Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա.- 2018ի չորրորդ եռամսեակին ընթացքին, «Հայաստան Արցախ ֆոնտ»ը 23 միլիոն տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին եւ Արցախին: Վերոնշեալ օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, «Հայաստան Արցախ ֆոնտ»ը 22.5 միլիոն տոլոր ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է «Տայրեքթ Ռըլիֆ» (Direct Relief) կազմակերպութենէն (18.3 միլիոն տոլար), «ԱմերիՔերզ» (AmeriCares) կազմակերպութենէն (3.8 միլիոն տոլար), եւ «Կաթողիկէ բժշկական առաքելութեան» վարչութենէն (159,000 տոլար):
Նշեալ ժամանակաշրջանին, մեծարժէք ապրանքներ նուիրած է նաեւ «Ակափէ» ծրագիրը (119,000 տոլար):
Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքը եւ բժշկական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄի «Քլոտիա Նազարեան» սուրիահայ գաղթականներու բժշկական կեդրոնին, «Արաբկիր» Միացեալ մանկական բարեգործական հիմնադրամին, մանկաբարձային, նորածնաբանական եւ կնաբանական կեդրոնին, «Մուրացան» մանկական գեղձաբանական կեդրոնին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնին եւ Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն:
2018 տարեշրջանի տեւողութեան, «Հայաստան Արցախ ֆոնտ»ը իր պատմութեան մէջ աննախադէպ՝ 43 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյք եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին: Անցեալ 29 տարիներուն, «Հայաստան Արցախ ֆոնտ»ը եւ զայն նախորդած «Միացեալ Հայկական ֆոնտ»ը՝ Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 820 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2420 ծովային արկղներով:
««Հայաստան Արցախ Ֆոնտ»ին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց «Հայաստան Արցախ ֆոնտ»ի նախագահ Յարութ Սասունեանը աւելցնելով. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար՝ կը խնդրուի դիմել «Հայաստան Արցախ ֆոնտ»ի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net: