Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը՝ ըստ աւանդութեան, կազմակերպած էր ամանորի խրախճանքը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019ին, Պըրպենքի «Արպաթ» շքեղ ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էին շուրջ 350 անձեր: Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առիթով հրաւիրուած էին ՀՕՄի մասնաճիւղերու անդամները:
Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան եւ ատենադպիր Ռիթա Հինդլեան, Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Գարմէն Օհանեան, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի նախագահ Մարիա Միհրանեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ Նորա Չափարեան եւ դոկտ. Սիւզի Օհանեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեդա Սիմոնեան եւ անդամ Վիլմա Գույումճեան: Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ շրջանէն այլ հիւրեր եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան. ներկաները ողջունելէ ետք, ան շնորհաւորեց 2019 Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի մասնաճիւղերուն՝ եռանդուն եւ գործնական աջակցութեան ու տարիներու ընթացքին կատարուած կամաւոր աշխատանքին համար:
Անակնկալ էր Ս. Փօլատեանի յայտարարութիւնը, թէ Ապրիլ 2019ի, Կլենտէյլի YWCA-ը պիտի պարգեւատրէ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան շրջանը Heart & Excellence Award մրցանակով:
Ս. Փօլատեան նաեւ յայտարարեց, թէ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը իր հիմնադրութեան 35ամեակը մեծ շուքով պիտի նշէ Շաբաթ. 9 Մարտ 2019ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, ուր պիտի մեծարուի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ճասիկ Ջարահեանը: Կալա 35ամեակի նպատակն է՝ օժանդակել շրջանի կարիքաւոր ընտանիքներուն:
ՀՕՄի մասնաճիւղերը, խանդավառուած այս տօնական եւ ուրախ մթնոլորտէն՝ 35ամեակի նուիրուած Կալայի մեկնարկը սատարելու նպատակով, լիաբուռն մասնակցութեամբ ապահովեցին տոմսերը եւ մոմավառութեան հովանաւորութիւնը: Խրախճանքին ընթացքին ժամանեց կաղանդ պապան եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ սիրուած երգիչ Վարանդ Աւանէսեանի կատարողութեամբ:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր անձնուէր անդամներով, նուիրեալ ծառայութիւններ կը մատուցէ հայ ժողովուրդին, որուն անդամները նուիրումով եւ հաւատքով կը տանին հայապահպանման սրբազան այս մարդասիրական առաքելութիւնը: Տարին նոր լրացաւ ու նոր սկսող տարուան հետ շարունակենք ծառայական աշխատանքը:
ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 25 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, չորս նահանգներու մէջ գործող առաւել քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, հոգեբանական կեդրոն, միօրեայ վարժարաններ, կը հովանաւորէ զանազան պատանեկան-երիտասարդական ծրագիրներ, կը տրամադրէ կրթական եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, հաճեցէք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը կամ հեռաձայնեցէք (818) 500-1343 թիւին: