ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Տիեզերքի գոյառման պատճառ հանդիսացած գերագոյն զգացումը, աստուածային անապակ սէրն է, որուն զեղման արդիւնքն է այս աշխարհը իր գոյերով: Անխառն այս սիրոյ նմանակը նոյնիսկ երեւակայել հնարաւոր չէ, ո՛չ ալ անոր մօտաւոր օրինակը մատնացոյց ընելու կարողականութիւնը ունինք այս կեանքին մէջ:
Սիրոյ տեսակները, խոստովանուածներն ու պղատոնական շրջազգեստով ներկայացողները, չեն կրնար տարազաւորել աստուածային սիրոյ օրինակը, որուն անչափելիութիւնը հաւանաբար Անոր ստեղծած տիեզերքին մէջ չի պարփակուիր:
Յորդառատ այս սէրը, միանգամընդմիշտ պիտի չաւարտէր իր կողմէ սկսած ստեղծագործութիւնը, որովհետեւ աղբիւրը կը յատկանշուի իր հոսուն ջուրերուն զուլալ թարմութեամբ, յագեցնելու մարդկութեան ընդհանրական պապակը կամ ոռոգելու՝ կեանքի արգասաբեր դաշտերը:
Անմահութեան այս Աղբիւրը սիրով ժայթքեց եւ ողողեց անգոյութենէն գոյի եկած տիեզերքին քաոսը, բանական էակի իմաստաւոր ներկայութեան շունչը փչելով անոր կեղեւին վրայ: Հողէն ստեղծուած մարդը, հողին հետ պիտի շաղախէր իր քրտինքը, նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ այսօրուան թուայնացած դարու գլխապտոյտ պատճառող գիւտերու ժամանակաշրջանը, իր ահեղավազ ընթացքով:
Յանցանքի պարագային զգացուած վախը Աստուծմէ, ապա կրօնական սքեմաւորումով ընծայուած յարգանքը՝ ուղղուած Արարչին, մինչեւ իսկ անաստուածեան հակակրօնութեամբ արտայայտուած արգահատանքը Գերագոյնին նկատմամբ, չկրցան բացատրել շարք մը գերմարդկային երեւոյթներ այս կեանքին մէջ:
Աստուած իր սիրով, եւ իր ստեղծագործութեան հանդէպ ողորմածութեամբ լուսաբանեց մթութեան մէջ մոլորած եւ խաւարին մէջ խարխափող մարդ էակը:
«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ» (Ել 20.2), «Աստուած մեզի հետ է» (Մտ 1.23), «Մի՛ վախնաք, ես եմ» (Հմմտ. Մր 6.50) եւ նման բազմաթիւ ինքնայայտնութիւնները Արարիչին, չըմբռնուեցան դժբախտաբար մարդ էակին կողմէ, ու ան շարունակեց իր ինքնակործան գահավէժ ընթացքը, չարին գայթիչ սադրանքներուն կամակոր, նմանին հանդէպ վայրենական կամ թշնամական, իսկ ցոփութեան կեանքին մէջ տռփական կիրքերուն անձնատուր: Սակայն, անմահական սիրոյ Աղբիւրը չի՛ կրնար ցամքիլ: Նոյն աղբիւրին ստեղծագործութիւնը աւարտ չունենալով, առյաւէտ պիտի ոռոգէ իր ցանկապատած անդաստանը մարդկային կեանքին:
Եւ ստեղծագործութիւնը շարունակուեցաւ փրկագործութեամբ: Միածին Որդիին աշխարհ գալոցի ամբողջ պատմութիւնը, որ մարդկութեան կեանքը դէպի Աստուած վերուղղեց, առաջինն էր տիեզերքի մէջ, իբրեւ աննախընթաց եւ անկրկնելի իրողութիւն:
«Ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ» (Հմմտ. Ղկ 2.11) աւետիսը հրեշտակներուն կողմէ, սովորական մարդոց չտրուեցաւ, այլ մաքրակրօն հովիւներուն, որոնց իսկական տեսակի բացակայութեան հետեւանքով է որ կը տառապի աշխարհը ու կը տնքայ իր մեծ ցաւին պատճառով: Միւս կողմէ, մարդկութիւնը վերածուեր է անհովիւ հօտի: Իրավիճակ, որուն համար ցաւ զգաց պահ մը նոյնիսկ Յիսուս ինք (Հմմտ. Մտ 9.36):
Մաքրասիրտ հովիւներուն եւ անոնց արածած հօտերուն պատկերը միշտ օգտագործուած է Յիսուսի կողմէ, անոր աստուածախօս առակներուն մէջ: Հովիւի եւ հօտի պատկերը փոխաբերական իմաստով կրօնին նախատիպը կը պատկերացնէ: Կրօնը աշխարհի անծայրածիր դաշտերուն մէջ բջիջ կազմած՝ իր շուրջ կը հաւաքէ հետեւորդներու ստուար բազմութիւններ, աստուածապաշտութեան գովելի կեանքով:
Քրիստոս կառուցեց իր խորհրդական մարմինը՝ եկեղեցին, այսինքն հաւատացեալներուն խումբը, երկինքի արքայութեան յոյսը ցանելով մեր հոգիներուն մէջ: Կրօնի միջոցով առ Աստուած ուղղուած աղօթքն ու հայցը, սէրն ու յարգանքը, յոյսն ու վստահութիւնը, զսպանակիչ դեր ունին աշխարհի ամէնէն անզուսպ «գազանին»՝ մարդուն համար:
Ներկայ դարաշրջանին, կրօնին առաքելութիւնը, վախճանաբանական իմաստով հոգիներու փրկութեան համար կատարուած մեծ աշխատանքէն բացի, մարդոց միջեւ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան ցուցանիշով, եւ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու մարտահրաւէրով կ՛ամրագրուի: Յատկապէս մեր Տիրոջ խաղաղութիւնը, որ Ան խոստացաւ իր աշակերտներուն (Հմմտ Յհ 14.27), սեփականութիւնը դարձաւ իր բոլոր հետեւորդներուն: Ուստի իւրաքանչիւր անձ պարտաւոր է խաղաղութիւն սերմանել, եթէ հաւատարիմ է կրօնի ուսուցումներուն:
Դարեր առաջ Եսայի մարգարէն բարձրաձայներ էր, թէ Աստուած մեզի հետ պիտի ըլլայ (Հմմտ Ես 7.14): Ուրեմն, բաւարար է, որ հաւատացեալները պայքարին յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան, զգալու համար Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կողքին:
Աշխարհի Լոյսը՝ Քրիստոս, խոնարհ մսուրի անշուք պայմաններուն մէջ, մանկական դէմքէն բխող անմեղութեամբ, խաղաղութեան պատուէրը տուաւ մարդկութեան: Դեռ անբարբառ մանուկ մը ըլլալուն պատճառաւ, անոր փոխարէն իր երկնային զօրքը երգեց խաղաղութեան երգը յաւերժական՝ «…եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Հմմտ Ղկ 2.14):
Իր անհատական հոգերով ծանրաբեռն, եւ գործի ասպարէզին մէջ բրածեծի ենթարկուելով ու յուսահատելով կքող մարդուն այնպէս կը թուի յաճախ, թէ ինք որբ է այս աշխարհի մէջ: Պայմաններու բերումով մինակ կը մնայ մարդը, ճի՛շդ է: Անիրաւ մամոնայի եւ մասնաւոր շահի չգոյութեան հետեւանքով կը դատարկուի ամենալաւ մարդուն շրջապատը, ճի՛շդ է:
Պատերազմական ու անապահով վայրերու մէջ իր հարազատները կորսնցնելով, անտէր ու անպաշտպան կը մնայ մարդը, ճի՛շդ է: Հիւանդութեան բերումով կը հեռանայ ընկերական շրջապատէն եւ առանձինն կ՛ըմպէ դառնութեան բաժակը, ճի՛շդ է: Սակայն այս եւ բոլոր նման պատճառները չե՛ն կրնար որբացնել մարդը, երբ անոր ապաւէնը Էմմանուէլն է: Այսինքն՝ Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալու բացառիկ առանձնաշնորհը երբ տրուած է մեզի, կը նշանակէ, որ մենք բնաւ չե՛նք որբանար, նոյնիսկ մեր կեանքի ամէնէն դառն օրերուն:
Թօթափեցէ՛ք որբութեան ցնցոտին ձեր ուսերէն, որովհետեւ ատիկա վախկոտ մարդու տպաւորութիւն կը թողու ձեզի տեսնողներուն վրայ: Այնպէս ինչպէս պատուաբեր չէ՛ այդ ցնցոտին, նոյնպէս ալ վախկոտ ըլլալը պատուաբեր չէ՛ Աստուծոյ հաւատացող մարդուն համար, որովհետեւ Փրկիչը իր անուան տէրն է, Ան Էմմանուէլն է, միշտ մեզի հետ ըլլալու խոստում տուած Աստուածն է, որ այսօր ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, եւ իր մանկական ձեռքերը տարածած, մեզի դարձեալ իր սիրոյն արժանացնելու հրաւէր կը կարդայ:
ԶԱստուած մեզի հետ ունենալու մենաշնորհին ամբողջական վստահութեամբ, թօթափեցէ՛ք որբութեան եղկելի ցնցոտին, համայն քրիստոնեայ աշխարհին հետ ճակատաբաց դիմաւորելու Փրկչին Սուրբ Ծնունդը: