ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Նոր Օր».- «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 25 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալի արժանացած (1956), Եւրոպայի եւ Խորհրդային Միութեան երրակի ախոյեան Վլադիմիր Ենգիբարեանի նուիրուած միջոցառում մը:
Գլխաւոր բանախօսն է «Նոր Օր» շաբաթաթերթի մարզական խմբագիր եւ հայ մարզաշխարհին մասին պատմող գիրքերու հեղինակ Աւետիս Բայրամեան, որ պիտի ներկայացնէ Ենգիբարեանի կեանքը:
Խօսք պիտի առնեն նաեւ նշանաւոր հայ բռնցքամարտիկներ Խորէն Ինջէեան եւ Նշան Մունչեան:
Վլադիմիր Ենգիբարեան ծնած է Երեւան, 24 Ապրիլ 1932ին: Ան մարզաշխարհէն հեռացած է՝ արձանագրելով 255 յաղթանակ եւ 12 պարտութիւն: Հանգստեան կոչուելէ ետք, ան եղած է բռնցքամարտի միջազգային իրաւարար եւ դատաւոր ու Հայաստանի մէջ պատրաստած է բռնցքամարտի նոր սերունդներ: Ենգիբարեան մահացած է 1 Փետրուար 2013ին, Լոս Անճելըսի մէջ եւ թաղուած Երեւանի Թոխմախի գերեզմանատան մէջ:
Այս առիթով, կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Քարլ Պարտաքեան կը նշէ, թէ Ենգիբարեան ոչ միայն բռնցքամարտի սիրուած դէմք էր, «այլ նաեւ մեծ հայրենասէր եւ ազգային հերոս»։
«Անոր ազդեցութիւնը հայկական բռնցքամարտի վրայ կը զգացուի մինչեւ այսօր: Մեր նպատակը այն է, որ Վլադիմիր Ենգիբարեան թեկնածու ըլլայ Նիւ Եորքի «International Boxing Hall of Fame»ի անդամակցութեան, երբ անոնք սիրողական բաժին մը հիմնեն», կ՛եզրակացնէ Պարտաքեան։
Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին հասցէն է՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (626) 345-9705 թիւին։