ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարանին նուիրուած պատկերասփիւռային անդրանիկ դրամահաւաքը՝ թելեթոնը, տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 17 Փետրուարին, նպատակ ունենալով հանրութեան աւելի մօտէն ծանօթացնել թանգարանի ծրագիրը եւ ծրագիրին իրականացման ի նպաստ գումարներ հաւաքել։
Դրամահաւաքը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 2ին (Քալիֆորնիոյ ժամով) ու պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։ Անիկա պիտի պատկերասփռուի ուղղակի՝ տեղւոյն հայկական ARTN պատկերասփիւռի կայանի սրահներէն, նոյն ժամանակ համացանցի միջոցով հասանելի դառնալով աշխարհի տարածքին։
Յայտագիրին ընթացքին պիտի սփռուին համայնքային ղեկավարներու եւ յատուկ հիւրերու հետ հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ թանգարանի ծրագիրին մասին պատրաստուած տեսանիւթեր ու գեղարուեստական ճոխ ելոյթներ։ Պատկերասփռող կայաններուն եւ յայտագիրին մասնակցող արուեստագէտներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին աւելի ուշ։
«Թելեթոնը պիտի ըլլայ համայնքը հետաքրքրող տարուան ձեռնարկը եւ հոյակապ առիթ մը պիտի ըլլայ լաւապէս ծանօթանալու Հայ-ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին։ Համայնքին կոչ կ՛ընենք հետեւելու եւ նուիրելու այս ձեռնարկին ընթացքին», կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։
Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը ջանայ 12 միլիոն տոլար գոյացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ 2020ին սկսիլ շինարարական աշխատանքներուն։ Նախաձեռնուած են դրամահաւաքի շարք մը այլ միջոցառումներ։
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել՝ հեռաձայնելով (800) 655-9554 թիւին կամ նուէրը առաքելով Armenian American Museum, 111 East Broadway, Suite 207, Glendale, CA 91205 հասցէին։ Համացանցի միջոցաւ նուիրելու համար՝ այցելել www.GiveAAM.org կայքը։
Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան եւ վաճառատուն: Անոր վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: