ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ դաշնակից ուժերը 10 Յունուարին համաձայն գտնուած են հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները դնել ահաբեկչական «Ճապհաթ Նուսրա»ի այսպէս կոչուած «փրկութեան կառավարութեան» վերահսկողութեան տակ:
Թուրքիոյ դաշնակից ուժերու աղբիւրները «Մայատին»ին յայտնեցին, որ համաձայնութիւնը գոյացած է իսլամ ծայրայեղականներու «Ճապհաթ Նուսրա»ին կողմէ ներկայացուած՝ նշեալ շրջանները կամաւոր կերպով յանձնելու պայմանաժամէն անմիջապէս առաջ, զինեալ ընդհարումի մը առաջքը առնելու նպատակով։
«Ճապհաթ Նուսրա»ն սպառնացած էր զինուորական լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծել եւ այդ շրջանները բռնի ուժով խլել:
Ըստ համաձայնութեան՝ որեւէ կողմ որեւէ շարժում չի կատարեր առանց «Ճապհաթ Նուսրա»ի ղեկավար Ճուլանը տեղեակ պահելու:
Ըստ տեղեկութեանց՝ Թուրքիոյ դաշնակից ուժերը պիտի պահպանեն միայն քանի մը զինուորական դիրքերը եւ որեւէ ծանր զէնք պիտի չտեղափոխեն՝ առանց «փրկութեան կառավարութիւն»ը տեղեակ պահելու:
Համաձայնութիւնը Թուրքիոյ դաշնակից ուժերուն կ՛արգիլէ «Ճապհաթ Նուսրա»ի գտնուած վայրերուն մէջ զինուորական ներկայութիւն ունենալ։
«Մայատին»ը կը նշէ, թէ այսպիսով իրականացած է Իտլիպի մէջ իսլամական էմիրութիւն հաստատելու «Ճապհաթ Նուսրա»ի երազը, իսկ Անգարա այսպիսով ձախողած է Սոչիի համաձայնութիւնը գործադրել՝ հակառակ շրջանին մէջ իր ունեցած հսկողութեան կէտերուն, որոնք այժմ փաստօրէն վերածուած են «Ճապհաթ Նուսրա»ն պաշտպանող կէտերու:
Յատկանշական է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու նոյն օրը յայտարարած էր, որ ահաբեկիչներուն պէտք չէ արտօնել լեցնել այն բացը, որ պիտի գոյանայ ամերիկեան ուժերու հեռացման պատճառով, ակնարկելով քրտական ուժերուն։
Ըստ երեւոյթին, «Ճապհաթ Նուսրա»ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չի նկատուիր Անգարայի կողմէ։