ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2018ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ժամանակներու համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) կազմած է 197.6 միլիառ դրամ՝ ապահովելով 12.2 տոկոս իրական աճ: ՀՆԱի արձանագրած 12.2 տոկոս յաւելեալ աճի ընթացքի 6.7 տոկոսային կէտը ապահոված է արդիւնաբերութիւնը (որուն առաւել քան 5 տոկոսային կէտը՝ հանքարդիւնաբերութիւնը, շուրջ 1.7 տոկոսային կէտը՝ ուժանիւթը), 4.3 տոկոսային կէտը՝ առեւտուրը եւ ծառայութիւնները: Այս մասին, իր ամփոփիչ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան։ Ըստ վերջինիս՝ մինչեւ տարեվերջ կը կանխատեսուի, որ համախառն ներքին արդիւնքի անուանական ցուցանիշը պիտի կազմէ շուրջ 303 միլիառ դրամ՝ ապահովելով երկնիշ տնտեսական աճ: «Կ՛ակնկալուի, որ մէկ անձի հաշիւով համախառն ներքին արդիւնքը 2018ի համար կազմէ շուրջ 4260 տոլար՝ 2017 ի 3845 տոլարին դիմաց՝ այդպիսով գրեթէ հաւասարելով Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան ցուցանիշին: Ընթացիկ տարուան 11 ամիսներուն ընթացքին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2017ի համապատասխան ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 11.7 տոկոսով», ըսաւ պետական նախարարը։
Ըստ Մարտիրոսեանի՝ ձեռնարկուած օրէնսդրական փոփոխութիւններուն շնորհիւ, 2019էն սկսեալ առաւել պիտի բարելաւուի գործարար միջավայրը եւ պիտի թեթեւնայ փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութեան հարկային բեռը՝ Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ արտօնագրային եւ հաստատագրուած վճար վճարողներուն՝ 50 տոկոսով, իսկ շրջաններուն մէջ՝ 70 տոկոսով: Այս արտօնութենէն պիտի օգտուին հանրապետութեան հարկատուներուն առաւել քան 30 տոկոսը:
«2018ի ընթացքին արձանագրուած են 1249 նոր կեդրոններ, որոնցմէ գործունէութիւն կը ծաւալէ 716ը: Լուծարուած են 75 կեդրոններ: Ընդհանուր առմամբ, Արցախի մէջ հարկատուներուն թիւը կը կազմէ առաւել քան 5800: Հանրապետութեան մէջ միջին աշխատողներուն թիւը՝ տարուան սկիզբը՝ կը կազմէր 38,209, որ տարուան ընթացքին աւելցած է 1200ով՝ կազմելով 39,407 մարդ», յայտնեց Գրիգորի Մարտիրոսեան: