ՄԵՂՐԻԿ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ ՉԱՓԱՆԵԱՆ
Յունուար 6ի առաւօտեան ժամերուն, Պրիթիշ Քոլոմպիոյ առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Վանքուվըրի Հայ կեդրոնը: Նախարար Տիքս իր կողակիցին հետ ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան պատարագին եւ ջրօրհնէքի արարողութեան: Նախարարին Հայ կեդրոնը այցելելու հրաւէրը ուղղուած էր Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:
Պատարագէն ետք նախարարը մասնակցեցաւ Ծննդեան ճաշասեղանին եւ խօսք առնելով՝ բարի գալուստ մաղթեց Սուրիահայերուն, ներգաղթողներուն մաղթելով բարի երթ Գանատայի մէջ, կեանքի նոր ու խաղաղ հանգրուանին: Ան բարձր գնահատեց Վանքուվըրահայ համայնքի վերջին երեք տարիներու արձանագրած աճը. ապա ան աւելցուց՝ ըսելով, թէ մօտ օրէն անոնք պիտի դառնան երկրի հպատակները եւ զարկ պիտի տան Գանատայի բարգաւաճման:
Նախարարը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ հպարտ է մասնակցելու Վանքուվըրի Հայ գաղութի եւ ի մասնաւորի Վանքուվըրի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն եւ ինքզինք կը նկատէ հայ համայնքի մէկ անդամ:
Նախարարը նաեւ առիթը ունեցաւ տեսակցելու Վանքուվըրի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամներուն հետ, որոնք խօսեցան ապագայի ծրագիրներու եւ այն գործունէութիւններուն մասին, որոնք կը նպաստեն գաղութի բարգաւաճման: