ԵՐԵՒԱն.- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ բանակի հրամանատար Արտակ Դաւթեանի ընկերակցութեամբ այցելեց սահամանային զինուորական դիրքեր, ուր հանդիպեցաւ ծառայող զինուորներու եւ հրամանատարներու հետ ու տեղեկացաւ զինուորներու ծառայութեան, ինչպես նաեւ անոնց կենցաղային պայմաններուն մասին:
Նիկոլ Փաշինեան խրախուսեց ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ ու անոնց յանձնեց նուէրներ, որմէ ետք տօնական սեղանի շուրջ զինուորական դիրքին մէջ ճաշեց անոնց հետ: