
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- «Վարդանի Ասպետներ եւ Դուստրեր» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, 30 Մարտի երեկոյեան կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին, իր «Տարուան Տղամարդը» եւ «Տարուան Կինը» մրցանակները պիտի շնորհէ յաջորդաբար՝
փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանին եւ Սթեֆընի Պուրուճեանին։
Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան 34 տարիներէ ի վեր կը դասաւանդէ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ եւ 2008էն ի վեր համակարգողն է այդ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին։ Ան եղած է Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան նախագահ եւ տարբեր առիթներով ուսանողներու շրջապտոյտներ առաջնորդած է դէպի Հայաստան։
Սթեֆընի Պուրուճեան Ֆրեզնոյի «KSEE 24» կայանի լուրերու բաժինի հաղորդավար է 27 տարիներէ ի վեր եւ անցեալին աշխատակցած է այլ կայաններու։ Ան տարբեր առիթներով այցելած է Հայաստան եւ Արցախ, եւ հաղորդումներ պատրաստելով «Հովիտի Հայաստանը» («The Valley՛s Armenia», ակնարկելով Սան Ուաքին հովիտին) յայտագիրին համար, որուն համար պատրաստած է նաեւ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ հայութեան վերաբերող շարք մը հաղորդումներ։
Մեծարման ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Ֆորթ Ուաշինկթըն» ակումբի սրահին մէջ (10272 N. Millbrook Ave., Fresno, CA 93720), իսկ մասնակցութեան սակը 65 տոլար է։ Անոր հասոյթը պիտի յատկացուի բարեսիրական նպատակներու։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել՝ (559) 438-4646, (559) 289-2265 եւ (559) 696-7185 թիւերուն կամ՝ drdshamlian@gmail.com, ara@karkazian.com եւ
koflazian@yahoo.com հասցէներուն։