ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սպանիոյ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ Եւրոպական Միութեան ոստիկանութեան համագործակցութեամբ, հայկական մաֆիայի մը կողմէ թենիսի պայմանաւորուած խաղեր կազմակերպելու գծով հետաքննութենէն ետք, 83 անձեր ձերբակալած են, ներառեալ՝ 28 արհեստավարժ թենիսի մարզիկներ:
Ըստ Եւրոպական Միութեան ոստիկանութեան՝ Եուրոփոլի տուեալներուն, իրաւապահները Սպանիոյ մէջ խուզարկութիւն կատարած են 11 տուներու մէջ, յայտնաբերելով 167,000 եուրօ կանխիկ գումար, հրացաններ, առաւել քան 50 ելեկտրոնական սարքեր, վարկային քարտեր, 5 շքեղ ինքնաշարժներ եւ ապօրինի գործարքին վերաբերող փաստաթուղթեր։ Իշխանութիւնները սառեցուցած են նաեւ դրամատնային 42 հաշիւներ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տուեալներով՝ ձերբակալուածներէն մէկը մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու անցեալ տարուան հեղինակաւոր Բաց մրցաշարքին (US Open):