ԵՐԵՒԱՆ.- Նորընտիր Ազգային ժողովը (ԱԺ) Երեքշաբթի, 15 Յունուարին, «Իմ Քայլը» խմբակցութեան առաջարկով որոշեց կազմել տասնմէկ մշտական յանձնաժողով՝ որ երկուքով աւելի է նախորդ գումարման ԱԺի յանձնաժողովներէն: Մարդու իրաւունքներու եւ հանրային հարցերու յանձնաժողովը առանձնացուած է Պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովէն եւ կազմուեցաւ նոր՝ Տարածաշրջանային եւ Եւրասիական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողով:
Կազմուած միւս յանձնաժողովներն են՝ Առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով (12 անդամ), Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողով՝ միջազգային յարաբերութիւններ (14 անդամ), Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, Սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով (12 անդամ), Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողով (10 անդամ), Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով (11 անդամ), Պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողով (15 անդամ), Տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողով (12 անդամ), Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողով (15 անդամ) եւ ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական հարցերու մշտական յանձնաժողով (10 անդամ):
Նոյն օրը, ԱԺի քննարկման ներկայացուեցաւ ԱԺի մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան հարցը:
Պատգամաւորներու կուսակցական պատկանելիութեան համեմատութիւնը նկատի ունենալով, Ազգային ժողովի 11 մշտական յանձնաժողովներէն 8ը պիտի նախագահեն «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ներկայացուցած թեկնածուները, 2ը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան եւ 1ը «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան:
«Իմ Քայլ»ի պատգամաւորական խմբակցութեան նախագահ Լիլիթ Մակունցի կողմէ Առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովին համար առաջարկուեցաւ Նարեկ Զէյնալեանի թեկնածութիւնը, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին համար՝ Ռուբէն Ռուբինեանի, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզանքի յանձնաժողովի համար՝ Մխիթար Հայրապետեանի, Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովին համար՝ Արման Եղոյեանի, Պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովին համար՝ Վլադիմիր Վարդանեանի, Պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ Ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովին համար՝ Անդրանիկ Քոչարեանի, Գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանութեան յանձնաժողովին համար՝ Վարազդատ Կարապետեանի եւ Տնտեսական հարցերու յանձնաժողովին համար՝ Բաբկէն Թունեանի թեկնածութիւնը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշատական յանձնաժողովին համար «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կողմէ առաջարկուեցաւ Նաիրա Զոհրաբեանի, իսկ Տարածաշրջանային եւ Եւրասիական համարկման յանձնաժողովին համար՝ Միքայէլ Մելքումեանի թեկնածութիւնը:
Ֆինանսական եւ պիւտճէական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին համար «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան խմբակցութիւնը առաջադրեց Մանէ Թանդիլեանի թեկնածութիւնը:
Յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 16 Յունուարին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին: