ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշին Ատրպէյճանի դէմ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) ներկայացուցած հայցին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հրապարակած է:
Լափշին կը յայտնէ, թէ դատարանը որոշում տուած է, որ «Պաքուի բանտին մէջ իմ դէմս իրականացած մահափորձին եւ չարչարանքներուն մասին» իր ներկայացուցած փաստերը բաւարար են Ատրպէյճանի դէմ դատը սկսելու համար:
Առանց Պաքուի արտօնութեան Արցախ այցելելուն համար Պաքուի «սեւ ցանկ»ին վրայ դրուած Լափշին ձերբակալուած էր 2016ին, Պելոռուսի մէջ, որ 2017ի Լափշինը արտայանձնած էր Ատրպէյճանին: Պաքուի մէջ ան դատապարտուած էր 3 տարուան բանտարկութեան, սակայն 7 ամիս բանտարկուած մնալէ ետք ներում ստացած էր նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ: