
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի ոստիկանութեան հայկական խորհրդատու մարմինին կազմակերպած տարեկան 23րդ խաղալիքներու հաւաքին արգասիքը առ որ անկ է յանձնելու արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, Փասատինայի ոստիկանութեան սրահին մէջ։
Փասատինայի ոստիկանութեան հայկական խորհրդատու մարմինը ծնունդ առած է Փասատինայի նախկին ոստիկնապետ Պերնարտ Մելեքեանի առաջարկով եւ անոր մաս կը կազմեն քաղաքին մէջ գործող հայկական եկեղեցիներու, կուսակցական մարմիններու, դպրոցներու եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ: Այս մարմինին նպատակն է՝ կամուրջ մը հաստատել Փասատինայի հայութեան եւ ոստիկանութեան միջեւ, որպէսզի գաղութը մտահոգող հարցերը յանձնուին ոստիկանութեան նկատողութեան եւ՝ փոխադարձաբար: Ամէն տարուան Դեկտեմբերին, այս մարմինը նաեւ կը կազմակերպէ խաղալիքներու հաւաք մը (toy drive)՝ ի նպաստ շրջանի չքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն:
Նուէրներու յանձնումի արարողութեան հանդիսավարն էր Յովան Սարգիսեան, որ նախ հրաւիրեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանը՝ կատարելու ձեռնարկին բացման աղօթքը, որմէ ետք Փասատինայի հանրային երկրորդական վարժարանի երգչախումբը կատարեց Կաղանդի շարք մը երգեր։
Այնուհետեւ, Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեան խօսեցաւ նուիրելու կարեւորութեան մասին, յատկապէս տօնական օրերուն, որմէ ետք հայերէն եւ անգլերէն երգեր ներկայացուցին Փասատինայի Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի եւ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի սաները, իսկ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. ՅովսԷփեան միջնակարգ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին քանի մը բանաստեղծական գործեր։
Փասատինայի ոստիկանութեան հայկական խորհրդատու մարմինին առաքելութեան մասին արտայայտուեցաւ անոր ատենապետը՝ Տիգրան Դաւիթեան, նոյն ժամական շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրահաւաքին մասնակցած կազմակերպութիւններուն։
Խօսք առին նաեւ Փասատինայի ժամանակաւոր ոստիկանապետ Ճան Փերեզ եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրահաւաքին մասնակցողներուն, որմէ ետք փակման աղօթքը եւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Փալթայեան։
Նշենք, որ հաւաքուած նուէրները կը բաշխուին օտար բարեսիրական կազմակերպութեանց, որոնք, իրենց կարգին, զանոնք կը յանձնեն չքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն:
(Քաղուած՝ Գէորգ Քէօշկէրեանի թղթակցութենէն)
