ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հինգշաբթի, 27 Դեկտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան յայտնեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման վերաբերեալ ունի մտահոգութիւններ, որովհետեւ յստակ չէ, թէ այն գործառոյթները, որոնք կ՛իրականացուէին այդ նախարարութեան կողմէ, ո՛ր գերատեսչութիւնը պիտի ստանձնէ:
«Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման վերաբերեալ մեր մտահոգութիւնները յայտնել ենք մեր քաղաքական թիմին», ըսաւ Մխիթարեան, բացատրելով, որ Դիլիջանի մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ նախարարութիւն պիտի չըլլայ, սակայն առաջարկուող նախագիծով կը խօսուի լուծարման մասին:
«Աշխատակիցները հանդէս էին գալիս դժգոհութիւններով, ես եւս կիսում եմ այդ կարծիքը: Մեզ համար կարեւոր է հասկանալ, թէ որ ինստիտուտն (հիմնարկ-Խմբ.) է իրականացնելու Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքները», ըսաւ Մխիթարեան՝ աւելցնելով, որ փաստաթուղթին մէջ պէտք է ըլլան փոփոխութիւններ, որոնք հիմնուած պէտք է ըլլան թէ՛ իրենց գերատեսչութեան, թէ՛ այլ նախարարութիւններու առաջարկներուն եւ մտահոգութիւններուն վրայ:
«Ամենայն հաւանականութեամբ Սփիւռքի նախարարութիւնն էլ կը միանայ այլ գերատեսչութեան», ըսաւ Մխիթարեան, նշելով, որ թէեւ քննարկումներ կան այդ մասին, բայց չի կրնար այս պահուն ըսել, թէ որ գերատեսչութիւններուն մասին է խօսքը: