Պարսկաստանէն հետզհետէ Պըրպենք քաղաքը հաստատուած Թեհրանի «Սիփան» միութեան շարք մը անդամներ, նոյն քաղաքի մեծաթիւ հայ երիտասարդութիւնը առողջ միջավայրի մը մէջ համախմբելու համոզումով՝ գեղեցիկ գաղափարը յղացան Պըրպենքի մէջ հիմնելու ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը, որուն մեծապէս քաջալեր հանդիսացաւ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէն:
Մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը գումարուեցաւ 1995ի Յուլիսին, Մակնոլիա պողոտային վրայ գտնուող փոքրիկ Հայ կեդրոնէն ներս, Շրջանային վարչութեան գիտակցութեամբ եւ 80 հայորդիներու մասնակցութեամբ: Նոյն ժողովի ընթացքին, հետեւեալ քոյր-եղբայրները ընտրուեցան նորաստեղծ մասնաճիւղի հիմնադիր վարչութեան անդամներ.
– Նորիկ Աբուլեան՝ ատենապետ
– Անահիտ Խաչիկեան
– Ժերմէն Մեհրաբի
– Սարօ Ղազարեան
– Ալֆրէդ Բանդարեան
Նոյն ժողովին, իրենց պատկանած նախկին միութեան անունը անմահացնելու միտումով, մասնակիցները՝ միաձայնութեամբ, նոր մասնաճիւղը որոշեցին կոչել ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղ: Երկար տարիներ, սոյն մասնաճիւղին ժողովները գումարուեցան Պըրպենքի փոքրիկ Հայ կեդրոնէն ներս, որ սակայն երիտասարդութիւնը միատեղելու իմաստով բաւական նեղ վայր էր: Մասնաճիւղի մարզական փորձերը կը կատարուէին վարձուած մարզադաշտերու վրայ, իսկ սկաուտական աշխատանքները՝ Ամերիկեան Սկաուտութեան Վըրտուկօ Հիլզի խորհուրդի կեդրոնին սրահը: Այսուհանդերձ, մասնաճիւղի թուային պատկերը քաջալերական եղած է:
Մասնաճիւղի աշխատանքները առաւել թափ առած են, երբ շրջանի ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին ջանքերով եւ ազգանուէր հայորդի Թիմիկ Մարտիրոսեանի իշխանական նուիրատուութեամբ՝ Պըրպենքի շրջանը ունեցաւ իր «Պէշիր Մարտիրոսեան» Հայ կեդրոնը, որ մեծապէս նպաստեց մասնաճիւղի երիտասարդ անդամներու թիւի աճին: Մարզական փորձերն ու սկաուտական աշխատանքները սկսան մեծ խանդավառութեամբ իրագործուելու նոր կեդրոնէն ներս, որ նաեւ պարբերաբար կը տրամադրուէր Շրջանային Մարզական խորհուրդին կազմակերպած մրցաշարքերուն:
Մասնաճիւղին գործունէութիւնը աշխուժանալով՝ կարելի եղաւ կազմակերպել նաեւ հանրային ձեռնարկներ, որոնցմէ յատկանշական են Գարնանային տօնավաճառը, Մայրերու Օրուան տօնակատարութիւնը, սկաուտական տարեկան հանդէսները, հանգանակային եւ ընկերային ձեռնարկներ եւ այլն: ՀՄԸՄը տեղւոյն համայնքին ծանօթացնելու հեռանկարով, մասնաճիւղի Մարզական յանձնախումբը սկսաւ կազմակերպելու D Leag-ի պասքեթպոլի մրցաշարքեր: Նաեւ, մասնաճիւղը պարբերաբար կը մասնակցի Պըրպենքի քաղաքապետարանին կազմակերպած քաղաքի մաքրութեան արշաւներուն եւ հրշէջներու կողմէ տեղացի տնազուրկներու ճաշի հիւրասիրութիւններուն, իսկ Նոր Տարուան առիթներով, Հայաստանի կարօտեալներուն համար կը կազմակերպէ խաղալիքներ եւ հագուստեղէն նուիրելու արշաւներ: Մասնաճիւղը նոյնիսկ սկաուտական տարազներ տրամադրած է Հայաստանի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի «Չերազ» մասնաճիւղին:
Պըրպենքի մասնաճիւղի վարչութեանց խնդրանքով, հետեւեալ քոյր-եղբայրները Շրջանային վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած են շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն «Ծառայութեան» շքանշանով.
– Նորիկ Աբուլեան՝ 2015ին
– Եոլանտա Ղազարեան՝ 2016ին
– Սարօ Ղազարեան՝ 2018ին
Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, նաեւ, իբրեւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ներ գնահատուած են եղբայրներ Անդրանիկ Երումեան, Սարօ Ղազարեան եւ Ռոբերթ Մեհրաբի:
Մասնաճիւղի սկաուտական բաժանմունքէն Ռոնի Հայրումեան եւ Վաչէ Հաթամեան, յաջողապէս աւարտելով Ամերիկեան Սկաուտութեան բարձրագոյն կարգի տեսական եւ գործնական դասընթացքները՝ արժանացան Eagle Scout-ի կարգին, իսկ մասնաճիւղի խմբապետուհի Դալար Գալստեան՝ Wood Badge-ին: Դալարը, 2018ի ամրան, զանազան երկիրներէ ժամանած խումբ մը արի-արենուշներու հետ Արարատ լեռ մագլցեցաւ եւ անոր գագաթին զետեղեց Հայաստանի Եռագոյնը եւ ՀՄԸՄի դրօշը:
Ամէն տարի, մասնաճիւղը մեծաթիւ անդամներով կը մասնակցի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն, եւ ցարդ ախոյեանութեանց արժանացած է պասքեթպոլի, թենիսի, լողի, թեթեւ աթլեթի եւ ֆութպոլի մարզաձեւերուն մէջ;
Մասնաճիւղը նաեւ մօտէն կը գործակցի շրջանի ՀՄԸՄի այլ մասնաճիւղերու հետ, որոնց հետ կը կազմակերպէ միջմասնաճիւղային բանակումներ եւ մարզախաղեր: Անիկա միշտ ներկայութիւն եղած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն եւ բանակումներուն: Պըրպենքի մասնաճիւղին ֆութպոլի խումբը գրաւած է այս մարզաճիւղին երկրորդ մրցանակը, իսկ մասնաճիւղի մարզիկներէն՝ Շարիս Ղազարեանը արժանացած է «Տիպար Մարզիկ»ի տիտղոսին:
Դաստիարակչական գետնի վրայ, մասնաճիւղը միշտ մասնակցած է Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական սեմինարներուն եւ դասախօսական ձեռնարկներուն: Ներքին կարգով, Պըրպենքի մասնաճիւղը եւս կազմակերպած է նման ձեռնարկներ եւ զրոյց-հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ՝ նորագիրներու համար ՀՄԸՄի ծանօթացման հանդիպում-դասախօսութիւններ:
Մասնաճիւղի ներկայ վարչութեան կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէն.
– Ժան Քլոդ Վարդանեան՝ ատենապետ
– Զեփիւռ Մարգարեան
– Առուշ Շահբազեան
– Ժերմէն Մեհրաբի
– Էրիկ Բիդխանեան
– Արազ Քէշիշեան
– Վարանդ Աւանէսեան
Ներկայիս, մասնաճիւղը ունի 395 անդամ, որոնց 86ը՝ սկաուտներ, 280ը՝ մարզիկներ, 72ը՝ երէցներ, իսկ 20ը՝ ընկերային յանձնախումբի անդամներ են: