ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կաղանդէն քանի մը օր առաջ, Հայաստանի «Անտարես» հրատարակչատունը ընթերցողի սեղանին դրաւ աշխարհահռչակ տնտեսագէտ, Մեսեչուսեցի Արուեստագիտական (Technological) կաճառի գիտնական Տարօն Աճէմօղլուի եւ Շիքակոյի համալսարանի գիտնական, բրիտանացի քաղաքագէտ Ճէյմզ Ա. Ռապինսընի «Ինչու Պետութիւնները Կը Ձախողին» գիրքը: 2012ին գրուած եւ համաշխարհային հռչակ վայելած այս գիրքը վերջապէս ունեցաւ նաեւ իր հայերէն տարբերակը ու այդ մէկը ողջունելի է նախ գիրքին մէջ տեղ գտած տնտեսագիտական կարեւոր վերլուծութեան հայերէնի վերածման առումով, նաեւ այն իմաստով, որ գիրքին հեղինակներէն մին՝ Տարօն Աճէմօղլու ծագումով պոլսահայ է:
Այս հաստափոր գիրքը այսօր, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող եկամուտներու եւ կենսամակարդակի ահռելի զանազանութեան մասին է: Այդ եկամուտներն են, որոնք այսօր աշխարհը կը բաժնեն հարուստներու ու աղքատներու եւ կը ստեղծեն հսկայական պատնէշներ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ պէս երկիրներուն եւ անդրսահարական Ափրիկէի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Հարաւային Ասիոյ երկիրներուն միջեւ:
Յատկանշական է, թէ՝ իբրեւ գիրքի հրատարակութեան մեկենաս, հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ գործող «Պիպլոս» դրամատունը, որ ծագումով լիբանանեան ընկերութիւն մըն է, եւ 2007էն ի վեր իր մասնաճիւղը ունի նաեւ Հայաստանի մէջ:
2012ին տպագրուելով եւ աշխարհի մէջ տարածուելով, այս գիրքը մեծ ներդրում ունեցած է արդի համաշխարհային տնտեսական, վիճակագրական եւ քաղաքական միտքի քննադատական վերաիմաստաւորման եւ զարգացման համար:
«Ինչու Պետութիւնները Կը Ձախողին» աշխատութիւնը մասնագէտները բացառիկ նկատած են իր հիմնարարութեան բարձր աստիճանով եւ մատչելիութեամբ, արդիականութեան շունչով, պատմական լուրջ փաստարկներով եւ ապագային միտուած ներըմբռնումներով:
Գիրքին հրատարակիչները խոր-հրդանշական նկատած են այն հանգամանքը, որ գիրքը լոյս կը տեսնէ 2018ի վերջին օրերուն, երբ աւարտին կը հասնի տարի մը, որուն ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է յեղափոխութիւն եւ նոր՝ 2019 տարուան ընթացքին, Հայաստանի հասարակութիւնը ճամբայ ելած է՝ վերաձեւակերպելու եւ վերաիմաստաւորելու ազատութեան, պետականութեան եւ յառաջընթացի իր ըմբռնումներն ու մօտեցումները:
Տարօն Աճէմօղլուի եւ Ճէյմզ Ա. Ռապինսընի գիրքը հայերէնի թարգմանած են Ներսէս Աղապապեան եւ Յովհաննէս Աւետիսեան: Անոնք «Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեանի հետ 2015ին նախաձեռնած էին գիրքին հայերէնացման աշխատանքին: Այսօր, երբ մեր հասարակութիւնը նոր ճամբայ մը բռնած է եւ այդ ճամբուն վրայ բազմաթիւ հարցումներ եւ տարակուսանքներ ունի, այս գիրքը հնարաւորութիւն կու տայ գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս ուրիշ երկիրներ անցած են այդ ճանապարհէն, ի՛նչ սխալներ գործած են, որոնց մենք պէտք չէ այլեւս վերադառնանք:
Այս գիրքը իմաստասիրական եւ պատմական ընդարձակ վերլուծութիւն մըն է այն մասին, թէ ինչո՛ւ գոյութիւն ունեցող ազգերը տարբեր կը զարգանան: Որոշ պետութիւններ եւ ազգեր յաջողութեան կը հասնին, կը հզօրանան՝ դառնալով գերտէրութիւններ, իսկ ուրիշներ՝ կը ձախողին եւ միշտ վիզը ծուռ վիճակի մէջ կը նային գերտէրութիւններու ձեռքերուն: Տնտեսագիտութեան եւ պատմութեան զուգահեռներով հեղինակները կը վերլուծեն, թէ ինչո՛ւ որոշ ազգեր կը զարգանան ժամանակի երկար տեւողութեան ընթացքին, միւսները՝ միայն կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, որմէ ետք կը լճանան:
«Ինչու Պետութիւնները Կը Ձախողին» գիրքին հեղինակները գիրքը տպագրելէ ետք կը վարէին նաեւ գիրքին մասին ընթացիկ քննարկումներուն համար նախատեսուած առցանց հարթակ մը, բայց 2014էն ի վեր այլեւս այդ մէկը չի գործեր:
Գիրքը կը բաղկանայ տասնհինգ գլուխներէ. Տարօն Աճէմօղլու եւ Ճէյմզ Ռապինսըն կը փորձեն մէջտեղ հանել այն գործօնները, որոնք պատասխանատու են քաղաքական եւ տնտեսական յաջողութեան կամ պետութիւններու ձախողութեան համար: Անոնք կը պնդեն, որ բարգաւաճումի կամ աղքատութեան պատճառներու գոյութիւն ունեցող ներկայ բացատրութիւնները՝ աշխարհագրական դիրքը, կլիման, մշակոյթը, կրօնը կամ քաղաքական առաջնորդներուն անիրազեկութիւնը բաւարար չեն լիարժէք մեկնաբանութեան համար: Տասնհինգ գլուխներուն մէջ հեղինակները բազմաթիւ երկիրներու եւ հասարակութիւններու օրինակներ կը բերեն եւ գրեթէ չկայ երկիր մը կամ հասարակութիւն մը, որ օրինակով մը չէ արժանացած այս մեծ տնտեսագէտ-հեղինակներու ուշադրութեան:
Անոնք կ՛ընտրեն այնպիսի երկիրներ, որոնք վերոյիշեալ գործօններով՝ կրօնով, աշխարհագրական դիրքով նման են իրարու, սակայն ունին զանազան կառուցուածքային եւ քաղաքական ուղիներ եւ դարձած են շատ կամ քիչ զարգացած: Ամենալաւ օրինակն է Քորէան, որ 1953ին բաժնուեցաւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու: Երկու երկիրներուն տնտեսութիւնները տրամագծօրէն տարբեր են: Հեղինակները կը նկատեն, որ Հարաւային Քորէան դարձած է Ասիոյ ամենահարուստ երկիրներէն մին, իսկ Հիւսիսային Քորէան՝ ամենաաղքատներէն: Հեղինակներուն մեջբերած օրինակներէն են սահմանակից երկու քաղաքներ, երկուքն ալ կը կոչուին Նոկալս (մէկը՝ Մեքսիքայի Սոնորա նահանգին, միւսը՝ Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգին մէջ): Յղում կատարելով սահմանակից երկու քաղաքներուն՝ հեղինակները կը վերլուծեն տարրական միջավայրին ազդեցութիւնը բնակիչներու բարեկեցութեան վրայ, նոյնինքն աշխարհագրական դիրքի եւ մշակոյթի պայմաններուն մէջ:
Աճէմօղլուի եւ Ճէյմզ Ա. Ռապինսընի տեսութեան հիմնական իմաստը այն է, որ տնտեսական բարեկեցութիւնը առաջին հերթին կախեալ է քաղաքական եւ տնտեսական համակարգերու ներառականութենէն: Համակարգերը «ներառող» են, երբ քաղաքական որոշումներու կայացման կը մասնակցին շատ մարդիկ, ի տարբերութիւն այն պարագաներուն, երբ մարդոց փոքր խումբ մը կը կառավարէ համակարգերը եւ չ՛ուզեր փոփոխութիւններ կատարել: Ի վերջոյ, հեղինակները այն եզրակացութեան կը յանգին, որ ժողովրդավարական եւ ազատ բազմակարծութեամբ երկիրներուն մէջ կ՛երաշխաւորուի օրէնքին գերակայութիւնը: Հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ «ներառող» համակարգերը կը նպաստեն տնտեսական բարգավաճումին, քանի որ անոնք կ՛ապահովեն այնպիսի մեքենականութիւն մը, որ կը խրախուսէ տաղանդները եւ ստեղծարար գաղափար ունեցող մարդիկը:
Ի հակադրութիւն վերջինին, հեղինակները կը նկարագրեն նաեւ «չներառող» համակարգերը, որոնք բարձր խաւին թոյլ կու տան կառավարել եւ շահագործել ուրիշները, հարստութիւն կուտակել հաշուոյն այն մարդոց, որոնք բարձր խաւէն չեն: Ըստ անոնց՝ չներառող համակարգ ունեցող երկիրները չեն բարգաւաճած, որովհետեւ ձեռնարկատէրերը եւ քաղաքացիները ներդրումներու ու խնայողութիւններու պակաս խթան ունին: Պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ իշխող խաւը կը վախնայ ստեղծարար ոչնչացումէ, իսկ ստեղծարար ոչնչացումը գործընթաց մըն է, որուն ընթացքին հին եւ վատ համակարգերը կ՛ոչնչացուին եւ կը ստեղծուին նոր ու աւելի լաւ համակարգեր: Ստեղծարար ոչնչացումը կը ստեղծէ նոր խումբեր, որոնք իշխանութիւն ձեռք բերելու համար կը պայքարին կառավարող խաւին դէմ՝ վերջիններուս համար սահմանափակելով երկրի ֆինանսական եւ տնտեսական պաշարներու հասանելիութիւնը:
Հեղինակները այս իմաստով կը բերեն Անգլիոյ մէջ 1688ի «Փառաւոր յեղափոխութենէն» ետք յառաջացած ժողովրդական բազմակարծութեան օրինակը, որ կարեւոր գործօն մըն էր Արդիւնաբերական յեղափոխութեան համար:
Գիրքը նաեւ կը փորձէ բացատրել Չինաստանի տնտեսական ծաղկման երեւոյթը: Հեղինակներուն համաձայն՝ հակառակ Չինաստանի տնտեսական արագ աճին, եթէ այդ երկիրը չբարելաւէ իր քաղաքական ներառականութիւնը, ապա կը սպասուի անոր կործանումը, ինչպէս կործանեցաւ Խորհրդային Միութիւնը:
Կարելի է նկատել, թէ «Ինչու Պետութիւնները Կը Ձախողին» գիրքը հիմնուած է երկու հիմնական տեսութիւններու վրայ. առաջինը կը նկարագրէ ժողովրդավարական եւ բռնապետական վարչաձեւերու շարժիչ ուժերը, իսկ երկրորդը մէկ քայլ առաջ կ՛երթայ եւ կը բացատրէ, թէ ինչպէս ժողովրդավարական վարչաձեւը կը նպաստէ տնտեսական աճին, իսկ բռնապետական վարչաձեւը՝ կը խաթարէ: Շատ պարզ ձեւակերպում մը, որ ամբողջ այս հաստափոր գիրքին հիմքը կը կազմէ:
Գիրքի համահեղինակ, պոլսահայ փրոֆեսէօր Տարօն Աճէմօղլուի մասին շատ գրուած է: Համաշխարհային մամուլը թէ՛ այս գիրքին լոյս ընծայման առթիւ, թէ՛ զանազան առիթներով անդրադարձած է հայ մասնագէտին մասին՝ յիշեցնելով անոր հայկական ծագումը հայաշատ Պոլիսէն, ուր Տարօն Աճէմօղլու եղած է հայկական դպրոցի սան եւ իր ծնողքին՝ Գէորգ եւ Իրմա Աճէմօղլուներու միակ զաւակն է: Ան ծնած է 1967ին. նախնական կրթութիւնը ստանալով հայական դպրոցի մէջ, 1986ին աւարտած է Կալաթասարայ լիսէն: Ան պաքալորէայի աստիճան ստացած է Մեծն Բրիտանիոյ «Եորք» համալսարանէն: 1992էն սկսեալ, Լոնտոնի տնտեսագիտական դպրոցին մէջ սկսած է հետեւելու մագիստրոսի եւ տոքթորի գիտական ճիւղերուն՝ ուսողութեան եւ տնտեսական տուեալներու վիճակագրութեան բնագաւառներուն մէջ: 1992-1993 թուականներուն Լոնտոնի տնտեսագիտական դպրոցին մէջ դասաւանդած է տնտեսագիտութիւն:
2004էն սկսեալ, Տարօն Աճէմօղլու Մեսեչուսեցի համալսարանի Արհեստագիտական կաճառի փրոֆեսէօր Չարլզ Քինտըլպըրկըրի անուան կիրառական տնտեսագիտութեան ամպիոնի դասախօս է: Ան կ՛անդամակցի յառաջատար հետազօտութիւններու գանատական կաճառի Տնտեսական աճի ծրագիրին: Ան նաեւ միացած է Տնտեսական հետազօտութիւններու ազգային պիւրոյին, Քաղաքական հետազօտութիւններու կեդրոնին եւ Տնտեսական ցուցանիշներու կեդրոնին: Իր գործունէութեան համար Աճէմօղլու ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ պարգեւներ, որոնցմէ է 1996ին Economic Journal-ին մէջ լաւագոյն հրապարակման համար ստացած պարգեւը:
2004ին ան ստացած է Շիքակոյի համալսարանի «Շուլց» մրցանակը, «Շերվին Ռոսեն» պարգեւը՝ աշխատանքի տնտեսագիտութեան բնագաւառին մէջ իր ակնառու ներդրման համար:
Տարօն Աճէմօղլու 2005ին ստացած է «Ճան Պէյց Քլարք» մետալը: Այս մրցանակը կը տրուի 40 տարեկանէն վար ամենաականաւոր ամերիկացի տնտեսագէտին եւ հեղինակութեամբ կը զիջի միայն Նոպէլեան մրցանակին: Ան 2006ին ընտրուած է Ամերիկայի Արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ անդամ: Մրցանակներ եւ պարգեւներ ստացած է նաեւ իր ծննդավայր Թուրքիոյ մէջ. ան արժանացած է Գիտութեան ակադեմիոյ «Ընկերային գիտութիւններու ակադեմական մրցանակ-2006»ին: Ստացած է նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահին մեծ մրցանակը: Աճէմօղլու ստացած է նաեւ «Ճոն վան Նոյման» պարգեւը, 2007ին: Ան տեղ զբաղեցուցած է ամերիկեան հեղինակաւոր Foreign Policy պարբերականին կողմէ հրապարակուած «Համաշխարհային 100 Մտածողներ»ու (The Top 100 Global Thinkers) ցանկին մէջ:
IDEAS/RePec տնտեսական հետազօտութիւններու կեդրոնի կազմած աշխարհի մէջ ամենաշատ վկայակոչուող 20 տնտեսագէտներու վարկանշային աղիւսակին վրայ Տարօն Աճէմօղլու կը զբաղեցնէ 8րդ տեղը, այն պարագային, երբ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր փրոֆ. Փօլ Քրուկման այդ աղիւսակին մէջ կը զբաղեցնէ 13րդ հորիզոնականը:
«Ինչու Պետութիւնները Կը Ձախողին» աշխատութեան միւս համահեղինակ, բրիտանացի գիտնական Ճէյմզ Ռապինսըն նոյնպէս վաստակաւոր է եւ մեծ ճանապարհ անցած է տնտեսական հետազօտութեան բնագաւառին մէջ, նոյնպէս ստացած է մրցանակներ եւ Աճէմօղլուի հետ տասնհինգ տարուան համագործակցութեամբ՝ մասնակցած է այս գիրքի ծնունդին:
Բազմաթիւ աշխատութիւններու, ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Տարօն Աճէմօղլու սպասուած հիւր մըն է աշխարհի նշանաւոր համալսարաններուն մէջ: Ան երբեմն իր հայեացքը կ՛ուղղէ նաեւ Հայաստան եւ իր խոհերը կ՛արտայայտէ Հայաստանի տնտեսական իրավիճակին մասին: Թաւշեայ յեղափոխութենէն առաջ, Աճէմօղլու Հայաստանի զարգացման մասին խօսելով՝ իրավիճակը տխուր նկարագրած եւ ըսած՝ «Հայաստան անյոյս է»: 2017ին ան պնդած էր, որ Հայաստանի զարգացման միակ ճանապարհը ներքեւէն վեր զարգացումն է:
«Ես գիտեմ, որ Հայաստան շատ բարդ աշխարհագրական միջավայրի մը մէջ է: Դրացիները՝ Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ռուսիա, անոնցմէ ոչ մէկը կը նպաստէ Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական վերելքին: Սակայն ես նաեւ կը կարծեմ, որ աշխարհագրութիւնը բախտորոշ չէ: Անշուշտ, այն հանգամանքը, որ Հայաստան բարդ աշխարհագրութիւն մը ունի՝ փոխադրամիջոցներու ուղիներուն կապուելու լեռնային տարածութիւններ եւ ծովէն հեռու, անբարենպաստ է, սակայն այս խոչընդոտները անյաղթահարելի չեն», ըսած էր Աճէմօղլու եւ իբրեւ օրինակ մատնանշած էր երկու երկիրներ՝ Զուիցերիա եւ Իսրայէլ: Ըստ անոր՝ Զուիցերիա Հայաստանի եւրոպական տարբերակն է, եւ շատ յաջող երկիր մըն է:
Անցեալ տարի՝ 2018ին, անոր եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ եղած հեռաձայնային խօսակցութիւնը յոյս ներշնչած էր Հայաստանի տնտեսութեան հեռանկարով մտահոգուողներուն, քանի որ այդ խօսակցութեամբ Աճէմօղլու նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած էր աջակցութիւն բերել իր խորհուրդներով: «Ամերիկայի Ձայն»ին հետ խօսելով՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան մասին Տարօն Աճէմօղլու ըսած էր հետեւեալը. «Կը կարծեմ, որ շրջադարձային կէտ մըն էր Հայաստանի համար, քանի որ Հայաստան չափազանց երկար տառապած է ապականութեան, փտածութեան, անարդիւնաւէտ կառավարութեան պատճառով, որ կ՛արտացոլուէր տնտեսական վիճակով եւ Հայաստանէն արտագաղթի թիւերով: Ուստի, ասիկա երկրին նոր սկիզբին հիմնադրումն է, զոր կարելի է տօնել»:
Եւ աւարտին աւելցնենք, որ Աճէմօղլու իր այս հանրահռչակ գիրքը նուիրած է Արտային եւ Ասուին, իսկ միւս հեղինակը՝ Ռապինսըն, ընծայագիրին մէջ գրած է՝ «Մարի Անկելիքային՝ իմ սիրունին եւ հոգիին»:
ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ՝ ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
ՃՈՐՃ ԱՔԵՐԼՈՖ,
ՏՆՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶԻ 2001 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
Ժամանակ մը, քիչերու ծանօթ սքոթլանտացի իմաստասէր մը գրած է, թէ ինչպէս կը պատահի, որ որոշ պետութիւններ կը յաջողին, իսկ միւսները կը ձախողին: Մարդիկ մինչեւ այսօր կը կարդան անոր «Պետութիւններու Հարստութիւն»ը: Ճիշդ նոյն սրաթափանցութեամբ եւ պատմական իրողութիւններու խորին ըմբռնումով Տարօն Աճէմօղլու եւ Ճէյմզ Ռապինսըն անդրադարձած են այս նոյն հարցերուն, մեր օրերու տեսանկիւնէն: Երկու դար եւս կ՛անցնի եւ մեր ծոռներն ու անոնց ծոռները կը կարդան այս գիրքը, ինչպէս մենք կը շարունակենք կարդալ Ատամ Սմիթի «Պետութիւններու Հարստութիւնը»:
ՄԱՅՔԸԼ ՍՊԵՆՍ – ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ՏՆՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ԲՆԱԳԱՒԱՌԻՆ ՄԷՋ
Ասիկա ոչ միայն ուշագրաւ եւ հետաքրքրաշարժ գիրք մըն է, այլեւ՝ իսկապէս կարեւոր: Փրոֆեսէօրներ Աճէմօղլու եւ Ա. Ռապինսըն զարմանալիօրէն իւրօրինակ հետազօտութիւն մը կատարած են, թէ տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ քաղաքական ճիշդ ընտրութիւնը, միասին զարգանալով, ինչպէ՛ս կը զսպեն զիրար եւ թէ ինչպէ՛ս պետական կարգն ու հաստատութիւնները կ՛ազդեն այս զարգացման վրայ. հետազօտութիւն մը, որ հանգուցային է պետութիւններու եւ ազգերու յաջողութիւններուն եւ ձախողութիւններուն պատճառները հասկնալու համար: Եւ բոլորը ներկայացուած է շատ մատչելի՝ կլանող լեզուով: Այս գիրքը իր ձեռքը վերցնողը եւ զայն բացողը չ՛ուզեր վար դնել: