2004ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ հաւատաւոր ՀՄԸՄական եղբ. Հայկ Յովսէփեան, խոր վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն եւ շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին: Վաղամեռիկ եղբօր յիշատակը անմահացնելու համար, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի Էրեբունի համայնքի անտառային հողաշերտին վրայ սարքուեցաւ գեղեցիկ բանակավայր մը, որ կոչուեցաւ Հայկ Յովսէփեանի անունով:
2010ին, հողաշերտը ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿին նուիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ:
Բնութեան գողտրիկ այդ անկիւնը մէկ տարուան ընթացքին գեղեցիկ բանակավայրի մը վերածուեցաւ, որուն շինարարական աշխատանքներու ծախսերը տրամադրուեցան Յովսէփեան ընտանիքի եւ ՀՄԸՄական եղբայրներու կողմէ:
Նորակառոյց բանակավայրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 11 Յուլիս 2011ին, բանակավայրի մուտքին կարմիր ժապաւէնի հատումով եւ բանակավայրի անունը կրող յուշատախտակը ծածկած քողի բացումով:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Արարատեան Հայրապետական թեմի ներկայացուցիչ Զգօն քհնյ. Աբրահամեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Յարութիւն Յարութիւնեան, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ եղբ. Բագրատ Եսայեան, Համաշխարհային Սկաուտական շարժման Եւրասիոյ տարածաշրջանի տնօրէն Եուրի Եմիլեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան:
Հայրական իր օրհնութիւնը փոխանցեց Զգօն քհնյ. Աբրահամեան, իսկ շնորհաւորական ելոյթներով հանդէս եկան պաշտօնական հիւրերը, որոնք նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Յովսէփեան ընտանիքին եւ հանգուցեալի ընկերներուն, իրենց կատարած աշխատանքին եւ նիւթական օժանդակութեան համար:
Բանակավայրի բացումը յատկանշուեցաւ նաեւ իր առաջին բանակումով, որուն մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ ՀՄԸՄի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն քոյր մասնաճիւղեր, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ գործող Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութենէն արի-արենուշներ:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Հայկ Յովսէփեանի անուան բանակավայրը, երկրորդ սեփական բանակավայրը կը հանդիսանայ հայրենիքի մէջ, Բիւրականի բանակավայրին կողքին: Ան Երեւանին մօտիկ ըլլալով, կ՛օգտագործուի շրջանի Սկաուտական շաբաթական զանազան աշխատանքներուն համար:
2014ին, Հայաստանի կառավարութիւնը բանակավայրին կողքի 3 հեկտար հողաշերտը եւս տրամադրեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿին, որուն հետեւանքով ծաւալեցան բանակավայրը ընդարձակելու եւ բարեզարդելու աշխատանքները: Մեծածախս այս աշխատանքի իրականացման համար, Յովսէփեան ընտանիքին առընթեր, օգտակար հանդիսացան հանգուցեալի մտերիմներէն վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ՝ Գօգօ Պալեան եւ Մանուէլ Մարսէլեան, որոնք իրենց անձնական նուիրատուութիւններէն անկախ, նաեւ նիւթական այլ միջոցներ ապահովեցին:
Ընդարձակուած եւ բարեզարդուած բանակավայրին բացումը տեղի ունեցաւ 30 Սեպտեմբեր, 2015ին, Դրօշակի յատուկ արարողութեամբ, բանակավայրի 3րդ հանգրուանի շինարարական աշխատանքներու բացումով, որով կը նախատեսուէր բանակավայրի սրահի շինարարութիւնը, որուն հիմնօրհնէքը կատարեցին ներկայ հոգեւորականները: Խորհրդաւոր այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ հիւրեր, հրաւիրեալներ եւ ՀՄԸՄական պատասխանատուներ: Ներկայ էին նաեւ հանգուցեալի եղբայրը՝ Վիգէն Յովսէփեան եւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան:
«Այս բանակավայրը լոկ շինութիւն կամ հողաշերտ չէ, այլ կապուած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի առաքելութեան հետ, որովհետեւ շուրջ 100 տարի այս կազմակերպութիւնը կը դաստիարակէ սերունդներ: Սկաուտութիւնը կեանքի ձեւ է, կարգապահութիւն է, կեանքի արժէքային համակարգ մըն է, իսկ ՀՄԸՄի սկաուտ ըլլալը առաւել պարտաւորեցնող է: Այս բանակավայրը աշխատանքին միայն մէկ երեսն է հայրենի հողի վրայ: Այստեղ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը պիտի համախմբէ հայ երիտասարդութիւնը եւ հայրենասիրական, ազգայնական դաստիարակութիւն փոխանցելով, դէպի պայծառ ապագայ, դէպի ամբողջական Հայաստան գաղափարախօսութիւնը սերմանելով անոնց մէջ», հիմնօրհնէքէն ետք ըսաւ Վիգէն Յովսէփեան:
Ակնարկուած սրահի բացումը կատարուեցաւ Կիրակի, 3 Յունիս 2018ի յետմիջօրէին, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի հինգ մասնաճիւղերու սկաուտական շարքերուն, վարչականներուն եւ Սփիւռքէն ժամանած հանգուցեալ Հակ Յովսէփեանի հարազատներուն եւ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն: Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց մայրաքաղաքի մասնաճիւղերու մեծ թիւով արի-արենուշներու եւ գայլիկ-արծուիկներու երդման եւ խոստման արարողութիւնը: Կնքահայրութիւնը վստահուած էր արարողութեան ներկայ ՀՄԸՄի անցեալի եւ ներկայի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն: Փողկապներու փոխանցումէն ետք, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան հետաքրքրական մանրամասնութիւններ փոխանցեց հիւրերուն, ապա առաջնորդեց զանոնք բանակավայրէն ներս, ուր ուրախալի երգ ու կանչերով դիմաւորուեցան արարողութեան մասնակից քոյր-եղբայրներուն կողմէ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Հայկ Յովսէփեանի անունը կրող սրահի բացումը: Հոգեւոր հօր օրհնութեան աղօթքէն ետք, շնորհակալական ելոյթ ունեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ Օշին Փիրումեան: Յովսէփեան ընտանիքի կողմէ սրտի խօսք փոխանցեց հանգուցեալ եղբօր քոյրը՝ Շաղիկ Տիքիճեան: Նորակառոյց սրահի բացման ժապաւէնի հատումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որ գեղեցիկ առիթ հանդիսացաւ մտերմիկ զրոյցներու եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ընտանիք ներկայացուցիչներու փոխ-ծանօթացման:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Հայկ Յովսէփեան սեփական բանակավայրի շնորհիւ հայրենի սկաուտական կազմակերպութիւնը իր աշխատանքները հարստացնող անկիւն մը ունեցաւ, որ անկասկած օգտակար պիտի հանդիսանայ իր շարքերու զարգացման եւ բազմացման:
Եղբ. Հայկ Յովսէփեան եղած է նուիրեալ եւ գործունեայ ՀՄԸՄական մը Արեւմտեան ԱՄՆի մէջ, ուր երկար տարիներ ծառայած է ՀՄԸՄի Շրջանային տնտեսական յանձնախումբի մէջ, ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ եղած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու: Ան յատուկ սէր եւ նուիրում ունեցած է ՀՄԸՄի հանդէպ, ինչպէս նաեւ հաւատք՝ ՀՄԸՄի երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան գործին:
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած Բիւրականի Համա-ՀՄԸՄական 11րդ Սկաուտական Ընդհանուր բանակումէն մէկ օր առաջ, 18 Յուլիս 2018ին, շրջանի 183 հոգինոց պատուիրակութիւնը, 40 խմբապետ-խմբապետուհիները, պատուիրակութեան ընկերակցող հիւրեր եւ Շրջանային Վարչութեան անդամները, այցելեցին ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի ջանքերով գնուած Երեւանի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Հայկ Յովսէփեան բանակավայրը: Անոնք մանրամասնօրէն ծանօթացան բանակավայրին, քանի մը ժամ ընկերային ուրախ ժամեր անցուցին, վառ պահելով իրենց անցեալի ղեկավար եղբ. Հայկ Յովսէփեանի յիշատակը: