Պաշտօնական այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ, 15 Յունուարին, հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Սուլթան ալ Ճապերի հետ՝ քննարկելու տնտեսութեան զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ Հայաստան թէեւ փոքր երկիր է, բայց հայերը համաշխարհային եւ սերտօրէն իրարու կապակցուած ազգ են: Եւ երբ ինք, իբրեւ նախագահ, կը խօսի համագործակցութեան մասին՝ նկատի ունի ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ հայերը, հայկական գործառնութիւնը աշխարհի մէջ ամէնուր են, որուն շնորհիւ համագործակցութեան ներուժը կը մեծնայ:
Զրուցակիցները համաձայնեցան, որ իբրեւ առաջին քայլ, ԱՄԷէն պատուիրակութիւն այցելէ Հայաստան՝ տեղւոյն վրայ հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու, քննարկումներ ունենալու եւ եղած առաջարկները գործնական հիմքերու վրայ դնելու համար: