Միջազգային օդանաւային թռ-իչքներու ընկերութիւնները կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել հայկական թռիչքներու փոխադրումներու շուկային նկատմամբ: Հայկական շուկայ մուտք կը գործէ ռումանական «ԹԱՐՈՄ» (TAROM) օդանաւային թռիչքներու ընկերութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
18 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ հայկական շուկայ թռիչքներու ընկերութեան նորամուտի շնորհահանդէսը:
Շնորհահանդէսին պիտի մասնակցին Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան, Հայաստանի փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարութեան աշխատակիցներ, Հայաստանի մօտ Ռումանիոյ դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի ցուցաբերեն մօտ 80 թռիչքուղիներու գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ: