ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Նելլի Բաղդասարեանի, բաւարարեց Ռոպերթ Քոչարեանի գործով քննիչ Հրաչ Մուշեղեանի եւ դատախազներու կողմէ ներկայացուցած ինքնաբացարկի միջնորդութիւնը եւ ինքզինք ազատ կացուցեց դատը վարելու պարտականութենէն: Այս մասին լրագրողներու յայտնեց Քոչարեանի պաշտպան Արամ Օրբէլեան:
Դատաւոր Բաղդասարեանի իքնքնաբացարկի որոշման պաշտօնական հիմնաւորումը եղած է հետեւեալը. «Քոչարեանին եւ «Մարտի 1»ի գործով քննչական խմբի նախկին ղեկավար Վահագն Յարութիւնեանին մեղադրանքներ են առաջադրուել միեւնոյն գործի շրջանակներում, եւ քանի որ դատաւոր Բաղդասարեանը նախկինում Վահագն Յարութիւնեանի գործով ինքնաբացարկ է յայտնել, ապա պէտք է ինքնաբացարկ յայտնի նաեւ Ռոբերտ Քոչարեանի խափանման միջոցի մասով»:
«Այդ հանգամանքների առկայութիւնը չի խոչընդոտում նախագահող դատաւորին՝ գործով անկողմնակալ լինելու առումով, սակայն հաշուի առնելով, որ դրանք արդէն իսկ ողջամիտ կասկած են յարուցել տուեալ նախագահող դատաւորի անկողմնակալութեան մէջ (այդպիսի կասկած յայտնել են միայն դատախազները եւ քննիչը), ուստի այդ հանգամանքների առկայութեան պայմաններում միջնորդութեան քննութեան արդիւնքում կայացած ցանկացած որոշում (բաւարարման կամ մերժման) անկողմնակալ դիտորդի մօտ կարող է կասկած յարուցել դատաւորի անկողմնակալութեան եւ անաչառութեան մէջ», նոյն ժամանակ նշուած է որոշման մէջ։