ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի կառավարութիւնը 2019ին ռազմական ոլորտին պիտի յատկացնէ 3.038 միլիառ մանաթ (մօտաւորապէս 1.782 միլիառ տոլար), կը հաղորդէ «Day.az» լրատուական կայքը, աւելցնելով, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն իսկ ստորագրած է խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած ամավարկը։
Ամավարկին մէջ 2.286 միլիառ մանաթ նախատեսուած է կրթութեան ծախսերուն, 1.042 միլիառ մանաթ՝ առողջապահութեան, 2.620 միլիառ մանաթ՝ ընկերային ապահովութեան, եւ այլն: