանել NBA-ի թրքական ծագում ունեցող պասքէթպոլի մարզիկ Էնես Քանթերը՝ անոր անունը տեղադրելով «Ինթըրփոլ»ի ծանուցման կարմիր ցանկին վրայ: Քանթեր մերժած է իր խումբին՝ «Նիւ Եորք Նիքս»ի հետ թռչիլ դէպի Լոնտոն, NBA-ի խաղին մասնակցելու համար: Ան ըսած է, որ ինք Էրտողանի կառավարութեան կողմէ անիրաւօրէն մեղադրուած է իբրեւ «ահաբեկիչ» եւ կը վախնայ, որ թուրք գործակալները զինք սպաննեն Լոնտոնի մէջ:
«Քանթեր հազիւ ինքզինք ազատած էր Ճաքարթա (Ինտոնեզիա) գտնուած միջոցին, երբ ան կանգ առաւ բարի կամքի համաշխարհային շրջապտոյտին ընթացքին: Ինտոնեզական բանակը եւ գաղտնի ծառայութիւնը ներխուժեցին դպրոց, ուր նախատեսուած էր ձեռնարկը՝ զայն Թուրքիոյ պահանջին համաձայն ձերբակալելու համար, սակայն ան յաջողեցաւ հեռանալ Ինտոնեզիայէն եւ հասնիլ Ռումանիա: Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու ճամբուն վրայ, Պուխարեսթի «Հենրի Քոանտա» միջազգային օդակայանին մէջ զայն ձերբակալեցին, որովհետեւ անոր անձնագիրը չեղեալ յայտարարուած է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ: NBA-ի աստղը աւելի ուշ ազատ արձակուեցաւ՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներու միջամտութենէն ետք, որ կատարուեցաւ իր անունով: Ան կը մնայ Էրտողանի ուժեղ քննադատը՝ իր իրաւունքներու ոտնահարման պատճառով», «Թրքական Վայրկեան» կայքին վրայ 9 Մայիս 2017ին գրած էր Ապտուլլահ Պոզքուրտ:
«Ոեւէ մէկը, որ կը խօսի անոր (Էրտողանի) դէմ, թիրախ է: Ես հաստատօրէն թիրախ եմ: Էրտողան կը ցանկայ զիս վերադարձնել Թուրքիա, ուր ան կրնայ լռեցնել զիս», գրած է Քանթեր «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի սիւնակի մը մէջ: Քանթեր ըսած է «Նիւզուիք» ամսագիրին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «մեր դարուն Հիթլերն է»: ESPN-ի համաձայն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցեալ տարուան Նոյեմբերին «Ինթերփոլ»էն պահանջած էր առաւել քան 80 մարդ ձերբակալել տարբեր երկիրներու մէջ եւ զանոնք յանձնել Թուրքիոյ…
Քանի մը թուրք այլախոհներ դժուարութեամբ խոյս տուած են թրքական կառավարութեան՝ «Ինթերփոլ»ի միջոցով երկարատեւ հետապնդումներէ: Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Թուրքիա պահանջած էր, որ «Ինթերփոլ»ը ձերբակալէ եւ արտայանձնէ «Ճումհուրիէթ» թերթի նախկին խմբագիր Քան Տունտերը եւ «Ահուալ» լրատուական կայքի խմբագիր Իլհան Թանիրը: «Ես մէկը չեմ սպաննած, մենատիրական ընկերութիւն չեմ ղեկավարած, դրամատուն չեմ թալանած, կամ որեւէ այլ վատ բան չեմ ըրած, որ արդարացնէ միջազգային մարդորսութիւնը։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը զիս կը հետապնդէ լրագրողական գործունէութեանս համար», գրած է Թանիր:
Լրագրող, հեղինակ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակիփ Զարաքօղլուի անունը տեղադրուած էր «Ինթերփոլ»ի կարմիր ծանուցման ցանկին վրայ՝ զայն ձերբակալելու եւ Թուրքիոյ յանձնելու համար: Ան ներկայիս կը գտնուի Շուէտ՝ Էրտողանի ճանկերէն հեռու եւ ապահով:
Ուրիշ թուրք լրագրող մը սակայն նոյնքան բախտաւոր չեղաւ: Համզա Եալչին, որ փախած էր Շուէտ, 2017ին «Ինթերփոլ»ը, Թուրքիոյ պահանջով՝ զայն ձերբակալեց Սպանիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Ան ազատ արձակուեցաւ երկու ամիս ետք, Շուէտի եւ Գերմանիոյ կառավարութիւններուն կողմէ գործադրուած ճնշումներէն ետք:
«Մենք կ՛ողջունենք Սպանիոյ կառավարութեան որոշումը, որ կը վկայէ միջազգային իրաւունքը յարգելու մասին», յայտարարեց «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը՝ աւելցնելով. «Համզա Եալչինի ազատ արձակումը յստակ պատգամ էր՝ ուղղուած Թուրքիոյ կառավարութեան, որ «Ինթերփոլ»ը պէտք չէ օգտագործուի երկրէն դուրս փախած լրագրողները՝ քաղաքական նպատակներով հետապնդելու համար»:
Յուլիս 2016ի յեղաշրջման ձախողութենէն կարճ ժամանակ անց, Թուրքիա 60 հազար կարմիր ծանուցման պահանջ ուղարկեց «Ինթերփոլ»ին: Կարմիր ծանուցումները միայն ծանր յանցագործութիւններու մեջ մեղադրուող մարդոց համար են, եւ «Ինթերփոլ»ի կանոնադրութիւնը կոչ կ՛ընէ երկիրներուն՝ չօգտագործելու համակարգը քաղաքական նպատակներու համար եւ գործելու մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներուն ոգիով: Թուրքիա, Չինաստան, Ռուսիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կոպտօրէն կը խախտեն այս կանոնակարգը, յայտարարած է «Ֆորէյն Փալիսի» (Foreign Policy) ամսագիրը:
Ապրիլ 2017ին ընդունուած բանաձեւին մէջ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ ըրաւ «Ինթերփոլ»ին՝ «շարունակելու բարելաւել իր կարմիր ծանուցման ընթացակարգը՝ չարաշահումները առաւել արդիւնաւէտ կերպով կանխարգիլելու եւ ջնջելու համար»:
«Տասնեակ թուրք լրագրողներ ստիպուած եղած են երկրէն փախչելու Յուլիս 2016ի թրքական յեղաշրջման ձախողութենէն ի վեր: Սակայն, ինչպէս աշխարհի բոլոր տարագիր լրագրողներուն, անոնց եւս կը սպառնայ «Ինթերփոլ»ի քաղաքական չարաշահումը: «Ինթերփոլ»ի կողմէ սկիզբ առած բարեփոխումները պէտք է իրենց աւարտին հասցնել կարելի եղածին չափ շուտ, որպէսզի այդ կառոյցը կարենայ ինքզինք աւելի լաւ պաշտպանել Թուրքիոյ եւ բռնակալ միւս պետութիւններու անարդար պահանջներէն», յայտարարեց «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գրասենեակի ղեկավար Եոհան Պիր:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ