ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ, 16 Յունուարին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Մնացականեան եւ Մամետեարով քննեցին երկու երկիրներուն ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու կարելիութիւները։ Տեղի ունեցաւ կարծիքներու օգտակար եւ շինիչ փոխանակում, երկկողմանի վստահութիւն հաստատելու նպատակով:
Առաւել քան չորս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ խաղաղ գործընթացին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակի, ներառեալ՝ ապահովութեան երաշխաւորման եւ տարածաշրջանային կայուն զարգացման:
Յաջորդ հանդիպման թուականը չէ հաստատուած, սակայն նախարարները համաձայնած են յառաջիկայ ամիսներուն շարունակել հետեւողական եւ նպատակաուղղուած շփումները:
Նոյն օրը, Մնացականեան անջատ հանդիպում մը ունեցած էր ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան:
Մնացականեան այդ հանդիպման ընթացքին վերահաստատեց Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումները, առանձնայատուկ կերպով շեշտելով օգտակար շփումներու կարեւորութիւնը՝ փոխըմբռնում եւ փոխվստահութիւն հաստատելու ջանքերուն համար։
Զրուցակիցները կարծքիներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ համանախագահներու օրացոյցին մէջ ներառնուած յառաջիկայ քայլերուն շուրջ: