ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի 27 Դեկտեմբեր 2018ին տեղի ունեցած նիստին ընթացքին քննարկուեցան ելեկտրականութեան համակարգի ընկերութիւններու սակագիներու վերանայման հարցերը:
Քննարկելով վերոնշեալ հարցերը՝ Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը սահմանեց ելեկտրականութեան համակարգի ընկերութիւններու կողմէ ելեկտրական ուժի արտադրութեան եւ ծառայութիւններու մատուցման վերանայուած սակագիները:
Սակագիներու վերանայման ընթացքին նկատուած է, որ դրական արդիւնքներու շնորհիւ կարելի դարձած է սպառողներու համար ելեկտրականութեան սակագիները նուազեցնել 0.37 դրամով կամ սոցիալապէս անապահով ընտանիք համարուող սպառողներու համար՝ 10.01 դրամով:
Նշեալ հարցը, նախապէս քն-նարկելով Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան հետ, հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը որոշեց համակարգին մէջ ձեւաւորուած ընդհանուր դրական արդիւնքը ուղղել միայն անապահով ընտանիքներու սակագիներու նուազման՝ 10.01 դրամով:
Այս որոշումը ի զօրու պիտի դառնայ 1 Փետրուարին: