ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան, եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած հոգեւոր համերգ մը։ Ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ դպրապետ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի։
Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներէն Աւօ Քէշիշեան, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը, ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան անդամներ, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ հոգեւոր հովիւին՝ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի բացման խօսքով։ Ան նշեց, որ համերգը նուիրուած է Յիսուսի Ս. Ծննդեան, որ «կը թելադրէ դադրեցնել եսի կռիւը եւ Անոր աստղով լիցքաւորել մեր հոգիները»։
Յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ան ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրն ու ներկաները, գնահատեց դպրապետին ու երգչախումբին ջանքերը եւ փոխանցեց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններ։
Այնուհետեւ, երգչախումբը ներկայացուց Ս. Ծննդեան տօնին յատուկ շարականներ եւ երգեր, մէջ ընդ մէջ կատարելով Ս. Կոյս Մարիամի աւետումէն մինչեւ Յիսուսի մկրտութեան դրուագներէն Ս. Գրային ընթերցումներ։
Յայտագիրը իր ամբողջութեան մէջ արտացոլացումն էր Ս. Ծննդեան աւետարանական պատումին։ Գոհունակութեան առիթ էր, որ այս տարի, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներն ալ մասնակցութիւն բերին կարգ մը երգերու մատուցման։ Հանդիսականները ցնծութեան զգացումով մանուկներէն լսեցին Ս. Ծննդեան աւետիսը։
Առաջնորդ սրբազանը արտասանեց գնահատանքի եւ օրհնութեան իր խօսքը։ Ան գնահատեց խմբավարն ու երգչախումբին անդամները, որոնք գեղեցիկ մատուցումով մը աւետած էին Յիսուսի Ս. Ծնունդը։ «Հաւաքուած ենք, որպէսզի արդարութեան արեւն ու կեանքի լոյսը մեր մէջ յայտնուի», ընդգծեց առաջնորդը եւ յորդորեց հաւատացեալները՝ Յիսնակի շրջանը օգտագործելու հոգեկան պատրաստութեան համար, որ հոգեպէս ներշնչուած եւ պատրաստ սրտով ու հոգիով վերըմբռնենք, վերահասկնանք եւ վերապրինք սքանչելի եւ մեծ խորհուրդը որ յայտնուեցաւ Յիսուսի Ս. Ծնունդին։
«Յիսուսի ծնունդը ապացոյցն էր մարդուն հանդէպ Աստուծոյ հաւատարմութեան, հետեւաբար, մենք ալ հրաւիրուած ենք Իրեն հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը արտայայտելու, հետեւելով իր պատգամներուն, սէր եւ հաւատարմութիւն ցուցաբերելով մեզի նմաններուն նկատմամբ», շեշտեց սրբազանը, նկատել տալով, որ երբ տօնական օրերուն նուէրներ ու բարեմաղթութիւններ կը փոխանակենք, երբեք մտահան չընենք, որ արդէն Աստուծմէ ստացած ենք մեծագոյն պարգեւը։
Յայտագիրը վերջ գտաւ առաջնորդին պահպանիչով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։ Ապա, «Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։