Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը 2019ին աշխոյժ թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքը: 2018ին կատարուածին նման այս տարի եւս աշխուժօրէն պիտի շարունակուի այդ աշխատանքը:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ 2019ը աշխարհի համար ըլլայ խաղաղ տարի մը: Հալէպի ազատագրումէն ետք սկսաւ վերականգնումի գործընթացը: Կրնանք ըսել, որ կեանքը իր խաղաղ ընթացքին վերադարձած է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտարարեց վերականգնումի աշխատանքներուն մասին. անոնք սկսած են եւ ընթացքի մէջ են: Պէտք է նկատել, որ այդ վերականգնումի գործընթացը միայն հայ համայնքին մէջ ներս չընթանար. Սուրիոյ իշխանութիւնն ալ այդ գործին ձեռնամուխ եղած է», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:
Անդրադառնալով հայ համայնքին վերականգնման, Ռէյիսեան յայտնեց, որ շարք մը կառոյցներ արդէն վերանորոգուած են: Ամբողջութեամբ վերանորոգուած է Հալէպի Ազգային պատսպարանը, ապա Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի մասնաշէնքերէն մէկը եւ այնտեղ կը շարունակուի ուսումնական կեանքը:
Նախորդ տարի վերանորոգուեցան նաեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը:
Ռէյիսեան յայտնեց, որ վերականգնումի աշխատանքները մեծ թափով պիտի շարունակուին 2019ին: Պիտի վերանորոգուին բոլոր կառոյցները՝ առաջնահերթութեան համաձայն: Ան նկատել տուաւ, որ Հալէպի մէջ աշխուժացած է խանութներու, գործարաններու բացման գործընթացը եւս:
«Անոնց շարքին նաեւ հայերու խանութներն ու գործարաններն են: Այսինքն, կրնանք ըսել, որ արդիւնաբերական բաժինը եւս կը վերականգնի, թէեւ ոչ ամբողջական ծաւալով, որովհետեւ, շատ մը գործարաններ վնասուած են եւ մեծ կորուստներ կան: Ամէն պարագայի, աստիճանաբար տեղի կ՛ունենայ այդ ոլորտին վերականգնումը եւս», ըսաւ ան:
Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց նաեւ սուրիահայերուն՝ Հալէպ վերադարձին մասին: Շատեր կը վերադառնան Հալէպ՝ իրենց բնակարաններուն մէջ բնակելու եւ իրենց գործատեղիները վերաբանեցնելու: Կը վերադառնան թէ՛ Սուրիոյ այլ նահանգներ մեկնածները, թէ՛ Սուրիայէն դուրս եկողները:
Հալէպի մէջ նախորդ տարի վերանորոգուած են նաեւ ենթակառոյցները:
Ջրամատակարարումը բնական կերպով կ՛ընթանայ, ելեկտրականութիւնը օրուան որոշ ժամերու արդէն կը հասնի: Հանրային ծառայութեան միւս բաժինները եւս բնականոն կ՛աշխատին:
«Հալէպի ազատագրումէն ետք, Սուրիական բանակը ազատագրեց երկրին վտանգուած շրջանները եւ այդ գործընթացը կը շարունակուի: 2018ին իսկապէս նկատելի էին խաղաղութեան վերահաստատման ուղղուած բոլոր աշխատանքները: Տարեվերջին տրուեցաւ ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու մասին որոշում, որուն հետեւեցան որոշ գործնական քայլեր: Այժմ կ՛ակնկալենք, որ կանխուի թրքական ներխուժումը եւ թրքական ուժերը վերջնականապէս դուրս գան սուրիական տարածքներէն: Թուրքիոյ ներկայութիւնը ցոյց տուաւ, որ անիկա մեծ վնասներու պատճառ հանդիսացաւ՝ թէ՛ մարդկային կորուստներու եւ թէ կողոպուտի ու թալանի առումով», աւելցուց ան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ կառավարման համակարգի փոփոխութիւններուն, նախարարութիւններու թիւի կրճատումին, որոնց շարքին է նաեւ սփիւռքի նախարարութիւնը: Ան այդ առնչութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնեց՝ ընդգծելով սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութիւնը:
«Ինծի համար քիչ մը անհասկնալի է սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը: Այս կառոյցը մեծ թիւով հայերու հետ գործ ունի, մեծ դերակատարութիւն ունի հայրենիք- Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութեան մասին տակաւին շատ բան կարելի է ըսել: Ուշագրաւ է նաեւ մշակոյթի նախարարութեան պարագան: Կը նախատեսուի զայն միացնել ուրիշ նախարարութեան: Մշակոյթը ժողովուրդին հայելին է, երջանկայիշատակ Գարեգին վեհափառը յաճախ կ՛ըսէր. «Մշակոյթը յաղթանակի ճամբան է», եզրափակեց Ժիրայր Ռէյիսեան: