ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐ՝ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ, ՇԻՐՎԱՆԵԱՆ, ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԵՒ ԳԱՊԱԳԼԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կիրակի, 6 Յունուարի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահը անգամ մը եւս ժամադրավայրը եղաւ Արեւմտեան թեմի մեծ ընտանիքին, որ տօնական մթնոլորտի մէջ համախմբուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքին առիթով։ Ներկայ էին պետական ներկայացուցիչներ, Հայաստանի եւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսները, ժողովականութեան անդամներ, հայկական կազմակերպութեանց եւ միութեան ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ զօրակիցներ։
Մշակուած էր խնամքով պատրաստուած յայտագիր մը, որ կը միացնէր մեր եկեղեցական ու ազգային մշակոյթները։ Յայտագիրը ունէր աղօթքի, շարականներու, ողջոյնի ու շնորհաւորանքի խօսքերու բաժին։
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ կանգ առաւ Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին ու անկէ բխող անժամանցելի պատգամներուն վրայ (խօսքը կու տանք առանձնաբար ստորեւ)։ Ան գնահատանքով ու երախտագիտական արտայայտութեամբ վեր առաւ Ազգային առաջնորդարանի բարերարներուն զօրակցութիւնը, մասնաւորաբար Պաղտասարեան ընտանիքը, որ ի յիշատակ ազգային բարերար Յակոբ Պաղտասարեանի, ընթրիքի երեկոյին գլխաւոր հովանաւորն էր։ Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց նաեւ անցեալ տարուան հովանաւորը՝ Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեանը, երախտագիտութեամբ յիշեց հանգուցեալ բարերար ու բազմամեայ ծառայող Յակոբ Շիրվանեանը, ապա նաեւ նորոգ հանգուցեալ եւ Ազգային առաջնորդարանի ու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բազմամեայ ծառայողներէն Քըրք Գապագլեանը։
Իբրեւ գնահատանք ու երախտագիտական արտայայտութիւն՝ առաջնորդ սրբազանը յիշեալ բարերարներուն ու նուիրեալներուն ընտանիքներուն յանձնեց յատուկ յուշատախտակներ։ Տուչութեան մասնակցեցան առաջնորդական փոխանորդը, Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան ատենապետներն ու փոխատենապետը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։
Ձեռնարկին մանրամասնութիւնները պիտի տանք յառաջիկայ Հինգշաբթի օրուան մեր թիւով։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ
ՊԱՏԳԱՄԸ՝ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ
Այս պահուն, երբ Ս. Ծննդեան աւանդական մեր ընթրիքի երեկոն կը հասնի իր աւարտին, անգամ մը եւս փառք կու տամ Աստուծոյ, որ մեզի պարգեւեց 2018 պատմական տարին յաջողութեամբ ամբողջացնելու եւ նոր տարի մը դիմաւորելու շնորհքը, զոր կ՛ընկալենք իբրեւ Իր արարչական սիրոյն եւ հոգածութեան արտայայտութիւնը, միաժամանակ կ՛ընդունինք իբրեւ հրաւէր մը՝ աշխատանքի լծուելու անցեալ տարիներու իրագործումներուն հիմնաքարով՝ նորն ու աւելի արդիւնաւորը կերտելու պատրաստակամութեամբ։
Երախտագիտութեան ու շնորհաւորանքի յատուկ խօսք ունիմ Ս. Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր հայրապետական պատգամով ու բարեմաղթութիւններով դարձեալ մեզի հետ եղաւ այս երեկոյ։
Տօնական օրերուն առիթով, շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքներու խօսք ունիմ հոգեւոր եղբայրներուս, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, թեմիս Ազգային վարչութեան, Հայաստանի ու Լիբանանի պետական ներկայացուցիչներուն, հայկական կազմակերպութեանց, միութեանց, մամուլի, ուսումնական ասպարէզի անդամներուն, ծխական շրջաններու ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն, մեր բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնք մեզի հետ են այսօր ու տարուան ընթացքին, զօրակից են ու լծակից մեր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։
Այսօր, սիրելիներ, հոգեկան ցն-ծութիւն կ՛ապրինք, անգամ մը եւս յիշելով, որ Աստուած մեծագոյն շնորհք մը՝ Իր Միածինը իբրեւ պարգեւ տուած է մարդուն, որպէսզի ան իր ուսերուն առնէ մեր մեղքերը եւ մեզի բերէ յաւիտենական կեանքի խոստումը։ Տակաւին, Ս. Ծննդեան տօնը իւրաքանչիւր տարեմուտի բոլորիս կը յուշէ այն անհուն սէրն ու ողորմածութիւնը, որ մարդուն իբրեւ գերագոյն ընծայ տրուած է Արարիչին կողմէ։ Այդ պարգեւը՝ լուռ ու խաղաղ գիշեր մը, Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ աշխարհ եկած Յիսուս Մանուկն էր՝ Աստուածորդին։ Ան բոլորիս Հայր Աստուծոյ կողմէ աշխարհ առաքուած էր, որպէսզի Արարիչէն հեռացած մարդը վերստին մօտեցնէ Երկնաւոր Հօր, վերահաստատէ երկնատուր օրէնքը, վերանորոգ եւ ամուր կամուրջ մը դառնայ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ։ Ան եկած էր մեղաւորին յիշեցնելու, որ Աստուած սիրող ու ներող հայր է, համբերող ու երկայնամիտ, մեզմէ ունի մէկ հիմնական սպասում. կը սպասէ, որ հաւատարիմ ըլլանք իր պատգամներուն եւ ցոյց տուած ուղիին, աստուածահաճոյ ու Իր պատկերին հարազատ կեանք մը ապրինք։ Ս. Ծննդեան տօնը իրաւա՛մբ վկայութիւն մըն է այն հաւատարմութեան, որ Աստուած ցուցաբերած է իր ստեղծագործութիւններէն կատարելագոյնին՝ մարդուն հանդէպ, եւ այդ հաւատարմութիւնը պատմութեան մէջ արձանագրուած եւ արտայայտուած է դարէ դար, մարգարէներու եւ սրբազան նահապետներուն միջոցով, անոնց ուսուցումներով։
Անժամանցելի պատգամը այսօ՛ր ալ կը հնչէ մեզի համար, որպէսզի ամէն օր անդրադառնանք մեր վայելած աստուածատուր բարիքներուն, ամո՛ւր պահենք Յիսուս Մանուկին միջոցով վերահաստատուած կամուրջը, մեր աչքերը սեւեռենք Բեթղեհէմի մսուրին ու անոր վերեւ ծագած փայլուն աստղին, որ բոլորիս ցոյց կու տայ սիրոյ, հաճութեան, խաղաղութեան, հաւատքի, հաւատարմութեան, իրերօգնութեան եւ խոնարհ ու համեստ նկարագիրի ուղին։
Այս երեկոյ, երբ Ս. Ծննդեան տօնին բազմաթիւ խորհուրդներով տոգորուած, անգամ մը եւս համախմբուած ենք այս սրահին մէջ, զիրար կը շնորհաւորենք ու ամենայն բարիք կը մաղթենք բարեյաջող նոր տարուան մը համար, գիտակից ենք նաեւ, որ անցեալ տարուան օրերը մեզի բերին ուրախ եւ տխուր օրեր։ Մեր սեփական յարկերուն ու գործի ասպարէզներուն, ինչպէս նաեւ հայկական մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններն ու բարեշրջումները ուրախութիւն պատճառեցին անկասկած, սակայն նաեւ ունեցանք կորուստներ ու ցաւ պատճառող պատահարներ, որոնք յուզում եւ խռովք պատճառեցին բոլորիս, անհատապէս թէ իբրեւ անդամները հայութեան մեծ ընտանիքին ու մարդկային ընկերութեան։ Կ՛աղօթենք մեր բոլոր ննջեցեալներուն յիշատակին։ Այս գիտակցութեամբ է որ կը թեւակոխենք նոր տարին, Աստուծմէ խնդրելով, որ ցաւն ու վիշտը հեռու պահէ բոլորէս, աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն, Ս. Ծննդեան տօնի պատգամը մնայուն եւ տիրական պահէ մեր հայրենիքն ու աշխարհը կառավարող պատասխանատուներու սիրտերուն ու աշխատանքի դաշտերուն մէջ։
Սիրելիներ,
Աւարտող տարին բազմաթիւ պատճառներով եղաւ պատմական։ Մեր թեմը միացաւ ողջ հայութեան ցնծութեան, տօնախմբելով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100րդ տարեդարձը։ Սա առիթ մը եղաւ վերստին ոգեկոչելու յիշատակը այն սերունդին, որ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ծանր արհաւիրքէն միայն 3 տարի ետք, գրեթէ ոչինչէն շօշափելի իրականութեան վերածեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, անոր համար Սարդարապատի եւ այլ ճակատամարտերու մէջ վճարեց արիւնով ու նահատակներու կեանքով, որպէսզի մեզի ժառանգ հասցնէ անկախութիւն կոչուած արժէքը, մեր ժողովուրդին մէջ վերականգնելով ազատատենչութեան այն կամքը։ Այդ կամքը թռիչք առած է Հայկ Նահապետի օրերէն սկսեալ, կտրելով հաւատքի ու հայրենիքի համար գերագոյնը զոհաբերելու Աւարայրի եւ հետեւող հանգրուանները։ Հայաստանի հանրապետութեան 100ամեակը յուշարար մը եղաւ մեր ունեցած ազգային անգերազանցելի արժէքներուն ու զանոնք վերահաստատած սերունդի անժամանցելի պատգամներուն, եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. մեր մայր հայրենիքը անցեալ տարուան կէսերուն բեմ դարձաւ բարեշրջական շարժումի մը, որուն մէջ կ՛ուզենք տեսնել, պէ՛տք է տեսնենք ամրապնդումը այն երթին, որ իբրեւ մեկնակէտ ունեցաւ հայութեան ազատագրական պայքարը, ազատատենչութեան ու ինքն իր ճակատագիրը կերտելու ուղին։ 2019ի սեմին, ու նորընտիր Ազգային ժողովի աշխատանքներուն սկսման նախօրեակին, իւրաքանչիւր հայորդի առանց վարանումի կը ցանկայ, որ բարեշրջական երթը շարունակուի աննահանջ, եւ ինչպէս մեր անհատական ու հաւաքական կեանքի իւրաքանչիւր ուղիին, նոյնպէս ալ մեր հայրենիքին մէջ սիրոյ, խաղաղութեան, հաճութեան, հանդուրժողութեան եւ մանաւանդ իրարու ձեռք մեկնելու տրամադրութիւնները ըլլան տիրապետող։ Մեր մաղթանքն է մանաւանդ, որ աշխարհի բոլոր օճախներէն հայութեան ձեռքերը աւելի պատրաստակամ կերպով երկարին դէպի հայրենիք, հայրենի պետութեան ու ժողովուրդին հետ գոյութիւն ունեցող կամուրջները աւելի եւս ամրապնդուին, վասն պայծառութեան մեր հայրենիքին ու բարգաւաճման մեր ժողովուրդին, վասն պաշտպանութեան Արցախի ու մեր բոլոր սահմաններուն։
2018 տարին եղաւ նաեւ յիշատակումի տարի մը հայկական մեր կեանքը լուսաւորած երկու միաւորներու դիտանկիւնէն. ՀՄԸՄը լրումին հասցուց իր գործունէութեան առաջին դարը եւ անցեալի իրագործումները բազմապատկելու կամքով վճռեց շարունակել նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը, զայն մարմնով ու մտքով առողջ պահելու հիմնադիրներուն յանձնառութեամբ։ Համազգայինը տօնեց իր 90րդ տարեդարձը, յիշեցնելով, որ մեր մշակոյթը ինչպիսի մեծ ու անփոխարինելի տեղ ունեցած է մեր պատմութեան մէջ, այդ դերը տիրական է նաեւ այսօր, երբ կը կանգնինք այլասերող հովերու դիմաց։ ՀՄԸՄը եւ Համազգայինը միայնակ ծաղիկներ չեն հայութեան անդաստաններուն մէջ. անոնց կողքին բարեբախտաբար ունինք բազմաթիւ միութիւններ, գլխաւորութեամբ ՀՅԴին, որոնք իրենց թանկարժէք ներդրումը կ՛ունենան ի նպաստ հայկական կեանքի ծաղկումին եւ Հայ Դատի իրագործման ճանապարհին։
Ինչպէս ծանօթ է, վեհափառ հայրապետը 2019 տարին նուիրած է Հայ Մամուլին։ Այս առիթով, կը շնորհաւորեմ մեր գաղութի մամուլին «նահապետը»՝ «Ասպարէզ» օրաթերթը, որ անցեալ տարի տօնեց իր 110րդ տարեդարձը, մաղթելով, որ անիկա իր ճանապարհը շարունակէ աննահանջ։
Արեւմտեան մեր թեմին համար, անցեալ տարին առանձնապէս եղաւ յոբելենական հանգրուան մը. տօնեցինք թեմի հաստատման 45րդ տարեդարձը, յիշելով, որ այդ քայլը հանդիսացած էր ընդարձակումը այն առաքելութեան, որ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ սկիզբ առած էր անկէ 15 տարի առաջ, երբ 1958ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյս հովանին տարածուած էր ամերիկեան ցամաքամասին վրայ, բաւարարելու համար մեր ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական ու ազգային կարիքները։
Տարեդարձներն ու յոբելենական հանգրուանները, սիրելիներ, ցնծութեան եւ հպարտութեան զգացումը ապրելու պահեր են, սակայն նաեւ անկէ շա՛տ աւելին են, ըլլալով յանձնառութեան եւ ուխտի վերանորոգութեան հրաւէր։ Մենք առիթ ունեցանք պահ մը կանգ առնելու եւ արագ ակնարկ մը նետելու այն իրագործումներուն վրայ, որոնք մարմին առին անցեալ 45 տարիներուն։ Ուրախ ենք, որ այսօր, մեր ժողովուրդի թիւին յաւելումին ընդառաջ՝ մեր եկեղեցիները բազմացած են, մեր դպրոցներուն թիւը բազմապատկուած է, հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան դաշտերը ընդարձակուած են։ Անձնապէս հոգեկան գոհունակութիւն կ՛ապրիմ, որ այս գանձանակին մէջ լումայի մը ներդրում ունեցած եմ, սակայն նաեւ չեմ մոռնար, որ կատարուած իրագործումները արդիւնք են հաւաքական աշխատանքի, Ազգային Երեսփոխանական ժողովին, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան եւ ընդհանրապէս ժողովականութեան հետ միասնաբար մշակուած ծրագիրներու եւ ձեռք ձեռքի գործելու պատրաստակամութեան։ Ազգային առաջնորդարանս իբրեւ գործակից եւ լծակից ունեցած է նաեւ մեր եկեղեցիները, Ազգային վարժարանները, հայկական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, արհեստավարժ միաւորներ, մեր բարերարներն ու ծրագիրներուն հովանաւորները։ Եթէ յաջողութիւններ արձանագրած ենք, կասկած չունիմ, որ անիկա եղած է սիրոյ, համերաշխութեան ու գործակցութեան այն ոգիով, որ կը բխի Ս. Ծննդեան տօնին ու Աստուածորդւոյն երկրաւոր առաքելութեան պատգամներէն։ Մեր աշխատանքները հոս չեն կանգնիր։ Գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ մեր դիմաց կը տարածուին եկեղեցաշինութեան ու դպրոցաշինութեան նոր ծրագիրներ, որոնք կը ծնին մեր թեմական համայնքի աճող կարիքներէն։ Եւ եթէ տօնական այս օրը պահն է շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ Իր բոլոր պարգեւներուն համար, այս երեկոն նորագոյն առիթ մըն է, սիրելիներ, շնորհակալութիւն յայտնելու մեր բոլոր գործակիցներուն, լծակիցներուն ու բարերարներուն, որոնց հետ պիտի շարունակենք 45 եւ աւելի տարիներ առաջ սկսած երթը եւ Աստուծոյ կամքով իրականութիւն պիտի դառնան այն բոլորը, որոնք այսօր կը գտնուին ծրագիրներու ցանկին վրայ։ Այս մօտեցումով ալ, 2019ի տարեմուտի այս օրերը թող բոլորիս առիթ ծառայեն մեր աչքերը ուղղելու դէպի լուսաւոր ապագայ, չբաւականանալու անցեալի իրագործումներով, այլ վերահաստատենք կերտուած շէնքերուն վրայ նոր յարկեր աւելցնելու յանձնառութիւնն ու յաջողութիւնը։
Խօսքիս սկզբնաւորութեան, յիշատակում կատարեցի անցեալ տարուան ընթացքին մեզի ուրախութիւն ու տրտմութիւն պատճառող զարգացումներու։ Սա պահուն, կ՛ուզեմ յատկապէս յիշել մեր եկեղեցւոյ ու հաւաքական կեանքին նուիրեալ կարգ մը ծառայողներ, որոնք առյաւէտ բաժնուեցան մեզմէ։ Թող Աստուած օրհնէ բոլորին յիշատակը։ Անոնց շարքին էր Քըրք Գապագլեանը, որ տարիներէ ի վեր լուռ բայց ոչ համեստ ծառայութիւններ մատուցած է Ազգային առաջնորդարանիս եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Ազգային առաջնորդարանիս նոր շէնքի ծրագիրին իրականացման առաջին օրերէն ան իր օգտակարութիւնը ունեցած է եւ քրիստոնէավայել ընթացքով՝ լուսարձակներէ հեռու եւ բոլորանուէր պատրաստակամութեամբ ծառայած է նուիրումով ու հաւատքով։ Կը հրաւիրեմ հանգուցեալ Քըրքի զաւակը, Յովսէփը, որպէսզի ստանձնէ գնահատանքի յուշանուէր մը։
Յարգանքով ու սիրով կ՛ուզեմ նաեւ յատկապէս յիշել աւարտող տարուան ընթացքին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած, սակայն իր լաւ յիշատակներով մի՛շտ մեզի հետ մնացող՝ Ազգային առաջնորդարանիս բարեկամն ու ազգային բարերարը՝ Յակոբ Շիրվանեանը, որուն կեանքը եղաւ նուիրաբերում Ազգային առաջնորդարանիս, մեր թեմի հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց, ինչպէս նաեւ մեր հայրենիքին։ Անցեալ տարի, այս երեկոյին, հանգուցեալ Մինա Շիրվանեանը յիշատակեցինք ու Յակոբին յանձնեցինք անոր նուիրուած յուշանուէրը։ Այսօր, անոնց դուստրը ու փեսան՝ Ալիս եւ Վահիկ Պետրոսեանները, ինչպէս նաեւ Յակոբին քոյրը Սավի Թիւֆէնքեանը կը հրաւիրեմ, որպէսզի ստանձնեն Յակոբ Շիրվանեանի վաստակին գնահատման յուշանուէրը։
Այստեղ պարտք կը զգամ ողջունելու եւ գնահատելու Ազգային առաջնորդարանիս բարերարուհիներէն եւ անցեալ տարուան մեր ընթրիքի երեկոյի գլխաւոր հովանաւոր տիկին Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեանը, որ այս տարի, իշխանական նոր նուիրատուութեամբ մը կը զօրակցի մեր առաքելութեան։ Տիկին Անահիտը կը կատարէ 100,000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը, որ պիտի յատկացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Ազգային առաջնորդարանիս եւ մեր եկեղեցիներուն։ Կը հրաւիրեմ տիկին Անահիտը, եւ իր դուստրը Սիլվին, որ ստանձնեն յատուկ յուշանուէր մը։
Յարգանքով ու երախտագիտութեամբ յիշենք Ազգային առաջնորդարանիս, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին բարերարներէն Յակոբ Պաղտասարեանը, որուն ընտանիքը այսօր մեզի հետ է իբրեւ ընթրիքի մեր երեկոյին գլխաւոր հովանաւոր։ Յակոբ Պաղտասարեանի բարեկամութիւնն ու բարերարութիւնը վայելած ենք տարիներ շարունակ։ Անոր շարունակուող բարիքներէն մէկն ալ այն է, որ իր բարեսրտութիւնն ու ազգին նուիրաբերելու ազնիւ հոգին լիարժէքօրէն աւանդ թողած է իր տիկնոջ ու զաւակներուն, որոնց Ազգային առաջնորդարանիս այսօրուան ու անցեալի նուիրաբերումները պերճախօս վկայութիւն են Յակոբին ազգանուէր ծառայութեան շարունակումին։ Շնորհակալութիւն Պաղտասարեան ընտանիքին, իր 100,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեան համար, եւ կը հրաւիրեմ տիկինը՝ Հիլտան ու զաւակները՝ տէր եւ տիկին Փիթըրը եւ Ռուպին եւ տէր եւ տիկին Գեւիկը եւ Փաուլան՝ իրենց զաւակներով, որպէսզի ստանձնեն մեր գնահատանքն ու յարգանքը արտայայտող յուշանուէրը։
Այս երեկոյ, նաեւ գնահատանքով կ՛ողջունեմ մեր բարերարներէն ու ազգի ծառայողներէն Վարանդ Մելքոնեանը եւ իր տիկինը՝ Հուրին, որոնք յառաջիկայ տարուան մեր ընթրիքի երեկոյին գլխաւոր հովանաւորներն են։ Կ՛ուզեմ նաեւ շնորհաւորել Վարանդը, որ անցեալ ամիս տօնեց իր ծննդեան 60րդ տարեդարձը եւ շնորհակալութիւն յայտնել որ, ամոլին փափաքով, այդ առիթով կատարուած նուիրատուութիւնները, ցարդ աւելի քան 50,000 տոլար, յատկացուեցան Նորթ Հոլիվուտի մեր եկեղեցւոյ շինութեան հիմնադրամին։
Սիրելիներ,
Յոբելենական տարուան յաջորդող տարին կ՛ըլլայ խոստմնալից տարի մը, որովհետեւ անմիջականօրէն կապ կ՛ունենայ մշակուած ծրագիրներուն առաջին քայլերուն հետ, ու ծանօթ իրականութիւն է, որ մեկնարկ մը միշտ աւելի ճիգ կը պահանջէ, քան սկսուած գործ մը շարունակելը։ Ահաւասիկ այս կամքով ու յոյսերով կը դիմաւորենք նոր տարին ու յառաջիկայ փուլը։ Ուրեմն, նոր երազներու եւ հայկական կեանքի ընդհանուր բարգաւաճման յոյսերով անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորդ, այս սրահին մէջ գտնուողներդ թէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, Հայաստանի եւ սփիւռքեան օճախներուն մէջ։ Կը մաղթեմ, որ ողջ հայութեան, մեր ծխական շրջաններուն, վարժարաններուն, հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց, Ազգային առաջնորդարանիս բարեկամներուն ու բարերարներուն համար, 2019 տարին ըլլայ յաջողութիւններով լի տարի մը, յառաջիկայ տարուան իւրաքանչիւր օրը ապրինք Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնի խորհուրդներով տոգորուն, գործենք փոխադարձ սիրով, հաճութեամբ, յարգանքով, պարկեշտութեամբ, անկեղծութեամբ, համեստութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով, հաւատարիմ մնալով Երկնաւոր Հօր պատգամներուն ու մեր պատմութենէն մեզի հասած աւանդներուն։
Տօնական այս օրերուն, եւ տարուան իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին, մեր սիրտերն ու միտքերը թող բաց մնան անժամանցելի հրաւէրին առջեւ։ Յիշենք, որ Յիսուս աշխարհ եկաւ ո՛չ միայն մարդուն տրուած Աստուծոյ խոստումը իրականացնելու, այլ անոր կեանքը եղաւ Երկնաւոր Հօր պատգամներուն կիրարկումը եւ իբրեւ անժամանցելի պատգամ ամրագրուեցաւ մարդկութեան պատմութեան մէջ, հասած է նաեւ մեզի։ Անոր կեանքը եղաւ ծառայութիւն մարդկութեան եւ սէր բաժնեց բոլորին։ Այս իմաստով, Պետրոս Առաքեալի բառերը հրաւէր են բոլորիս, երբ ան քրիստոնեաներուն ուղղուած ընդհանրական իր նամակին մէջ կոչ կ՛ընէ. «Մեր Տիրոջ եւ փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովն ու գիտութեամբը աճեցէք» (Բ. Պետրոս, 3։18)։ Մենք ալ, սիրելիներ, աճինք իր շնորհքով ու գիտութեամբ եւ իր օրինակով ու պատգամներով առաջնորդուինք։ Այսօր եւ միշտ, մեր կեանքը կերտենք սիրով ու ծառայութեամբ, եւ այս մօտեցումով փորձենք գերազանցել զիրար եւ ապրինք աստուածահաճոյ կեանք մը, արժանի ըլլալու համար յաւիտենական կեանքին, որ մարդուն տրուեցաւ իր երկրաւոր առաքելութեամբ։
Եկէ՛ք, ուրեմն, աղօթենք, որ Աստուած օրհնէ մեր երթը, իր օրհնաբաշխ Ս. Աջը հովանի պահէ մեր ծառայութեան բոլոր անդաստաններուն վրայ ու ընծայէ մեր հաւաքական երազները իրականութեան հասցնելու առիթները։
Այս խորհրդածութիւններով եւ բարի մաղթանքներով, ու հրեշտակներուն երգերուն ձայնակցելով գոչենք՝ ըսելով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» ու զիրար շնորհաւորենք ըսելով՝
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի։
Շնորհաւոր նոր տարի եւ բարի երթ բոլորիս։
Օրհնեալ ըլլաք, եւ Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր ազգը, Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի։ Ամէն։
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ
Միացեալ Նահանգներու
Արեւմտեան Թեմի
6 Յունուար 2019