ԿԱԶԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- 11 Յունուարին, իսրայէլացի զինուորներ բռնագրաւեալ եւ շրջապատուած մնացող Կազայի սահմանին վրայ 43ամեայ պաղեստինցի կին մը եւս սպաննեցին եւ վիրաւորեցին տասնակ մը ուրիշներ, անցեալ շաբաթ սկսած եւ ամէն Ուրբաթ տեղի ունեցող պաղեստինցիներու ցոյցերուն ընթացքին, որոնց նպատակն է դատապարտել մօտաւորապէս 2 միլիոն պաղետսինցիներու Կազայի մէջ բանտարկուած պահելու իսրայէլեան քաղաքականութիւնը։
Նշենք, որ իսրայէլացի զինուորներ այս ցոյցերուն ընթացքին ցարդ առնուազն 241 պաղեստինցիներ սպաննած են, ներառեալ՝ երեխաներ եւ կիներ։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի խորհրդարանի (Քնեսեթի) նախագահ եւ իշխող «Լիքուտ» կուսակցութեան անդամ Եուլի Էտըլշթայն յայտնեց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման համար առաջադրուած «երկու պետութիւն» տարազը դարձած է ժամանակավրէպ եւ քաղաքական ներկայ կացութեան չյարմարող:
«Պէտք է հիւսիսային եւ հարաւային ճակատներու վրայ պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ՝ համակեցութեան եւ գործակցութեան վրայ մեր աշխատանքին զուգահեռ», ըսաւ ան՝ նշելով. «Երկու պետութիւններու մասին բոլոր այդ յայտարարութիւնները, եւ թէ միակ լուծումը երկու պետութիւններն են, պարզապէս գործի չեն ծառայեր»:
Ան նոյն ժամանակ վերահաստատեց Սուրիոյ մէջ իրանեան որեւէ ներկայութիւն մերժող իր երկրին կեցուածքը:
Քնեսեթի նախագահը յայտնեց, որ «կը շարունակէ Իսրայէլի մէջ հրեաներու եւ արաբներու միջեւ իսկական համակեցութեան կարելիութեան հաւատալ»: