Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեան 27 Դեկտեմբերին հանդիպեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններուն՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր: