ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան իր նախաձեռնութեամբ հրաժարեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն:
ԵՊՀի Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմը, որ հաստատուած է 2015ին, տակաւին չէ փոխուած: Ըստ ԵՊՀի պաշտօնական կայքին՝ խորհուրդի անդամներն են՝ Սերժ Սարգսեան, պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեան, Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախկին նախագահ Արմէն Աշոտեան եւ ուրիշներ:
ԵՊՀի Հոգաբարձուներու խորհուրդի վերջին նիստը տեղի ունեցած էր 25 Դեկտեմբեր 2017ին: Նկատի ունենալով, որ վերջին շրջանին նիստ չէ գումարուած, Սերժ Սարգսեան, ամենայն հաւանականութեամբ, խորհուրդի նախագահի պաշտօնէն հեռանալու մասին միայն բանաւոր յայտնած է ԵՊՀի տնօրէն Արամ Սիմոնեանին: