2018 տարեշրջանը յատկանշական եղաւ համայն հայութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին համար: Մէկ դար առաջ, պատմական գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, 28 Մայիս 1918ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախացումը հռչակուեցաւ, իսկ 16 Նոյեմբերին՝ հիմնուեցաւ ՀՄԸՄը:
ՀՄԸՄը հիմնուեցաւ ջարդարար Թուրք պետութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ եւ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեց հայ երիտասարդութիւնը համախմբելով մարզական եւ սկաուտական մաքուր մթնոլորտի մէջ: Ան կարճ ժամանակաշրջանի համար նաեւ գործեց հայրենիքին մէջ եւ որբացած հայ ժողովուրդի զաւակներուն ապրելու, հայրենիք ունենալու եւ մանաւանդ ընտանիք կազմելու հրամայականը արմատաւորեց: Անցնող 100 տարիներուն ընթացքին, ՀՄԸՄը իր առաքելութեամբ, հետապնդած նպատակներուն եւ զանոնք իրագործող սերունդներու անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ մեծ ժողովրդականութիւն շահեցաւ, արմատաւորուեցաւ աշխարհի ամբողջ տարածքին:
Այսօր 26 երկիրներու մէջ հիմնուած են ՀՄԸՄի 110 մասնաճիւղեր, որոնք աշխոյժ գործունէութիւն կը տանին, հարազատ թարգմանը հանդիսանալով ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ անոր «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» իմաստալից կարգախօսին:
Այս հպարտալի առիթով, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը 2018 տարեշրջանի իր բոլոր աշխատանքները նուիրեց ՀՄԸՄի 100ամեակին: ՀՄԸՄի այս շրջանը, նաեւ իր առաւելագոյն մասնակցութիւնը բերաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ՀՄԸՄի 100ամեակի նուիրուած հայրենի բոլոր ձեռնարկներուն, որոնց անդրադարձած ենք առանձին գլխի տակ:
Առաջին հերթին, ՀՄԸՄի 100ամեակի նուիրուած տեղական եւ Կեդրոնական վարչութեան մակարդակի կազմակերպուած ձեռնարկներու մասին ՀՄԸՄականներն ու հանրութիւնը տեղեակ պահելու համար, Շրջանային վարչութիւնը համացանցի վրայ www.WeAre100.info հասցէով յատուկ կայքէջ մը ստեղծեց, ինչպէս նաեւ իր նախատեսած 100ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման համար նշանակեց բազմաթիւ յանձնախումբեր:
Նախատեսուած ձեռնարկներու քարոզչութիւնը մասնագիտօրէն կատարելու համար, վարձեց The Stark քարոզչական ընկերութիւնը, որ մեծապէս նպաստեց 100ամեակի աշխատանքներուն: Ազգային վարժարաններու, քոյր կազմակերպութիւններու եւ արեւմտեան թեմի եկեղեցիներու շրջափակերէն ներս հպարտանքով կարելի էր տեսնել 100ամեակի ձեռնարկներու մասին ծանուցող պաստառները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին հայ հասարակութեան մօտ:
Մասնաճիւղային եւ ներքին ծրագիրներէն անկախ, Շրջանային վարչութիւնը հրապարակային չորս կարեւոր ձեռնարկներ կազմակերպեց, որոնց, ստորեւ, առանձին գլուխներով կ՛անդրադառնանք.-
ՀՄԸՄԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած հրապարակային առաջին գլխաւոր ձեռնարկը Երիտասարդական եւ Հայաստան-Սփիւռք հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողովն էր, որ տեղի ունեցաւ 23 Յունիս 2018ին, Woodbury University Fletcher Jones սրահին մէջ: Հարիւրաւոր երիտասարդներու մասնակցութիւնը ապահոված կարեւոր այս նախաձեռնութիւնը հետեւեալ չորս կարեւոր նիւթերու քննարկումը կատարեց.
– Ապագան զօրաշարժի ենթարկել. դատի մը ջատագովումը՝ ժողովրդային ջանքերով:
– Ապագայի տեսլականը. երիտասարդութիւն, քաղաքականութիւն եւ ուժ:
– Ապագայի հզօրացում. դերակատարութիւնդ՝ աւելի՛ հզօր Հայաստան մը ստեղծելու ջանքերուն մէջ: Այս նիւթի քննարկման, «Սքայփ»ով իր մասնակցութիւնը բերաւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան:
– Լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու դերակատարութիւնը:
Յիշեցնենք, թէ խորհրդաժողովի երրորդ նիստին, Skype-ով միացաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը եւ պատասխանեց ներկաներուն կողմէ ներկայացուած հարցումներուն, որոնք կեդրոնացած էին Սփիւռքի դերակատարութեան վրայ՝ Հայաստանի ապագայ ծրագիրներուն մէջ: (միօրեայ այս խորհրդաժողովի մասին մանրամասնութիւնները տես ՀՄԸՄի Երիտասարդական Բաժանմունք գլուխի տակ):
«ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր» ՀՄԸՄի 100ԱՄԵԱԿԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած բացառիկ գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մըն էր նաեւ «Բարձրացի՛ր» ընդհանուր թեմայով առաջնորդուած ՀՄԸՄի ցուցահանդէսը, որուն կազմակերպումը վստահուած էր ծանօթ արուեստագէտներ Լեւոն Փարեանին, Հէրի Որբերեանին, Վահագն Թովմասեանին, Մհեր Դաւիթեանին, Արա եւ Անահիտ Օշականներուն:
Իւրայատուկ այս նախաձեռնութեան բացումը կոկիկ յայտագիրով մը պաշտօնապէս տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2018ի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի “Reflect Space & passageway” բաժինին մէջ: Շրջանի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ առաջին անգամ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը կը ներկայացնէր կազմակերպութեան անցեալի, ներկայի եւ ապագայի ներդրումը հայկական իրականութեան մէջ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու համար սրահ փութացած էին Արեւմտեան թեմերու զոյգ առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու Յովնան արք. Տէրտէրեանը, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ վեր. Յովսէփ Կարապետեանը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւթեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կարօ Իսբէնճեանը, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վարդան Կարապետեանը, Փօլա Տըվայնն ու Արա Նաճարեանը, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներու, նահանգային եւ տեղական պաշտօնատարներու ներկայացուցիչներ, ուղեկից եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահներ եւ տիպար ՀՄԸՄականներ, վեթերան միութենականներ, մարզիկներ ու արի-արենուշներ:
Գրադարանի անձնակազմէն Նիքի Ուինսլոյի բացման խօսքէն ետք, հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի խմբապետուհիներէն Թամար Ղարիպեանը, որ ներկաները ողջունելէ ետք, յիշեցուց 100ամեակի նուիրուած ձեռնարկները:
Զոյգ առաջնորդներու գլխաւորած միացեալ աղօթքէն ետք, երկու հոգեւոր առաջնորդներն ալ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին: Յովնան արք. Տէրտէրեան հաստատեց, թէ ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը, ոչ միայն ներշնչումի աղբիւր հանդիսացած է բազմաթիւ սերունդներու, այլ նաեւ մեր աւանդութիւններուն պահապանը հանդիսացած է, որուն համար պատիւի արժանի է: Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, անդրադառնալով ՀՄԸՄի փառահեղ անցեալին, կեդրոնացաւ անոր սերունդներուն տուած ազգային ու կրօնական դաստիարակութեան, որուն համար կը շարունակուի գործնական ծառայութիւնը ՀՄԸՄի, յանուն ազգին ու եկեղեցւոյ պայծառացման:
Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն էր ՀՄԸՄի 2017 տարեշրջանի Տիպար ՀՄԸՄական տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը, որ ընդգծելով 100ամեայ ՀՄԸՄի կենսունակութիւնը, յիշեցուց անոր հայկական եւ տեղական երիտասարդական-սկաուտական բազմատեսակ առաքելութիւնները համախմբող միութիւն ըլլալու հանգամանքը: Իսկ ՀՄԸՄի նպատակը մատնանշելով, եղբայրը յայտնեց, թէ անոր գլխաւոր նպատակը առողջ երիտասարդութիւն ունենալն է, որոնց համար անհրաժեշտ է ստեղծել հայկական, միասնական եւ կամաւոր աշխատանքի հաւատք ներշնչող միջավայր մը:
Ապա, անդրադառնալով ՀՄԸՄի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ արձանագրած նուաճումներուն, ան հպանցիկ պատմական ակնարկ մը նետեց անոր դիմագրաւած դժուարին ուղիին, մատնանշելով յատկապէս Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք հարկադրաբար հայրենիքէն դուրս գալը, Պոլսոյ մէջ լուծարման ենթարկուիլը, Սփիւռքի մէջ ինքնակազմակերպման յատկանշական երեւոյթը, 1968ին, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղով շրջանի ՀՄԸՄի ստեղծումը, 1989ին Հայրենիքի մէջ վերընձիւղման եւ այնուհետեւ անցած յաղթական ճանապարհը: Եղբայրը հպարտութեամբ ընդգծեց, թէ ներկայիս հայրենիքի եւ 26 երկիրներու մէջ ՀՄԸՄը կը գործէ 110 մասնաճիւղերով, իսկ Արեւմտեան ԱՄՆի մէջ՝ 17 մասնաճիւղերով եւ երկու միաւորներով:
Այնուհետեւ անդրադառնալով ՀՄԸՄի շինիչ դերակատարութեան համայնքէն ներս, գնահատեց անոր հաւաքական գործունէութիւնը եւ ըսաւ. «Անցած 100 տարիներուն, ՀՄԸՄի շարքերէն ներս գործած, անդամակցած ու անցած են շուրջ կէս միլիոն անձեր, սակայն մեր ամենամեծ յաջողութիւնը եղած է երիտասարդութիւնը մեր արժէքային համակարգով դաստիարակելը, ինչ որ մեծագոյն բարիքը եղած է համայնքին համար»:
Շրջանային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ փոխատենապետ Սագօ Կարապետեան, որ շեշտելով ՀՄԸՄի 100ամեակը պատշաճօրէն նշելու կարեւորութիւնը, ընդգծեց անոր իւրայատուկ դերը հայկական իրականութեան մէջ, գլխաւոր առանցք ունենալով իր իմաստալից «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը: Ապա, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄը արժեւորող ներկաներուն, գնահատեց ցուցահանդէսը կազմակերպած արուեստագէտներու ներդրումը:
Յայտագիրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցան նաեւ պատմական նշանակութիւն ունեցող ցուցահանդէսը ձեւաւորած արուեստագէտներ Արա Օշականն ու Հէրի Որբերեանը: Անոնք հետաքրքրական ձեւով բացատրեցին, թէ ինչպէս գեղագիտական ձեւաւորումով կարողացած էին համադրել եւ հանրութեան ներկայացնել ՀՄԸՄի պատմութիւնը, գլխաւորաբար Հայկ Դեմոյեանի հաւաքած մարզական, սկաուտական եւ այլ աշխատանքներու վերաբերող լուսանկարներու եւ յանձնախումբի հաւաքած իրերու համադրումով:
Եւ իսկապէս, այդ օրը եւ բնականաբար ցուցահանդէսի յաջորդող օրերուն, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի Reflect Space & passageway բաժինը ՀՄԸՄի կեդրոնի վերածուած էր: Հոն էին ՀՄԸՄի պատմութիւնը ներկայացնող բոլոր մանրամասնութիւնները: Հոն էր Շաւարշ Քրիսեանի ոգին, անոր հիմնած մարզական խումբերը, մարզիկները իրենց անհրաժեշտ իրերով: Հոն էին 1912ին Հելսինքիի մէջ կայացած Միջազգային Ողիմպիականին մասնակցած հայ մարզիկները, որոնք իրենց սխրանքները կը պատմէին մեզի: Հոն էին Շաւարշ Քրիսեանի հրատարակած «Մարմնամարզ»ի հնամաշ օրինակները, անցեալէն պահպանուած սկաուտական գօտիներ ու պէճեր, զարդասեղներ, յաղթանակներ պատմող բաժակներ եւ այլ արժէքաւոր իրեր: Հոն էր նաեւ մանաւանդ 1929ին Անգլիոյ մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային սկաուտական բանակումին մասնակցած Ժիրայր Պէյլերեանի սկաուտական տարազն ու ՀՄԸՄի անդամատետրը, քիչ անդին կախուած էր նաեւ շրջանի սկաուտներու ձեռային աշխատանքով պատրաստուած կամուրջը:
Կողքի սենեակին մէջ զետեղուած էին լուսանկարները զանազան սերունդներ ներկայացնող ՀՄԸՄականներուն, շրջանի ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն 101ամեայ ալեհեր Ցոլակ Յովսէփեանէն մինչեւ նորագոյն սերունդի գայլիկն ու փոքրիկ մարզիկը:
Բնական է, այս բոլորը կարելի էր ապրիլ միայն այցելելով դարբնոցի վերածուած ՀՄԸՄի Կլենտէյլի հանրային գրադարանի այդ անկիւնը: Անոնք որոնք չայցելեցին պատմական այս ցուցահանդէսը, անկասկած շատ բան փախցուցին:
ՀՄԸՄ-Ի ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած Շրջանային վարչութեան երրորդ կարեւոր նախաձեռնութիւնը ժողովրդային փառատօնն էր, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 16 Սեպտեմբեր 2018ին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի կողքին գտնուող Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ:
Փառատօնը սկիզբ առաւ կէսօրին, սկաուտական տողանցքով, գրադարանի դիմացի պուրակէն, առաջնորդութեամբ Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ եւ ՀՄԸՄի դրօշներուն: Տողանցքը գլխաւորեց ՀՄԸՄի նուագախումբը, որ իր նուագած յատուկ քայլեղանակներով եւ յատկապէս ազգային երգերու երաժշտութեամբ, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց տողանցողներուն եւ զանոնք երկարաշունչ ծափողջոյններով դիմաւորող հանրութեան մօտ: Ինքնավստահ հպարտութեամբ տողանցեցին ՀՄԸՄի արի-արենուշներն ու մարզիկ-մարզկուհիները: Տողանցեցին խրոխտ ու հաստատակամ: Անոնք ՀՄԸՄականի յատուկ պարծանքով եւ համոզումով քալեցին, համայն աշխարհին ըսելու, թէ իրենք հարազատ զաւակներն են այն ժողովուրդին, որ միայն յառաջ ընթանալ գիտէ եւ չընկրկիր ոչ մէկ տկարութեան առաջ: Այո, իրենք ժառանգորդներն են 100ամեայ այն կազմակերպութեան, որ հայրենասիրութեամբ սերունդներ դաստիարակեց, սկաուտական եւ մարզական իր շարքերուն ընդմէջէն հայ ժողովուրդի որբերու փաղանգը յուսադրեց եւ իրենց նման նորահաս սերունդներուն առողջ միջավայր ստեղծեց:
ՀՄԸՄի շարքերը տողանցեցին Հարվըրտ փողոցով, անցան Պրենտ պողոտայով եւ ապա շրջան ընելով Քոլորատօ պողոտայի վրայ վերադարձան Հանրային զբօսայգի եւ միացան փառատօնին, ուր արդէն իսկ հայկական մթնոլորտ կը տիրէր: Փառատօնի շրջափակէն ներս տեղադրուած էին զանազան կրպակներ, ուր կը վաճառուէին ուտելիքներ, յուշանուէրներ, գիրքեր, հայութեան եւ ՀՄԸՄի առնչուող հետաքրքրական իրեր: Ստեղծուած մթնոլորտը ոգեւորիչ էր: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, որ իր բովանդակութեամբ եւ ներկայացումով հայկական փառատօնի իսկական պատկերը կը ներկայացնէր:
Իւրայատուկ յայտագիրը վարեցին հանդիսավարներ ՀՄԸՄական դոկտ. Սիւզի Օհանեան (անգլերէնով) եւ Բալաբէկ Պարսամեան, որոնք բարի գալուստի խօսքերով ողջունելէ ետք ներկաները, բացատրեցին օրուան խորհուրդն ու փառատօնի նպատակը: Նուագախումբի «Ով Հայ Արի» սկաուտական քայլերգի նուագումէն ետք, ՀՄԸՄի Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Գօզալեանի հրահանգով կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները դարձեալ նուագեց ՀՄԸՄի նուագախումբը: Փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց իրաւաբան Կարօ Ղազարեան եւ բեմ հրաւիրեց շրջանի ՀՄԸՄի հիմնադիրներէն ծերունազարդ 101ամեայ Ցոլակ Յովսէփեանը: Ան յուզումով բարեւեց ներկաները, շնորհաւորեց իր պաշտած կազմակերպութեան 100ամեակը եւ խրախուսեց ներկայ արի-արենուշները կառչած մնալու ՀՄԸՄին, դառնալու անոր ղեկավարները եւ առաջնորդելու իրենց սիրելի կազմակերպութիւնը դէպի նորանոր բարձունքներ:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց փոխատենապետ Սագօ Կարապետեան, որ ընդգծելով ՀՄԸՄի ստեղծման կարեւորութիւնն ու արձանագրած նուաճումները, շեշտեց անոր կարեւոր դերը հայ երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան մէջ:
Այնուհետեւ փառատօնը խանդավառեցին գաղութի սիրուած երգիչներ՝ Տիգրան Ասատրեան, Սուրօ, Անի Քրիսթի, Վարանդ, Յովհաննէս Պալեան եւ Մեր Հովօ: Փառատօնի եզրափակիչ բաժնով ելոյթ ունեցաւ անզուգական երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը, որ ըստ սովորութեան իր երգերով առաւել շիկացուց ուրախ մթնոլորտը: Փառատօնը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7:30ին: Մասնակիցներէն շատերը, առիթը պատեհ գտնելով այցելեցին նաեւ Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի մէջ կազմակերպուած ՀՄԸՄի եզակի ցուցահանդէսին:
ՀՄԸՄԻ 100ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած եզրափակիչ ձեռնարկը հրապարակային տօնակատարութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ երկու ձեռնարկներով:
ՀՄԸՄի 100ամեակ՝ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ. Առաջին ձեռնարկը Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ շրջանի ՀՄԸՄասէր հասարակութեան համար էր, ուր կը գործեն ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի, Սանթա Գլարայի «Անի» եւ Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղերը: Այս երեք մասնաճիւղերու ջանքերով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբեր, 2018ի երեկոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի «Սարոյեան» սրահին մէջ, շուրջ 400 ՀՄԸՄասէրներու ներկայութեամբ: Ձեռնարկին կը մասնակցէին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, հոգեւոր հովիւներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, ՀՅԴ կոմիտէութեանց եւ շրջանի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը գեղեցկօրէն կատարեցին խոստմնալից երիտասարդներ Թամար Տէիրմէնճեան եւ Կարէն Տէր Խաչատուրեան: Ձեռնարկի բացման աղօթքն ու իրենց օրհնութիւնները փոխանցեցին Յովնան արք. Տէրտէրեան, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան:
Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր, վաստակաշատ ՀՄԸՄական Ժիրայր Սարգիսեան, որ հասակ առած է ՀՄԸՄի շարքերէն ներս, որուն «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը եղած է իր կեանքի ուղին: Եղբայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով, անդրադարձաւ իր ապրումներուն եւ իր խրախուսիչ պատգամները փոխանցեց ներկաներուն, մասնաւորաբար՝ երիտասարդ սերունդին: Ապա, հպանցիկ ակնարկ մը նետելով ՀՄԸՄի պատմականին, կեդրոնացաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած հայրենի ձեռնարկներուն, որոնք անկասկած առաւել հայրենասիրութեամբ տոգորեցին բոլոր ՀՄԸՄականներու սրտերը:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, որ մատնանշելով ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի յիսուն տարիներու բեղուն գործունէութիւնը 100ամեայ ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, թէ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ շրջանէն երեք քոյր-եղբայրներ 28 Հոկտեմբերին, պիտի արժանանան շրջան ՀՄԸՄի բարձրագոյն ծառայութեան շքանշանին: Ապա, վեր առնելով ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի, «Անի», «Կարս» մասնաճիւղերու եւ Լոռի միաւորի աշխոյժ գործունէութիւնը, առ ի երախտագիտութիւն, անոնց ատենապետներուն յանձնեց ՀՄԸՄի 100ամեակը յատկանշող յատուկ յուշատախտակներ:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւթեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ձեռնարկի մասնակից մեծաթիւ ՀՄԸՄասէրներու խանդավառ ներկայութեան եւ 100ամեակի ձեռնարկի բացառիկ յաջողութեան համար:
Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք, ներկաները մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառութեամբ վայելեցին հանրածանօթ երգիչ Յարութ Փամպուքճեանն ու անոր հրամցուցած գեղեցիկ երգերը:
ՀՄԸՄի 100ամեակ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ. Երկրորդ հրապարակային ձեռնարկը Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան համար էր, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018, երեկոյեան ժամը 5ին, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի հանդիսասրահը, մասնակցութեամբ աւելի քան 800 ՀՄԸՄասէրներու: Ձեռնարկին ներկայ էին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վիգէն Եագուպեան եւ Յակոբ Խաչերեան (օրուան բանախօս), ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեան եւ Օշին Փիրումեան, նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարճըր, Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Կարօ Իսպէնճեան եւ Ռազմիկ Շիրինեան, Հայ Դատի ատենապետ Նորա Յովսէփեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ Սիլվա Փօլատեան, Մարալ Թուլումեան եւ Արշօ Աւագեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, քաղաքա-պետական խորհուրդի անդամներ, Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ եւ տիպար ՀՄԸՄականներ, ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի փողերախումբին եւ գլխաւորութեամբ Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Գէօզալեանի: Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց ՀՄԸՄի երիտասարդական բաժանմունքի անդամներէն Սօսի Պեքարեան Սեթի:
Ձեռնարկը օրհնեց եւ ՀՄԸՄի 100ամեայ գործունէութիւնը բարձր գնահատեց Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Հայ ազգի բարեկամ ծերակուտական Ատըմ Շիֆ չկարենալով ձեռնարկին ներկայ գտնուիլ, տեսերիզով իր շնորհաւորական պատգամը յղած էր, որուն ունկնդրումէն ետք, Քեթրին Պարճըր, բեմ բարձրանալով՝ շնորհաւորեց ՀՄԸՄը, դրուատեց անոր ունեցած մեծ դերը հայաշատ Լոս Անճելըս գաւառի երիտասարդութեան դաստիարակութեան մէջ եւ առ ի գնահատանք՝ պաշտօնական գնահատագիր մը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանին:
Ապա, սրահին մէջ ստեղծուեցաւ իւրայատուկ ՀՄԸՄական մթնոլորտ մը, երբ մուտք գործեցին դեռատի մարմնամարզիկներ եւ սկաուտներ, որոնք բեմին վրայ ցուցադրեցին իրենց մարմնի ճկունութիւնն ու սկաուտական աշխատանքները:
Շրջանային վարչութեան պատգամը անգլերէնով փոխանցեց Արմանտ Քիլիճեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄի սկզբունքներուն՝ հայ երիտասարդները դաստիարակել ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս, որպէսզի անոնք դառնան յանձնառու հայեր:
Տպաւորիչ այս պատգամին յաջորդեց ՀՄԸՄի «Արտակարգ պատուանշան»ի տուչութիւնը: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեան եւ Օշին Փիրումեան «Արտակարգ պատուանշան»ով պարգեւատրեցին տասնամեակներով ՀՄԸՄի սկաուտական շարժման մէջ մեծ դեր ու վաստակ ունեցած Վարուժ Միրզայեանը:
Այնուհետեւ, խումբ մը արի-արենուշներ, սահիկներու ընկերակցութեամբ ներկայացուցին ՀՄԸՄի պատմութիւնը: Անոնք հայերէնով եւ անգլերէնով, փոխն ի փոխ, ներկայացուցին ՀՄԸՄի անցեալի իրագործումները, հասնելով մինչեւ Յուլիս 2018ին Հայրենիքի մէջ իրագործուած Համա-ՀՄԸՄական ընդհանուր Սկաուտական բանակումը:
Ուրախ այս մթնոլորտին մէջ, բեմը յանձնուեցաւ օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանին, որ մանկութենէն ի վեր ՀՄԸՄական, սկաուտ, մարզիկ եւ վարչական եղած է: Եղբ. Խաչերեան, ՀՄԸՄականի գեղեցիկ յուշերով սկսաւ իր պատգամը: Միութիւն մը, որ իր հիմնադրութենէն մինչեւ Ազատ ու անկախ հայրենիքի մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ յաղթական տողանցելն ու Բիւրականի մէջ բանակիլը, երկար ու տագնապալից ճամբայ կտրած էր:
Իսկ անդրադառնալով ՀՄԸՄի համահայկական կազմակերպութիւն դառնալուն, Խաչերեան ըսաւ. «Այս համահայկականացումը ծառայեց մէկ ազգի գաղափարի առաւե՛լ զարգացման ու կերտման: Այո՛, ՀՄԸՄը լիապէս իր կառոյցով, գործադաշտով եւ առաջադրած նպատակներով եղաւ հիմնական գործօններէն մին՝ մէ՛կ ազգի գաղափարին շուրջ միաւորման»: Ապա, եղբայրը գոհունակութեամբ շեշտեց ՀՄԸՄի վերադարձը իր հողին, հայրենիքին ու արմատներուն եւ ժամանակի իմաստով, պատահական չգտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու ՀՄԸՄի 100ամեակներու նոյնացումը: Կատարուած իրագործումներէն ետք եղբայրը անհրաժեշտ գտաւ սկզբունքային մօտեցումներով նայիլ դէպի յաղթական ապագան, ՀՄԸՄը ազգային արմատներու կառչած միութիւն պահելով, աւանդական մեր բարքերը չմոռնալով եւ մանաւանդ վառ պահելով ազգային մեր տեսլականները:
Օրուան բանախօսին ելոյթէն ետք, Շրջանային վարչութիւնը «Ծառայութեան» շքանշանով մեծարեց խումբ մը ՀՄԸՄականներ, որոնք իրենց գործունէութեամբ, նուիրումով եւ ՀՄԸՄականի հաւատքով, մեծապէս նպաստած են շրջանի ՀՄԸՄի վերելքին: Շրջանի բարձրագոյն այդ շքանշանին արժանացան ՀՄԸՄականներ՝ Մարօ Քէշիշեան, Վաչիկ Սարգիսեան, Արա Քերքեզեան, Սարգիս Թաթիկեան, Արմիկ Աբրահամեան, Պաղտիկ Օհանեան, Ստեփան Պաղպուտարեան, Արթ Խաչատուրեան, Թովմաս Թոքմաճեան, Սարօ Ղազարեան, Ճէք Գասամանեան, Անահիտ Գասպարեան եւ Ալին Աղբաբեան:
Հանդիսութեան ընթացքին, նաեւ մէկ առ մէկ ոգեկոչուեցան անցնող տարուան ընթացքին Արեւմտեան շրջանէն՝ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականները, յարգանքի եւ յուզումի մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահին մէջ: Անոնք էին՝ Ճորճ Ժամկոչեան, Վարդգէս Մեսրոպեան, Աւետիս Ժամկոչեան, Ռոպերթ Սարգիս, Ժորժ Ահարոնեան, Սերժիկ Իսաղուլեան եւ Գէորգ Խամիսեան:
Ձեռնարկի վերջին բաժնով, ազգային հայրենասիրական փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցաւ Քրիստափոր Արապեան, ընկերակցութեամբ Կրէկ Հօշարեանի նուագախումբին, իսկ հանդիսութիւնը փակուեցաւ Վարանդ Աւանէսեանի կողմէ 100ամեակի քայլերգի կատարումով (խօսք՝ Ներսեհ Լիպարեանի, երաժշտութիւն՝ Վահրամ Էմմիյեանի):
Հրապարակային գեղեցիկ այս ձեռնարկէն ետք, Օրուան պաշտօնական հիւրերը, մեծարեալ քոյր եղբայրներն ու Շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, Շրջանային վարչութեան կողմէ, ՀՄԸՄի Անտոնեան սրահին մէջ կազմակերպուած մտերմիկ ընթրիք-խրախճանքի մը հրաւիրուեցան, որ հովանաւորուած էր ՀՄԸՄականներ տէր եւ տիկ. Րաֆֆի եւ Սիւզի Օհանեաններու կողմէ:
Այսպիսով, եզրափակուեցան ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած միամեայ ձեռնարկները, որոնք իրենց յաջող կազմակերպումով, մեծ աղմուկ բարձրացուցին շրջանէն ներս, անգամ մը եւս վկայելով, որ ՀՄԸՄը երիտասարդ կազմակերպութիւն է եւ ծնունդ առած է իր ժողովուրդի յաջորդական սերունդները ազգային նկարագիրով դաստիարակելու սրբազան գործին համար:
Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ
Թիթիզեան եւ ընտանիք
Կը շնորհաւորեն ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Մարտիրոսեան Ընտանիք
Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորէ Իր Հարազատներուն
Եւ Բարեկամներուն Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Յանուն`
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Կը շնորհաւորենք Հայազգի մեր բոլոր զաւակները
մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Սուրբ Տօնին առթիւ
Կ՛աղօթենք, որ 2019 տարուան ընթացքին, Բարձրեալն Աստուած իր
առատ օրհնութիւններով լեցնէ մեր սիրտերը
ու ազգապատկան մեր բոլոր կառոյցները։
Տէր Յիսուս Քրոստոսի
Ծննդեան Պաշտամունք
Պատգամաբեր՝
Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան
Կիրակի, Յունուար 6, 2019, երեկոյեան ժամը 6:30ին
Քրիստոնէական Առաքելութիւն Հայոց Եկեղեցի
125 S. Louise St., Glendale, CA 91205
Սաութ Պէյ
ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Արաքս» Մասնաճիւղ
Այս Նոր Տարուան Սեմին
Որոշենք Վառ Պահել Հայութեան Պայքարի Ջահը