ՆԻԿՈՍԻԱ.- Շաբաթ, 22 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ՀԲԸՄի Նիկոսիոյ Մշակութային յանձնախումբը կազմակերպած էր հայ «բանաստեղծութեան իշխան»ին՝ Վահան Թէքէեան մեծ բանաստեղծին 140ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը։ Այս առիթով յատուկ Պէյրութէն հրաւիրուած էր «Ծաղիկ» գրական-ազգային շաբաթաթերթի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեանը, բանախօսելու համար:
Հանդիսութիւնը հովանաւորեց Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ եւ առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան։ Անոր կողքին ներկայ գտնուեցան կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, արժանապատիւ քահանայ հայրեր Մեսրոպ Ա. քհնյ. Աշգարեան եւ Մոմիկ քհնյ. Հապէղեան, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, կրթանուէր եւ մշակութային գործիչներ, գրասէր բազմութիւն մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄի Կիպրոսի Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Զէյթունցեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ մեծ բանաստեղծին անցած գրական ճանապարհին։
Այնուհետեւ իր սիրտի խօսքը փոխանցելու համար հրաւիրուեցաւ Հայաստանի «Թէքէեան Կենտրոն» հիմնարկի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ Լոնտոնի «Թէքէեան» Խնամակալ մարմինի պատուաւոր քարտուղար Վարդան Ուզունեան, որ այս առիթով Լոնտոնէն ժամանած էր Նիկոսիա: Ուզունեան իր ամփոփ եւ առաւելաբար տեղեկագրական բնոյթ ունեցող «Սիրտի Խօսք»ին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Լոնտոնի մէջ «Թէքէեան»ի անունով ու շունչով գործող մշակութային գործունէութեանց եւ նախաձեռնութիւններուն, որոնք միշտ յաջողութեամբ կը պսակուին:
Ապա հրաւիրուեցաւ օրուան հիւր բանախօսը՝ Յակոբ Տիւնեայեան, որ ըսաւ, թէ իր ներկայացնելիքը բանախօսութիւն չէ, այլ՝ «զրոյց մը Վահան Թէքէեան մեծ մարդուն եւ մեծ բանաստեղծին հետ, որ կը համախմբէ բոլորս այս յարկին տակ»: Տիւնեայեան յիշեց, որ Թէքէեան 30ական թուականներու կիսուն հրաւիրուելով Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն եղած է հայերէն լեզուի ուսուցիչ եւ դաստիարակ, այստեղ հայեցի դաստիարակութեամբ ներշնչած է իր սան-սանուհիները:
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ առաջնորդ սրբազանին Պահպանիչով: