ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին յայտարարեց, որ իշխանութիւնը միտքը չէ փոխած եւ նախարարութիւններու թիւը պիտի անպայման կրճատուի: Սակայն, այնքան ատեն, որ կը քննարկուի կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութիւնները, որոշ գերատեսչութիւններու ղեկավարներ այս հանգրուանին չեն նշանակուիր:
«Օրէնքի համաձայն կառավարութիւնը ձեւաւորուած է համարւում, երբ նշանակուած է կառավարութեան անդամների երկու երրորդը: Կը գնանք այդ ճանապարհով՝ կառավարութեան անդամների երկու երրորդը կը նշանակուի, մէկ երրորդը չի նշանակուի քանի դեռ մենք մինչեւ վերջին դետալը (մանրամասնութիւնը-Խմբ.) չենք յստակեցրել կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութիւնների հետ կապուած հարցերը», նշեց վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան վարչապետ նշանակուեցաւ Երկուշաբթի օր: Մհեր Գրիգորեան ու Տիգրան Աւինեան Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրներով նշանակուած են փոխարչապետ:
Նախարարները պէտք է նշանակուին մինչեւ Կիրակի:
Նորընտիր խորհրդարանի նս-տաշրջանի օրակարգին վրայ դրուած է կառավարութեան կառուցուածքի փոփոծութեան հարցը, որ կրնայ քննարկութեան դրուիլ միայն կառավարութեան առաջարկով: Նախագիծը տակաւին խորհրդարան չէ ուղարկուած, ոչ ալ հրապարակուած է: Անցեալ տարուան վերջաերուն, որոշ նախարարութիւններ ստացած էին նախագիծի օրինակ մը՝ ըստ որուն, այլեւս առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը հանուած է, նախարարութիւններու թիւն ալ կրճատուած է 5ով՝ դառնալով 12: